Նախորդ շաբաթավերջին Պիելոռուսիոյ մայրաքաղաք Մինսքի «Տինամօ» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ եւրոպական երկրորդ մարզական խաղերուն պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը, որուն կը մասնակցի նաեւ Հայաստան:
Խաղերը բացուած յայտարարեց Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալքսանտր Լուքաշենքօ:
Անոր մասնակցող երկիրներու տողանցքին ընթացքին Հայաստանի դրօշակակիրը եղաւ կռփամարտիկ Յովհաննէս Բաչքով, ինչպէս նախապէս յայտարարուած էր:
Հայաստան այս խաղերուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ 37 մասնակիցով` հետեւեալ 9 մարզաձեւերուն մէջ:
Ըմբշամարտ (յունահռոմէական եւ ազատ ոճի), կռփամարտ, մարմնամարզութիւն, ժիւտօ, սամպօ, հեծելարշաւ, թիավարութիւն եւ քանոյէ, հրացանաձգութիւն եւ պետմինթըն:
Ինչ կը վերաբերի տեղի ունեցած մրցումներուն, Տիգրան Կիրակոսեան Հայաստանին ապահովեց առաջին մետալը, երբ սամպոյի մրցումներուն (52 քկ) աւարտականին յաղթեց ազրպէյճանցի իր մրցակիցին` Ակհասիֆ Սամատովին (4-0 արդիւնքով) եւ հռչակուեցաւ ախոյեան:
Դաւիթ Գրիգորեան` Փոխախոյեան
Այս խաղերուն Հայաստանի համար առաջին մետալը ապահովեց Դաւիթ Գրիգորեան, որ սամպոյի մրցումներուն հասնելով աւարտականին 82 քկ դասակարգին մէջ պարտութիւն մը կրեց իր ռուս մրցակիցէն` Անտրէյ Փերեփելիուքէն, 7-0 արդիւնքով:
Հայաստանի այլ ներկայացուցիչ մը` Մաքսիմ Մանուկեան, 57 քկ դասակարգին մէջ պրոնզէ մետալին համար իր մղած պայքարին պարտութիւն մը կրեց 9-1 արդիւնքով: