«Ույղուրներու Շինճիանկ Շրջանին Մէջ Փոքրամասնութիւնները Երջանիկ Կեանք Կ՛ապրին» Կ՛ըսէ Էրտողան
Չինական պետական «Սինճուա» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան իր չինացի պաշտօնակից Շի Ցզինփինկին յայտնեց, որ Շինճիանկ նահանգին մէջ բնակող ազգային փոքրամասնութիւնները` ույղուրները ուրախ կեանք կ՛ապրին:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու չորս ամիս առաջ թրքացեղ իսլամ ույղուրներուն նկատմամբ չինական իշխանութիւններու վարմունքը նկատած էր «մարդկութեան համար մեծ ամօթ մը»:
«Այն, թէ Չինաստանի բարգաւաճման պատճառով ույղուրներու ինքնավար Շինճիանկ շրջանին մէջ բնակող տարբեր ազգութիւնները ուրախ կեանք կ՛ապրին, հաստատ իրողութիւն է, եւ Թուրքիան ոչ ոքի պիտի արտօնէ Չինաստանի հետ իր յարաբերութիւններուն մէջ սեպ խրել», շեշտեց Թուրքիոյ նախագահը:
Ան պատրաստակամութիւն յայտնեց ամրապնդելու փոխադարձ քաղաքական վստահութիւնն ու ծայրայեղականութեան դիմակայման համար Չինաստանի հետ ապահովական մարզի մէջ գործակցութիւնը:
Էրտողան նաեւ նշեց. «Թուրքիան կը շարունակէ յանձնառու մնալ «մէկ Չինաստան» քաղաքականութեան»: