«24 Թի. Վի.» կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան յայտնած է, որ Դաշնակցութեան յայտարարած քաղաքական խորհրդակցութիւններու ծիրին մէջ Գերագոյն մարմինը հանդիպումներ կ՛ունենայ քաղաքական տարբեր ուժերու հետ:
Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչին համաձայն, Դաշնակցութիւնը որեւէ ուժի հետ բեւեռ ըլլալու կաշկանդուածութիւն չունի:
Ի. Սաղաթէլեան դիտել տուած է, որ իշխանութիւնը այսօր պատասխանատու է երկրին մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն, որովհետեւ իշխանութիւնը` ի դէմս վարչապետ Փաշինեանի, ունի բացարձակ իշխանութիւն, զոր վերջին 30 տարիներուն ոչ ոք ունեցած է, արդարեւ, անոնք ունին օրէնսդիր եւ գործադիր իշխանութիւն եւ բոլոր կարելիութիւնները երկրին դիմաց ցցուած դժուարութիւնները լուծելու համար: Ան շեշտած է, որ իշխանութիւնը պէտք է գիտակցի, որ ինք այլեւս իշխանութիւն է եւ այդպէս պէտք է գործէ:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ կրնա՞յ ըլլալ, որ կրկին համագործակցութեան եզրեր գտնուին օրուան իշխանութեան հետ` Սաղաթէլեան բացառեց նման բան` ընդգծելով, որ յեղափոխութենէն ետք իրենց անկեղծ մղումները չգնահատուեցան իշխանութեան կողմէ, աւելի՛ն` դաշտը բաժնուեցաւ սեւերու եւ սպիտակներու:
Ինչ կը վերաբերի Ռոպերթ Քոչարեանի` լայն ընդդիմադիր բեւեռի հետ համագործակցութեան, Սաղաթէլեան ըսած է, որ ոեւէ մէկուն հետ նման քննարկում չէ եղած, եւ իրենց համար պարզ չէ, թէ ի՛նչ նկատի ունի նախկին նախագահը: