Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ՄԱԿ-ի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ապտալլա Մուալլեմիի Եմէնի պատերազմին վերջ տալու վերաբերեալ յայտարարութիւնը նկատեց դրական նշան մը` ընդգծելով. «Իրանի կողմէ ատոր տրուելիք պատասխանը պիտի ըլլայ դրական»:
«Իրան շարունակ եւ իրերայաջորդ կերպով կոչ ուղղեց շրջանի երկիրներուն միջեւ հարցերը լուծելու երկխօսութեան ճամբով եւ առանց նախապայմաններու», նշեց նախարարութիւնը:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ Թեհրան կ՛ողջունէ իսլամական պետութիւններուն միջեւ մերձեցման որեւէ ջանք, որովհետեւ կը հաւատայ հասարակաց շահերու գոյութեան:
«Այդ շահերը շրջանի պետութիւններէն կը պահանջեն իրենց տարակարծութիւնները դնել մէկդի, ինչ որ լաւ է շրջանի եւ աշխարհի անվտանգութեան ու կայունութեան համար, որովհետեւ արգելք կը հանդիսանայ, որ այլ պետութիւններն ու կարգ մը անօրինական վարչակարգերը շահագործեն այդ տարակարծութիւնները եւ օգտուին այդ վիհէն», նշեց նախարարութիւնը: