Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախի Հանրապետութեան Պատուիրակութեան Քաղաքական Հանդիպումները Աւստրալիոյ Խորհրդարանին Մէջ

Օգոստոս 1, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

31 յուլիսին Աւստրալիոյ Դաշնային խորհրդարանին մէջ Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան հանդիպումներ ունեցած է խորհրդարանի Ներկայացուցիչներու տան տնտեսական հարցերով մնայուն յանձնախումբի նախագահ Թիմ Ուիլսընի, ինչպէս նաեւ Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու եւ պաշտպանութեան հարցերով մնայուն յանձնախումբի անդամ Ռեքս Փաթրիքին հետ:

Մասիս Մայիլեան ներկայացուցած է Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն կողմէ իրականացուող արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութիւնը: Այդ ծիրին մէջ նախարարը  ընդգծած է, որ Արցախի միջազգային ճանաչումը պիտի նպաստէ  հանրապետութեան անվտանգութեան ամրապնդման ու շրջանային կայունութեան ապահովման:

Անդրադարձ կատարուած է նաեւ Արցախի միջազգային համագործակցութեան եւ անոր աշխարհագրութեան ընդլայնման ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերուն:

Այս շրջագիծին մէջ արտաքին գործոց նախարարը ընդգծած է Արցախի մէջ  ներդրումներ կատարելու անհրաժեշտութիւնը, որ առանցքային նշանակութիւն ունի երկրի տնտեսութեան զարգացման համար:

Նախարար Մասիս Մայիլեան կարեւոր նկատած է նաեւ Աւստրալիոյ մէջ Արցախի մասին իրազեկուածութեան բարձրացումն ու երկու երկիրներուն  միջեւ տարբեր մակարդակներով համագործակցութեան հաստատումը:

Հանդիպումին մասնակցած են նաեւ Արցախի Հանրապետութեան ազգային ժողովի պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեան, Աւստրալիոյ մէջ Արցախի մնայուն ներկայացուցիչ Քայլար Միքայէլեան եւ Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Հայկ Գայսերեան:

Մայիլեան Հանդիպում Ունեցած Է Աւստրալիոյ Ծերակոյտի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Նախագահին Հետ

Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը հաղորդէ, թէ 30 յուլիսին աշխատանքային այցելութեամբ Աւստրալիա գտնուող Արցախի Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցած է Աւստրալիոյ Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ, Աւստրալիոյ իշխող Ազատական կուսակցութեան անդամ Էրիք Ապետսին հետ:

Նախարար Մասիս Մայիլեան բարձր գնահատած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ ծերակուտական Ապետսին  ջանքերը` կարեւոր նկատելով անոր հետեւողական դիրքորոշումը մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու դատապարտման եւ անոնց կրկնութեան կանխարգիլման տեսանկիւնէն:

Հանդիպումի ընթացքին Մասիս Մայիլեան զրուցակիցին ներկայացուցած է ղարաբաղեան տագնապին պատմութիւնը, ինչպես նաեւ անոր խաղաղ լուծման հոլովոյթին ներկայ փուլը եւ Արցախի իշխանութիւններու դիրքորոշումը` շրջանին մէջ վերջնական եւ տեւական խաղաղութեան հաստատման շուրջ: Նախարար Մասիս Մայիլեան անդրադարձ կատարած է նաեւ Արցախի մէջ անկախ եւ ժողովրդավարական պետականութեան կերտման, ինչպէս նաեւ տարբեր մակարդակներով արտաքին յարաբերութիւններու զարգացման հոլովոյթներուն մէջ արձանագրուած ձեռքբերումներուն ու հեռանկարներուն:

Այս ծիրին մէջ նախարար Մասիս Մայիլեան կարեւոր նկատած է խորհրդարանական դիւանագիտութեան մակարդակով տարբեր երկիրներու հետ հաստատուած յարաբերութիւնները, որոնք առիթ կու տան արտերկրի մէջ բարձրացնելու իրազեկուածութիւնը Արցախի եւ անոր ժողովուրդի օրինական ձգտումներուն եւ երկրին մէջ ընթացող ժողովրդավարական հոլովոյթներուն մասին:

Հանդիպումին մասնակցած են նաեւ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեան, Աւստրալիոյ մէջ  Արցախի մնայուն ներկայացուցիչ Քայլար Միքայէլեան եւ Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Հայկ Գայսերեան:

Նախորդը

Ամերիկեան Կառավարութիւնը Մտադիր Է Դադրեցնել Արցախին Տրամադրուող Ելեւմտական Աջակցութիւնը

Յաջորդը

Մոսկուա Պիտի Չմասնակցի Վենեզուելայի Շուրջ Միջազգային Ժողովին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?