Նախորդ շաբաթավերջին իր աւարտին հասաւ Պրումմանա ակումբին կազմակերպած 2019-ի թենիսի տարիքային մրցաշարքը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 251 երկսեռ մարզիկներ:
Երկու շաբաթ տեւած այս մրցաշարքը տեղի ունեցաւ հսկողութեամբ Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնին:
Աւարտականին բոլոր ճակատումներուն ալ ներկայ գտնուեցան մեծ թիւով հանդիսատեսներ:
Մրցաշարքի աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ կազմակերպիչ ակումբին պատասխանատուներուն եւ Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնին անդամներուն: