Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը նախորդ շաբաթավերջին յայտնեց, որ վաղը` երեքշաբթի, 4 փետրուարին, երեկոյեան ժամը 18:00-ին, «Հանդիպում» կեդրոնին էջ (Ռապուէյի շրջան, յոյն կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատրիարքութեան մօտ), տեղի պիտի ունենայ յատուկ հանդիպում-ժողով մը` Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի եւ Ա. դասակարգի ակումբներուն նախագահներուն, մարզիչներուն եւ խմբապետներուն միջեւ:
Պիտի քննարկուին Լիբանանի պասքեթպոլի մարզը յուզող հարցեր, որոնց կարգին` 2019-2020 տարեշրջանը շարունակելու հարցը:


