Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ լրագրողներուն հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսած է, որ «անվայել» վարքագիծ դրսեւորեց Դանիոյ վարչապետ Մեթէ Ֆրետերիքսըն, երբ «անհեթեթութիւն» նկատեց Կրինլանտը գնելու իր ծրագիրը: «Տէյլի Մէյլ» կը հաղորդէ, որ Թրամփ, մասնաւորաբար, իր զայրոյթը յայտնած է Դանիոյ վարչապետին բառերու ընտրութեան առնչութեամբ:
«Ըստ իս` վարչապետին յայտարարութիւնը, թէ ատիկա անհեթեթութիւն ու անհեթեթ գաղափար է, անվայել արտայայտութիւն էր», յայտնած է ան` աւելցնելով, որ ատոր փոխարէն ան կրնար պարզապէս պատասխանել, որ հետաքրքրուած չեն Կրինլանտի վաճառքով:
Աղբիւրը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներ-Դանիա հետագայ յարաբերութիւններու մասին հարցումին ի պատասխան Թրամփ կրկին յիշած եւ արտաբերած է Ֆրետերիքսընի բառերը եւ անպատասխան ձգած լրագրողներուն հարցումը:
Թրամփ այլ երկիրներէ տարածքներու գնման մտադրութիւններու վերաբերեալ լրագրողի մը հարցումին բացասական պատասխան տուած է: Ան աւելցուցած է, որ Կրինլանտի վաճառքի հարցը պէտք չէ այսպիսի իրարանցում յառաջացնէր, որովհետեւ ան առաջին նախագահը չէ, որ այդպիսի առաջարկ ըրած է:
«Վարչապետը սարսափելի բառ ընտրած է` խօսելու համար այն նիւթին մասին, որուն շուրջ արդէն քանի տարիէ ի վեր կը խօսուի: Իմ նախագահութեանս օրով ոչ ոք կրնայ Միացեալ Նահանգներու հետ այդպէս խօսիլ», աւելցուցած է Թրամփ: