Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «Արցախը Մեկուսացնելու Պաքուի Քաղաքականութեան Սատարումը Չի Նպաստեր Ղարաբաղեան Տագնապի Խաղաղ Լուծման»

Յունիս 15, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կ՛ողջունէ ֆրանսական Վալանս, Պուրկ լէ Վալանս, Պուրկ տը Փէաժ եւ Առնուվիլ քաղաքներու  քաղաքապետերու յայտարարութիւնները` Արցախի ժողովուրդին հետ բարեկամական յարաբերութիւնները շարունակելու մտադրութեան մասին` ի հեճուկս վարչական դատարաններու դատավճիռներուն. նշուած է Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան  մամլոյ քարտուղար Անի Սարգսեանի մեկնաբանութեան մէջ:

«Կը կիսենք այն տեսակէտը, որ Արցախի եւ Ֆրանսայի քաղաքներուն միջեւ համագործակցութիւնը հիմնուած է հաւասարութեան եւ ազատութեան ընդհանուր արժէքներու եւ համոզումներու վրայ, որոնք վեր են ժամանակաւոր քաղաքական եւ տնտեսական շահերէն: Մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք «Ֆրանսա-Արցախ» բարեկամութեան շրջանակին` ֆրանսական կառավարութեան կոչ ուղղելուն համար` անաչառութիւն ցուցաբերելու եւ չենթարկուելու Ազրպէյճանի ճնշումին:

Համոզուած ենք, որ պաշտօնական Պաքուի կողմէ տարուող Արցախը մեկուսացնելու քաղաքականութեան սատարումը ոչ մէկ ձեւով կը նպաստէր ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման: Նմանատիպ գործողութիւնները ո՛չ միայն չեն կրնար ներկայացուիլ իբրեւ չէզոք դիրքորոշում, այլ ընդհակառակն` տագնապի կողմերէն մէկուն ակնյայտ աջակցութիւն կը հանդիսանան:

Ինչպէս բազմիցս յայտարարած ենք` Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը պիտի շարունակէ գործադրել բոլոր ջանքերը` ուղղուած Արցախի վարչատարածքային միաւորները միջազգային հոլովոյթներուն մէջ ներգրաւելու համար պայմաններու ստեղծման: Խորապէս համոզուած ենք, որ միջազգային համագործակցութիւնը մարդու հիմնարար իրաւունքներու եւ ազատութիւններու խթանման արդիւնաւէտ գործիք է, եւ նման կարեւոր առաւելութենէ ու մարդասիրական շփումներու համար կարելիութիւններէ Արցախի քաղաքացիները զրկելու փորձերը  անթոյլատրելի են», նշուած է մեկնաբանութեան մէջ:

Նախորդը

Մանոյեան. «Ասիկա Ֆրանսայի Կողմէ Չէզոքութեան Խախտում Է, Իսկ Հայաստանի Կողմէ Անհասկնալի Կեցուածքի Դրսեւորում»

Յաջորդը

«Պիտի Հակադարձենք, Եթէ Ուաշինկթըն «Էս-400»-ներու Հարցով Մեր Դէմ Ժխտական Քայլեր Որդեգրէ» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?