Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Բոլորիս ծանօթ է, որ ովկիանոսներուն կերպընկալէ նիւթերով ապականումը ահաւոր աղէտ մըն է, որ կը սպառնայ մեր ամբողջ միջավայրին եւ վտանգ մըն է բոյսերուն եւ անասուններուն համար:
Այս ձեւով, քանատացի Ռոպըրթ Պեզօ, փոխանակ պարզապէս խօսելու այս ժխտական հետեւանքներուն մասին, գտած է լուծում մը:
Ռոպըրթ Պեզօ կ՛ապրի Կեդրոնական Ամերիկա, Փանամայի մէջ: Ան սկսած է վերամշակել կերպընկալէ միլիոնաւոր շիշեր` շինելու համար բնակարաններ: Անոր նպատակն է ամբողջ գիւղի մը կեանք տալ վերամշակուած նիւթերով` զայն վերածելու համար բնութիւնը յարգող ապրելու միջավայրի մը:
Երբ Ռոպըրթ կը հաստատուի Փանամա, կը սիրահարի Քարայիպեան ծովու ափին գտնուող Պոքաս Տել Թորօ նահանգին:
Սակայն ան շատ շուտ կ՛անդրադառնայ, որ այս դրախտային վայրը կերպընկալէ աղբերով եւ յատկապէս, շիշերով ծածկուած էր: Ան կ՛որոշէ շարժիլ եւ յատկապէս փաստել, որ մեր մոլորակը ապականող այս աղբերը կրնան օգտագործուիլ աժան գիներով շինանիւթ սհանալու համար:
* * *
Այս ձեւով է, որ Ռոպըրթ կը սկսի «իր» քառայարկ պալատին շինութիւնը: Շինելու համար ան արդէն գործածած է աւելի քան մէկ միլիոն շիշ, որոնց մեծ մասը ան հաւաքած է բնութեան մէջէն: Մնացածը ան բերած է վերամշակումի կեդրոնէ մը: Ապա Ռոպըրթ շարունակած է շինելու նման ուրիշ բնակարաններ: Անոր վերջնական նպատակն է` վերամշակումը գործածել իբրեւ փոխանակումի միջոց: Ան այժմ կը փորձէ հաստատել աղբերու դէմ ուտելիքի կամ դպրոցական պիտոյքներու փոխանակումի ծրագիր մը:
Գիտէի՞ք, թէ կերպընկալէ շիշերով շինուած տուները ունին նաեւ ուրիշ առաւելութիւններ: Տուներուն մէջ ջերմաստիճանը բնականօրէն կը կարգաւորուի, որովհետեւ շիշերը իբրեւ մեկուսիչի դեր կը խաղան: Ասոր կողքին, իւրաքանչիւր բնակավայրի մէջ գոյութիւն ունեցող շիշերու քանակը կարողութիւնը կու տայ կառուցուածքին` ծփալու ողողումներու ընթացքին:
Հետաքրքրական պիտի ըլլայ տեսնել ամբողջացած գիւղը:
Հոլանտայի Մէջ` Քեըքընհոֆի Պարտէզին
7 Միլիոն Գունաւոր Կակաչները
Ամէն տարի, գարնան, մարտի կէսերէն մինչեւ մայիսի կէսերը, աշխարհի ամէնէն մեծ ծաղիկի պարտէզներէն մէկը իր դռները կը բանայ այցելուներուն առջեւ: Հոլանտայի մէջ Քեըքընհոֆի պարտէզը կ՛ընդունի միլիոնաւոր այցելուներ, որոնք կու գան հիանալու հազարումէկ գոյներով այս ծաղիկներով:
Աւելի քան եօթը հեկտար տարածութիւն ունեցող այս պարտէզին մէջ ամէն տարի կը ցանուին մօտաւորապէս եօթը միլիոն սոխեր` ցուցադրելու համար հոլանտական ծաղիկներու ամէնէն գեղեցիկ հաւաքածոն: Գիտէի՞ք, թէ անոնք այնքան յարգի էին 17¬րդ դարու Հոլանտայի մէջ, որ անոնք իբրեւ դրամ կը գործածուէին: Պարտէզին մէջ կը ցուցադրուին կակաչի 800 տեսակներ:
Սկզբնական շրջանին Քեըքընհոֆ, որ կը նշանակէ բանջարանոց, կը գործածուէր մշակելու համար պտուղներ եւ բանջարեղէններ` նշանաւոր ազնուական կնոջ մը խոհանոցին անձնակազմին համար: 1641-ին հոն կը շինուին պալատ մը, եւ անոր շրջակայքը կը փոխուի: 19-րդ դարու կէսերուն ան կը ստանայ անգլիական պարտէզի մը կերպարանքը:
Գարնան ծաղիկներ ներկայացնելը սովորութիւն դարձած է 1949¬էն ի վեր, երբ երկրին ամէնէն մեծ ծաղիկ արտադրող ընկերութիւնները կ՛որոշեն զայն օգտագործել` իրենց ծաղիկները ցուցադրելու համար:
Կ՛ուզէի՞ք Գետնախնձորի Մը
Մէջ Քնանալ
Կը պատահի, որ մեզի առաջարկուի քնանալ տարօրինակ վայրերու մէջ, ինչպէս` ծառերուն վրայ խրճիթի մը, թափանցիկ հսկայական գնդակի մը կամ իկլուի մը մէջ… Սակայն Միացեալ Նահանգներու Այտըհօ նահանգը նոր մրցանիշ մը կ՛արձանագրէ այդ մարզին մէջ:
Հոն կարելի է քնանալ մեծ կեղծ գետնախնձորի մը մէջ կահաւորուած սենեակի մը մէջ: Սակայն ուշադրութի՛ւն, բաղնիքը կը գտնուի դուրսը, անոր մօտ ջրամբարի մը մէջ: Եթէ հետաքրքրուած էք, շուտով ապահովեցէք ձեր տեղը, որովհետեւ ան յաճախ լեցուն կ՛ըլլայ:
Ոտքերուդ Մատները
Զօրաւո՞ր Են
Անգլիոյ հիւսիսը, Ֆենի Պենթլի փոքրիկ գիւղին մէջ 1976¬էն ի վեր տեղի կ՛ունենայ… ոտքի մատներու զօրութեան մրցումը:
Վստահաբար ձեզի ծանօթ է ձեռքի զօրութեան խաղը` բազկամարտը, երբ դէմ դիմաց նստած երկու անձեր, սթար ափ բռնած` պիտի փորձեն հակառակորդին ձեռքը սեղանին դպցնել… Այս պարագային, մրցակիցները, ափերու փոխարէն իրարու կ՛անցընեն իրենց ոտքին մատները եւ կը փորձեն հակառակորդին մատները սեղանին դպցնել:
Անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ այս տարուան ախոյեանութիւնը: Հետեւաբար, եթէ այս մրցումը ձեզ կը հետաքրքրէ, ունիք մէկ տարի` մարզուելու եւ պատրաստուելու…
Գիտէի՞ր, Թէ Լուսինը
Կը Կծկուի
Ժամանակի ընթացքին լուսինը կը պաղի: Իբրեւ հետեւանք` անոր կազմը կը փոքրանայ, եւ ասիկա կը խախտէ անոր մակերեսը:
Այս ձեւով, քանի մը միլիոն տարիներու ընթացքին ան կորսնցուցած է մօտաւորապէս 50 մեթր: Պաղելով` լուսինը կը կծկուի խաղողի հատիկի մը նման, որ ժամանակի ընթացքին կը չորնայ, կը կնճռոտի եւ չամիչի կը վերածուի: Այս բացայայտումը անոնց կարելիութիւնը տուաւ նաեւ հասկնալու, թէ ինչո՛ւ լուսինին վրայ երկրաշարժներ տեղի կ՛ունենան: Հոն հաստատուած մեքենաները կանոնաւոր կերպով ցնցումներ կ՛արձանագրէին:
Գիտնականները կրցան տեսնել, որ լուսինին կեղեւը շատ դիւրաբեկ է եւ կը ճաթռտի, եւ նոյն ատեն լուսինը կը պաղի: Ճեղքեր կը յայտնուին, եւ անոնք են, որ շարժելով` կը յառաջացնեն լուսինին երկրաշարժերը:
Ժամանց