Շաբաթ, 1 փետրուարին, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ իր աւարտին հասաւ Տուպայի պասքեթպոլի միջազգային մրցաշարքը, որ տեղի կ՛ունենար 31-րդ անգամ ըլլալով:
Մայթի Սփորթց խումբը (Ֆիլիփեան կղզիներ) իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով տիրացաւ տիտղոսին` աւարտականին յաղթանակ մը արձանագրելով նախորդ տարուան տիտղոսակիր Ռիատի Պէյրութի դէմ` 92-81 արդիւնքով:
Երրորդ դիրքի մրցումին, մարոքեան Սալա խումբը յաղթանակ մը արձանագրեց Լիբանանի մէկ այլ ներկայացուցիչին` Հուփսի դէմ:
Մայթի Սփորթց – Ռիատի մրցումին Ա. կիսախաղի դադարին Ֆետի Խաթիպ, որ գործակցութեան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու պասքեթպոլի ֆետերասիոնին հետ, տիրացաւ մրցաշարքի լաւագոյն ռմբարկուի տիտղոսին, մինչ Ռիատիէն Ուաէլ Արաքժի` լաւագոյն փլէյմէյքըրի տիտղոսին: