Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (28 Դեկտեմբեր 1969)

Դեկտեմբեր 28, 2019
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մեր Առօրեայէն

 Պայքարը Կեանքի
Սղութեան Դէմ

Առանց ներքին եւ արտաքին մեծ պատճառներու` Մերձաւոր Արեւելքի այս մէկ քանի երկիրներուն մէջ կեանքը կը սղի, ապրելու պայմանները անտանելի կը դառնան, եւ ամէնօրեայ վերելքը անորոշութեան կը մատնէ բազմահազար ընտանիքներ, որոնք ոչ մէկ միջոց ունին` հասնելու այն վազքին, որ կեանքի սղութիւն կը կոչուի:

Սուղ կեանքի մրցանիշը թերեւս Լիբանանն է, որ կը շահի: Այս փոքրիկ երկիրը, որ չի կրնար պարծենալ իր հարստութեամբ, դարձած է չարաշահութեան կեդրոնավայր մը: Լիբանանի բնակիչները եթէ բաժնենք այլեւայլ դասերու եւ դասակարգերու ու քննութեան առնենք, թէ որոնց շահուն համար ամէն ինչ կը սղի, պիտի տեսնենք, թէ շատ չնչին թիւով մարդիկ կան, որոնք իրենց անմիջական շահերուն համար կը նպաստեն այս անգիտակից եւ խելագար վազքին: Ունեւոր դասակարգը, միջին վաճառականը այս փոփոխութիւններուն դրդիչը չէ: Այս բոլոր տարրերէն զատ` օրէնքէն եւ իշխանութիւններէն խուսափող լպրծուն տարր մը կայ, որ կ՛օգտագործէ քաղաքական պայմանները, կը ծնի անոնց հետ եւ կը ստեղծէ այնպիսի կացութիւն մը, որուն մէջ ակամայ կը դառնան բոլորը, կը շահին ոմանք, կը տառապին բազմահազար անհատներ եւ, սակայն, մեծապէս կը տուժէ այն երկիրը, որ ենթարկուած է տնտեսական այդ ջրապտոյտին:

Աղքատ դասակարգը, աշխատաւորներն ու պաշտօնեաներու մեծ մասը արդէն իրենց առօրեայ կեանքով տնտեսական տագնապի չարիքները կը վայելեն: Կարիք չկայ մանրամասն պատկերը տալու անկարելի կեանքի մը, ուր անպատուութիւնը, հիւանդութիւնը եւ զրկանքները ամէն մարդու եւ ընտանիքի ծանօթ են:

Տնտեսագիտութիւնը կ՛ըսէ, որ այսպիսի տարապայման ճգնաժամերը իրենց շուրջն ու բոլորը լափելէ ետք, ափ կ՛առնեն ունեւորին դուռը: Այս գնացքով ունեւորներու բազմութիւնն իսկ պիտի չկրնայ դիմանալ ներկայ սղութեան, որովհետեւ սղութեան կոյր ալիքը ամէն կողմէ պիտի անցնի եւ ինչ որ կուտակուած գտնէ, պիտի հալեցնէ եւ կանգ պիտի առնէ այն ատեն միայն, երբ սնանկանայ հրապարակը:

Սղութեան հիւանդութիւնը այս յատկանիշներն ունի եւ ընդհանուր է ամէն երկրի համար: Վաղը միջին հարուստը պիտի չհասնի սղութեան: Սղութիւնը եթէ մեր առօրեայ կեանքին մէջ անմիջապէս կը ճզմէ չունեցողը, իր ներքին ծալքերուն մէջ հարստութեան դէմ սրուած դանակ մըն է: Որովհետեւ սղութիւն` կը նշանակէ դրամի արժեզրկում: Դրամը որքան ալ անուանականօրէն մնայ իր բարձրութեան վրայ, անոր հիմերը խախուտ են: Այդ դրամը սղութեան բարձրութենէն վար գլտորելու տեւական վտանգին ենթակայ է եւ կրնայ իրեն հետ տանիլ երկրին ունեւորներուն մեծամասնութիւնը:

Սղութեան վտանգը այս սահմաններէն ալ կ՛անցնի եւ կ՛ազդէ կառավարութեան: Ամէնէն աւելի մտահոգուողը կառավարութիւնը պիտի ըլլայ: Իշխանութիւնը միայն կրնայ սանձ մը դնել անիշխան ու անգիտակից տարրերուն: Այլապէս, երկրին տնտեսական քայքայումը կրնայ իրեն հետ խորտակել նաեւ իշխանութիւնը:

Կառավարութիւնը այս գիտակցութեամբ արդէն ձեռնարկած է դիմելու խիստ միջոցներու` տեղ մը կեցնելու անմիտ շահագործումները: Ունեւոր եւ գործատէր դասակարգը գիտակցօրէն պարտաւոր է օժանդակել զսպումի միջոցներուն, որպէսզի այս երկիրը բնականոն եւ հաստատուն տնտեսական կեանք մը ունենայ: Հաստատուն տնտեսական կացութեան մը մէջն է, որ հաւաքուած ու շահուած հարստութիւն մը կարելի է պահել եւ օգտագործել լաւագոյն կերպով:

Այս կանոնաւոր կեանքին պէտք է ձգտին բոլորն ալ: Այդ պայմաններուն մէջն է, որ շահադէտը կը ստիպուի քաշուիլ իր պատեանին մէջ եւ հրաժարիլ ապօրինի միջոցներէն:

ՄԵԹՐ ԶՕՀՐԱՊ ԱՅՎԱԶԵԱՆ

23/12/1969

Նօթեր Ու Նետեր

 Զրոյց` Ուրիշ Սափրիչի Մը Հետ

Փարիզի հայաշատ թաղամասերէն մէկուն մէջ կայ հայ սափրիչ մը, որ բարեկամ մըն է: Երբեմն կ՛երթամ իրեն ալ` մազ կտրել տալու համար: Ֆրանսացի բոլոր սափրիչներուն պէս, մեր հայրենակիցն ալ, մազ կտրելէ ետքը, սովորութիւն ունի յաճախորդին հարցնելու.

– Ի՞նչ կը փափաքիք` իբրեւ անուշահոտութիւն…

Ֆրիքսիոնը` անուշահոտութեամբ գլուխ մը օծելը, յոյժ շահաբեր է սափրիչին համար, իսկ յաճախորդին համար այդ անուշ հոտ չէ, այլ դառն կոթ է:

Հարցումը չ՛ըլլար սա ձեւով.

– Անուշահոտութիւն կ՛ուզէ՞ք…

Յաճախորդներէն շատերը կը խուսափին անուշահոտութենէ` պարզապէս սղութեան համար: Կը ստիպուին սուտ մը գլտորել` ծածկելու համար իրենց խնայասիրական հաշիւը: Այդ սուտերը սրամտութիւն կը պատճառեն սափրիչին:

Երբ օր մը, մազերս կտրած ատեն, այդ սուտերուն խօսքը ըրաւ, հարցուցի.

– Յաճախորդներուդ խօսած սուտերէն կրնա՞ս քանի մը հատը ըսել…

Պատասխանեց.

– Մէկը կ՛ըսէ. «Պէտք չկայ գլխուս անուշահոտութիւն դնելու, որովհետեւ քիչ ետքը բաղնիք պիտի առնեմ ու գլուխս ալ պիտի լուամ»: Ուրիշ մը կ՛ըսէ. «Կարճ կապէ. ժամադրութիւն մը ունիմ եւ ուշ մնացած եմ»: Երրորդ մը կ՛ըսէ. «Ամէն անգամ որ անուշահոտութիւն դրուած է գլխուս, ունեցած եմ գլխացաւ, որովհետեւ կնոջս հետ կռիւ ունեցած եմ: Ան կը կարծէ, թէ հոմանուհի մը ունիմ եւ ատ պատճառով հոտ կը գործածեմ»: Չորրորդ մը կ՛ըսէ. «Բժիշկս արգիլած է անուշահոտութիւն գործածել»: Հինգերորդ մը կ՛ըսէ. «Անուշահոտութիւնը մազ կը ճերմկցնէ»: Վեցերորդ մը կ՛ըսէ. «Անուշահոտութի՞ւն. ատիկա անբարոյական մարդիկը կը գործածեն»: Եօթներորդ մը կ՛ըսէ. «Ջիղերուս վրայ գէշ կ՛ազդէ անուշահոտութիւնը: Եթէ գինի ունիս, գաւաթ մը գինիով կամ գարեջուրով օծէ գլուխս»: Ութերորդ մը կ՛ըսէ. «Ծօ՛, ինծի կնի՞կ կարծեցիր, որ գլխուս վրայ անուշ հոտ թափես»: Իններորդ մը կ՛ըսէ. «Նորաձեւութենէ ինկած է անուշահոտութիւնը: Ես քայլ առ քայլ կը հետեւիմ նորաձեւութեան: Հիմակ էրիկմարդ մը հոտելու է ուիսքի եւ ծխախոտ»: Տասներորդ մը կ՛ըսէ. «Եթէ անթառամ ծաղիկի անուշահոտութիւն ունիս, կրնաս օծել գլուխս. ես մինակ ատ հոտը կը սիրեմ»: Մէկն ալ անցեալները ըսաւ. «Անուշահոտութիւն չեմ ուզեր: Բայց չկարծես որ դրամին համար է: Եթէ ձրի ընես, դարձեալ չեմ ուզեր: Եթէ դրամ անգամ տաս, նորէն կը մերժեմ: Ես կ՛ուզեմ մարմինիս բնական հոտովը մնալ»: Եւ այսպէս, կարաւանով սուտեր:

– Թերեւս չեն ստեր, թերեւս իրենց առարկութիւնները ճիշդ են…

– Ամէն մէկուն սուտ խօսիլը գիտեմ, ամէն մէկուն ստախօս ըլլալն ալ գիտեմ: Բայց եթէ ամէն մէկը դիմակազերծ ընեմ, չ՛ըլլար. յաճախորդ են. գէշ մարդ ըլլալը գործիս չի գար: Երբեմն, սակայն, համբերութիւնս հատած է, ու իրենց սուտերը բռնած եւ դրած եմ իրենց առջեւ…

– Խօսէ՛ օրինակներով:

– «Բաղնիք պիտի երթամ» ըսողին պատասխանեցի. «Ինչո՞ւ սուտ կը խօսիս, այսօր չորեքշաբթի է, ու բաղնիքները գոց են»: Ստախօսը իր սուտին վրայ նոր յարկ մը աւելցուց` ըսելով. «Ծօ՛, դուն ինծի ո՞վ գիտցար: Ես հասարակաց բաղնիք կ՛երթա՞մ: Ազգականի մը բաղնիքին մէջ կը լուացուիմ»: Մտքէս ըսի. «Լուացուելու շատ պէտք ունիս. բայց է՛ն առաջ ուղեղդ լուալու ես»: «Անուշահոտութիւն եթէ դնես, կնիկս կռիւ կ՛ընէ» առարկողին հարցուցի. «Դուն ե՞րբ կարգուեցար ու կնիկ ունեցար, եւ ես լուր չունիմ»: Մարդը իր սուտին վրայ սուտ մըն ալ դնելով պատասխանեց. «Վեց ամիսէ ի վեր Քաթինկա անուն այրի կին մը առած` նստած եմ: Կնիկս կը սեպուի: Անպատճառ օրէնքով, կրօնո՞վ կարգուելու եմ»: Ես ալ ըսի. «Որքան որ չեմ ճանչնար, հոգ չէ, բարեւ ըրէ Քաթինկայիդ»: Շնորհակալութիւն յայտնեց: «Անուշահոտութիւնը ջիղերուս կը դպչի» փչողին ալ ըսի. «Հապա դուն կը պարծենաս ջղային չըլլալուդ համար…»: Ի՛նչ կ՛ուզես, որ պատասխանէ. «Ջղային չեմ, անուշահոտութիւն չգործածելուս շնորհիւ…»: Մէկն ալ ըսաւ. «Անուշահոտութիւն չեմ ուզեր. բժիշկս արգիլած է»: Պիտի պայթէի, եթէ լռէի, եւ պոռթկացի. «Ատ բժիշկդ իշուն մէկն է: Անուշահոտութիւնը հոգին կը բանայ…»: Եւ ահա թէ ի՛նչ առարկեց. «Բայց ես չեմ ուզեր հոգիս բանալ, կ՛ելլէ կը թռչի…»: Մարդը քսակն էր, որ բանալ չէր ուզեր: Վաթսուննոցին մէկն ալ ըսաւ. «Ես աւանդապաշտ եմ. մեր երկիրը անուշահոտութիւն գործածել կա՞ր… Ես ֆրե՞նկ եմ… Ատկէ զատ` անուշահոտութիւնով մազերս կը ճերմկին…»: Պատասխանեցի. «Բայց մազերդ արդէն ճերմկած են»: Աս խօսքիս վրայ աւելցուց. «Ճերմակ մազին անուշահոտութիւնը պակաս թո՛ղ ըլլայ»: Սուտե՜ր, սուտե՜ր, սուտե՜ր: Աշխարհը սուտ է, կեանքը` ստութիւն, մարդիկը ֆապրիքաներ են սուտի: Ամէն մարդ սուտ կ՛արտածէ, սուտ կը ներածէ: Բայց խաթրդ չմնայ, ամէնէն խոշոր ստախօսները գրողներն են: Անցեալները Չ. Պ. Ջ. անուն գրողը եկած էր հոս. մազը կտրելով` ցաւերս պատմեցի. յուզուեցաւ, ընդվզեցաւ ու խոստացաւ սափրիչներուս դատը պաշտպանող յօդուած մը գրել անմիջապէս: Ես ալ ըսի, որ մազը կտրելուս փոխարժէքը չառնելէ զատ` իր գլուխն ալ պիտի օծեմ անուշահոտութիւնով: Այդպէս ալ ըրի, ամբողջովին ձրի: Երկու ամիս անցաւ, ու դեռ պիտի գրէ: Ստախօս առաւ փախաւը:

Բայց անդրադառնալով, որ բաւական յառաջ գացած է, աւելցուց.

– Անշուշտ գրողներուն մէջ յարգելի բացառութիւններ կան:

Երբ վերջացուց գործը, հարցուց.

– Ի՞նչ տեսակ անուշահոտութիւնով օծեմ գլուխդ…

Պատասխանեցի.

– Անուշահոտութիւն չեմ ուզեր: Պատճառն ալ չեմ ըսեր, քանի որ ստախօսի տեղ պիտի դնես զիս:

– Իմ հետաքրքրութիւնս հրդեհ մըն է, որ կրնայ մոխրացնել զիս: Ոտքդ պագնեմ սա պատճառը ըսէիր…

– Ուրեմն քեզ մոխրանալէ փրկելու համար ըսեմ. չեմ ախորժիր անուշ բաներէ` անուշեղէն, անուշապուր, անուշահոտութիւն: Իմ գլուխս ծեփուած է ծծումբով եւ օծուած է օղիով: Ատկէ զատ` գիտցիր, որ թէեւ անուշահոտութիւնը հոգի կը բանայ, բայց նախ քսակը կը բանայ ու բան մը կը խլէ անկէ: Գիտցիր նաեւ, որ կարգ մը մարդոց հոգին իրենց քսակին մէջն է:

Սափրիչը աղաղակեց.

– Փա՜ռք Աստուծոյ, վերջապէս, ճշմարտախօսի մը հանդիպեցայ:

ՆՇԱՆ ՊԷՇԻԿԹԱՇԼԵԱՆ

 

Նախորդը

Ի՞նչ կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Յուշ Երեկոյ` Նուիրուած Ճեմարանի Երկարամեայ Ուսուցչուհի Անի Կէօքճեանին

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?