Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնի նախագահ Հապիպ Զարիֆէ այցելեց Թաատոտի ակումբը, ուր դիմաւորուեցաւ ակումբի նախագահ Ժորժ Մաժտալանիի եւ այլ անդամներու կողմէ:
Իր այցելութեան ընթացքին, Զարիֆէ հետեւեցաւ կատարուող փորձերուն եւ իր գոհունակութիւնը յայտնեց այս մարզաձեւին նկատմամբ ցուցաբերուած մեծ հետաքրքրութեան համար, միեւնոյն ժամանակ ալ յոյս յայտնելով, որ այս ընթացքը միշտ կը շարունակուի եւ անիկա իր շուրջ կը համախմբէ աւելի մեծ թիւով մարզիկներ: