Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Հայ Դատ = Արցախահայութեան Դատ

Փետրուար 27, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ստեփանակերտի մէջ Հայ դատի համահայկական համակարգի ներկայացուցիչներու խորհրդաժողովի կայացման համար ընտրուած վայրը արդէն ուղենշային իմաստ կը ներկայացնէ: Արցախահայութեան դատը վաղուց արդէն Հայ դատի գերակայ ուղղութիւններուն կարեւորագոյն հորիզոնականը կը գրաւէ:

Արցախահայութեան դատը` ինքնորոշման իրաւունքի միջազգային իրացման հիմք ունի իբրեւ իրաւաքաղաքական հրամայական: Այդ ինքնորոշման փաստը միջազգայնօրէն հանրայնացնելու, իրազեկելու, ճանաչելի դարձնելու տենդագին աշխատանքին լծուած են Հայ դատի զինուորագրեալները:

Այստեղ եւս դատի մը ճանաչումին խնդիրն է, որ առաջնային նշանակութիւն ունեցած է համահայկական ցանցային կառոյցին համար: Հակամարտութեան էութիւնը բացատրելու, պատմական հանգամանքները առարկայական փաստերով ներկայացնելու, միջազգային իրաւունքի բոլոր իրաւաչափութիւններու դիտանկիւններէն խնդիրը արծարծելու եւ տարբեր պետական երկիրներու, պետական հաստատութիւններու մօտ հետեւողական ընդհանուր ռազմավարական բնոյթի աշխատանքներ իրականացնելու օրակարգ ճշդուած է ՀՅԴ Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդին կողմէ եւ տարածուած շրջանային գրասենեակներու ու տարբեր երկիրներու մէջ գործող Հայ դատի կառոյցներուն:

Հակամարտութեան մէջ կողմերը կը գնահատեն իրենց թերութիւններն ու առաւելութիւնները: Կը գնահատեն նաեւ հակառակորդի բաժինները այս իմաստով: Ազրպէյճան ունի նիւթական հսկայական միջոցներ լոպիական աշխատանքներ իրականացնելու, փեթրոտոլարի գործօնէն մինչեւ խաւիարային դիւանագիտութիւն անիկա  ճիգ չի խնայեր ազրպէյճանանպաստ ենթահող ձեւաւորելու: Ունի կրօնական գործօնի շահարկման հնարաւորութիւններ եւ համապատասխան միջավայր` իսլամական երկիրներու վեհաժողովները: Եւ ունի անշուշտ Անգարայի նման աւագ գործընկեր, որ, իբրեւ տարածաշրջանային ուժ, կը սպասարկէ Պաքուի շահերուն: Հիմնական այս կէտերը կը դիտարկուին զուտ դիւանագիտական-քաղաքական հարթութեան վրայ: Բնականաբար զինուորական ոլորտին մէջ առաւելութիւններն ու թերութիւնները կ՛ենթարկուին ռազմագիտական համապատասխան փորձաքննութիւններու:

Ռազմական առումով միայն ըսենք, որ, հակառակ առարկայական փաստերու եւ թիւերու անհամեմատութեան, ինչպէս նաեւ թրքական անվերապահ նեցուկին, ազրպէյճանական զինեալ ուժերը փաստօրէն զիջած են հայկական մարտունակ բանակին: Արդիւնքը` Արցախի ազատագրումն է եւ այսօրուան փաստացի սահմանները:

Այս հաստատումը մտածել կու տայ, որ, հակառակ վերը նշուած քաղաքական որոշակի առաւելութիւններուն, կայ հիմնական վճռորոշ գործօն, որ հայկական կողմը ունի իբրեւ կարեւորագոյն առաւելութիւն: Պաքուն արտերկրի մէջ չունի իր շահերուն սպասարկող սեփական քաղաքական բանակ:

Քաղաքական բանակը, Արցախի սահմաններէն դուրս, Հայ դատի զինուորներն ու սպայակոյտն է, որոնք, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչին իսկ հաստատումով, կանգնած են Արցախի սահմանները պահող զինուորներուն թիկունքին:

Արցախի զինեալ ուժերուն առընթեր այսօր խրամատի մէջ են Արցախի քաղաքական ուժերը` Արցախի դատի պաշտպանական համակարգի տեսքով:

Այս առաւելութիւնն է, որ միջազգային ատեաններու մօտ ոչ միայն հակազդեցութեան, այլ նաեւ նախաձեռնողականութեան կարգով իբրեւ ցեղային զտումի եւ ցեղասպանութեան շարունակուող արարք կը ներկայացնէ Սումկայիթեան եղեռնագործութիւնը, կը բացայայտէ Խոջալուի ազրպէյճանական ոչնչացման հանգամանքները, պուտափէշտեան կացինահարման աքթի մղիչ պայմանները լոյսին կը բերէ, ապրիլեան պատերազմի ընթացքին գործադրուած պատերազմական ոճիրներու ամէնէն ցայտուն օրինակներու թղթածրարները կը տրամադրէ համապատասխան ատեաններուն: Տակաւի՛ն. տարբեր նահանգներու եւ քաղաքային խորհուրդներու մօտ կ՛ապահովէ Արցախի հանրապետութեան ճանաչումը` ուղի հարթելով միջազգային ճանաչման կարեւորագոյն փուլերու: Կը կազմակերպէ  պաշտօնական Ստեփանակերտը ներկայացնող պետական այրերու այցելութիւնները տարբեր երկիրներ եւ  անոնց փոխայցելութիւնները Արցախ:

Այս բոլոր դիւանագիտական-քաղաքական գործողութիւնները հիմնովին կը սատարեն արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքի միջազգային իրացման առաջադրանքին: Արցախահայութեան դատը մեր աւանդական դատին կարեւորագոյն բաղադրիչներն է, եթէ Հայ դատ հասկացողութեամբ կ՛ընկալենք տարածքային հատուցումներու համապարփակուածութիւնը: Իսկ այս իմաստով Արեւմտահայաստանի առընթեր  կայ նաեւ հիւսիսային Արցախի ազատագրման օրակարգը:

Դատը իրաւունքի վերականգնման համար է: Հայ դատը հայութեան բոլոր իրաւունքներու վերականգնումը կ՛առաջադրէ: Այժմ հրատապ օրակարգը Արցախի ինքնորոշուած ըլլալու իրաւունքի միջազգային ճանաչումն է, հիւսիսային Արցախի ազատագրումն ու վերակցումը Արցախի Հանրապետութեան:

Ստեփանակերտի մէջ կայացած Հայ դատի համակարգի ներկայացուցիչներու խորհրդաժողովը այս ընդգծումները կը կատարէ:

Նախորդը

Դաշնակցութեան 130-ամեակի Պաշտօնական Հանդիսութիւն Արցախի Մէջ

Յաջորդը

«Դրամատուներուն Մէջ Գտնուող Լիբանանցիներուն Գումարները Սրբութիւններուն Սրբութիւնը Կը Նկատուին» Շեշտեց Պըրրի

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?