ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ
Հիանալի գաղափար մը պիտի յղանաք ձեր կեանքի որոշ յաջողութիւն մը տալու համար: Այս միտքը եւ որոշումը պահեցէք` տօնական առիթով մը զայն արտայայտելու:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր բարեկամները պիտի ընդունիք յատուկ հրաւէրով մը: Անոնք շատ գոհ պիտի մնան ձեր հիւրասէր վերաբերումէն:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Օրինակելի գործունէութիւն մը պիտի ունենաք` գոհացնելով ձեր գործակիցները եւ բարեկամները: Անոնք պիտի օգտուին ձեր փոխանցած գիտելիքներէն:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ճամբորդութիւն մը կատարելու առիթ մը պիտի ունենաք: Ձեր դիմաց ունիք բազմաթիւ վայրեր այցելելու ընտրանք մը, ուրեմն ընտրեցէք ձեր սիրած վայրը:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ապագան ձեզի համար որոշած է լաւ անակնկալներ: Մասնաւորաբար կարելիութիւն մը կայ ձեր ընտանիքին մեծնալուն: Ուրախութեամբ դիմաւորեցէք գալիք նորութիւնները:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ընտանեկան կամ ամուսնական ձեր կեանքը պիտի ըլլայ եռուզեռով յորդուն: Կեանքը վարդագոյն է, բայց ձեր «երանգապնակին» մէջ ուրիշ գոյներ ունիք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Մի՛ սպասէք, որ ուրիշներ ըսեն ձեզի, թէ ի՛նչ պէտք է ընէք: Դուք պէտք է որոշէք ձեր ընելիքը եւ գործի անցնիք եռանդով: Օրը ունի յաջողելու առիթներ:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Մարզական վարժութեան մը համար պիտի ունենաք աշխուժ վերաբերում: Ասիկա բարիք մը պիտի ըլլայ ձեր գործունէութեան աշխուժացման, որմէ շատ պիտի օգտուիք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեր տան մէջ լարուած մթնոլորտ մը յանկարծ պիտի ստեղծէ ծիծաղի զօրաւոր տրամադրութիւն, որ պիտի ուրախացնէ ընտանիքին բոլոր անդամները: Այսպիսով, պիտի վերջանայ ձեր ճգնաժամը:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Տարուան ընթացքին ձեր որոշած ծրագիրը կրկին աչքէ անցուցէք, որպէսզի կարենաք պահել ձեր համաձայնութիւնը աշխատանքի իմաստով:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Գնումներ կատարելու համար եղէք շրջահայեաց, գնեցէք թարմ եւ օգտաշատ պիտոյքներ կամ ուտելիք: Այսուհանդերձ, ուշադիր եղէք ձեր քսակին: Առողջ մնալու ձեւեր որոնեցէք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Պիտի օգտագործէք ձեր հմայքը` անձ մը ձեր գրպանը դնելու համար: Հիանալի եւ բախտաբեր է օրը: