Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (1 Յունիս 1969)

Յունիս 1, 2019
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Հարիւրամեակներ

Այս տարի ծննդեան հարիւրամեակն է հայ մշակոյթի ծառայութեան նուիրուած քանի մը մեծ հայերու, որոնց գործն ու անունը անմահութեան պսակը կը կրեն: Յիշենք մասնաւորաբար անոնցմէ երեքը, ինքնայատուկ իրենց տաղանդով եւ բացառիկ` իրենց դերով ու դիզած վաստակով: Հարիւր տարի առաջ նոյն թուականին ծնան Կոմիտաս վարդապետ, Լեւոն Շանթ եւ Յովհաննէս Թումանեան: 1869 տարին կարծես բացառիկ կերպով բեղուն եւ բախտաբեր տարի մը եղաւ մեր մշակոյթին համար: Իրարմէ հեռու, համեստ հայ երդիքներու տակ կը ծնէին երեք երեխաներ, որոնք հետագային պիտի դառնային ճակատագրակից` իբրեւ մեծատաղանդ առաքեալները հայ հոգեւոր արժէքներուն եւ աննման ճարտարապետները հայ երգին ու բանաստեղծութեան:

Կոմիտաս վարդապետ, թրքախօս հայ ընտանիքի մը զաւակը` Քէօթահիոյ խորերէն, Էջմիածնի «Գէորգեան» Ճեմարանին մէջ վերագտած հայու հարազատ հոգին, լուսապսակ իր ճակատը կը քողարկէ վեղարի մը ստուերին տակ, եւ իր սրտին դռները լայն կը բանայ հայ երգի գանձերուն առջեւ: Երկրորդ Մեսրոպ մը, որ գիտցաւ հայոց շրթներուն վրայ հնչող աղաւաղուած երգերու քաոսէն դուրս բերել հայ հոգիին հարազատ շեշտը եւ կերտել «հորովել»-ներու հոյակապ հրաշալիքները: Կոմիտաս այն բացառիկ դէմքերէն է, որոնք ոչ միայն կը ստեղծագործեն, այլ նոր աշխարհի մը յայտնաբերումը կը կատարեն: Առանց Կոմիտասի հանճարին` հաւանօրէն մենք այսօր չէինք ունենար հայ երգը այն հարազատ ոճով եւ ինքնայատուկ դրոշմով, որ ծանօթ է աշխարհին: Ինքն էր, որ արտակարգ թափանցումով յաջողեցաւ իրարմէ զատել հարազատն ու անհարազատը, հայկականն ու օտարամուտ ազդեցութիւնները եւ մեզի պարգեւել հայ մշակոյթի ամէնէն շքեղ ճիւղերէն մէկը: Ինքն էր դարձեալ, որ գիւղէ գիւղ շրջելով` եղբայրացաւ հայ շինականներու սրտի ձայնին հետ, հաւաքեց անոնց շրթներէն թռող սիրոյ, վշտի եւ ուրախութեան հնչիւնները եւ զանոնք իրարու քով բերելով ներդաշնակ համադրութեան մը մէջ` հոյակերտեց հայ ժողովրդական երգը: Բացաւ այնպիսի խորունկ ակօս մը, որ կը մնայ եւ պիտի մնայ անշեղ ուղեգիծ հայ երգի իսկութեան հասնիլ ուզող բոլոր հետեւորդներուն համար:

Հայ երգին հայադրոշմ խազերը գտնելով` Կոմիտաս անչափելի հարստութեամբ օժտեց մեր հոգիները եւ դարերու հեղեղին առջեւ կանգնեց նոր «ադամանդեայ ապառաժներ»:

Լեւոն Շանթ` դասընկերը եւ ուղեկիցը Կոմիտասի, միասին ընդունուած` «Գէորգեան» Ճեմարանէն ներս, դաստիարակուած եւ մեծցած` գաղափարական նոյն մթնոլորտին մէջ, ապա` բաժնուած իրարմէ ասպարէզներով, բայց պահած իրենց ապրումներու նոյնութիւնը` հայ մշակոյթի պաշտամունքին մէջ:

Լեւոն Շանթ չընտրեց կրօնական ասպարէզը, նետուեցաւ կեանքի պայքարին մէջ` շանթահարող հոգիի մը թափով ու թռիչքով, իւրացուց եւրոպական մշակոյթին հարստութիւնները` այնուհետեւ իր բոլոր ուժերն ու կարողութիւնները տրամադրելու համար հայ ժողովուրդին, իբրեւ կրթական մշակ, իբրեւ բանաստեղծ-գրագէտ եւ իբրեւ ազգային ու պետական գործիչ: Աշխատանքով ու բեղուն վաստակով հարուստ կեանք մը եղաւ իրը մինչեւ խոր ծերութիւն: Հանդիսացաւ մեր մեծագոյն թատերագիրը` հայ բեմը օժտելով գաղափարաշունչ թատրերգութիւններով, որոնք իտէալի, ազնիւ ձգտումներու եւ իմաստասիրական խորհրդածութիւններու նոր հորիզոններ բացին: Եղաւ աշխատանքի հերոս մը եւ կամքի մարմնացում: Յարատեւ վերելքով կատարելագործութեան հասցուց թէ՛ իր անձը եւ թէ՛ իր գրական վաստակը: Աւելի քան տասը մեծադիր հատորներ պարգեւեց մեր գրականութեան եւ հարիւրաւոր աշակերտներ դաստիարակեց մեր վարժարաններուն մէջ` Պոլսէն մինչեւ Կովկաս եւ Ֆրանսայէն մինչեւ Լիբանան: Թատերական, գիտական, մանկավարժական, քաղաքական եւ պատմական իր աշխատասիրութիւնները անկորնչելի մէկ մասն են այսօր հայ մշակոյթի գանձարանին:

Եւ վերջապէս, «Ամենայն հայոց բանաստեղծը»` անմահն Յովհաննէս Թումանեան: Ժպտուն եւ պայծառալոյս դէմք մը, որ անսահման բարութեամբ կը ճառագայթէ հայ գրականութեան եւ կեանքին մէջ` իր բնաւորութեան անմոռանալի քաղցրութեամբ եւ իր քերթուածներուն յաւէտ թարմ կախարդանքով: Հեղինակը` «Անուշ»-ին, «Սասունցի Դաւիթ»-ին, «Թմկաբերդի առում»-ին եւ ուրիշ այնքա՜ն գրաւիչ բանաստեղծութիւններու: Սիրուած գրողը թէ՛ մանուկներուն եւ թէ՛ մեծերուն, որոնց բոլորին կը հասնի իր խօսքը` հայեցի ջերմութեամբ եւ հարազատի մտերմութեամբ: Տեսակ մը` նոր Կոմիտաս, որ գիտցաւ բանաստեղծական հայ խօսքին վարպետը դառնալ եւ մեր առջեւ բանալ հայոց աշխարհին գեղեցկութիւնները, հայկական աւանդութիւններուն եւ առասպելներուն անսպառ հարստութիւնները:

Բանաստեղծներ շատ ունինք, բայց Յովհաննէս Թումանեան անոնց մէջ կը կանգնի իբրեւ ամէնէն հայեցին` իր ոգիով եւ արտայայտութեան բոլոր կերպերով: Կոմիտասեան երգին պէս գրաւիչ են իր տողերը եւ կը կարկաչեն Արագածի լանջերէն իջնող գետակներուն նման:

Եւ ահա, տարօրինակ զուգադիպութեամբ մը, այս տարի ծննդեան հարիւրամեակն է այս երեք մեծ հայրերուն, որոնք կարծես նոյն մեծ ծառին ճիւղերն են եւ զիրար կը լրացնեն: Ճիշդ է, որ անոնց պտուղները տարբեր ձեւ ու համ ունին, սակայն հայ հողին եւ հոգիին նոյն աւիշէն կ՛առնեն իրենց սնունդը:

Այդ յաւերժական աւիշին քաղցրութիւնն է, որ մենք կ՛ըմբոշխնենք Կոմիտասի երգերէն, Լեւոն Շանթի գիրքերէն եւ Յովհաննէս Թումանեանի պոէմներէն:

Հարիւրամեակը առիթ մըն է, որ մեր ժողովուրդը ծագէ ծագ վերստին անդրադառնայ իր ունեցած արժէքներուն եւ վերանորոգէ իր անխախտ հաւատքը` հայ ստեղծագործ հոգիի բազմադարեան կենսունակութեան հանդէպ:

Մ. ԻՇԽԱՆ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Կը Սիրե՞ս Պառկիլ…

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?