«Ափոլլօ 10» Արձակուեցաւ Երէկ
Սթաֆորտ Եւ Սերնան Հինգշաբթի Պիտի Հասնին Լուսնին Արուարձանը Եւ Միայն 15 Քմ Բարձրէն Պիտի Դառնան Մեր Բնական Արբանեակին Շուրջ – Եանկ Պիտի Մնայ Մայր Խուցին Մէջ
ՔԵՆԵՏԻ ՀՐՈՒԱՆԴԱՆ (Ֆլորիտա), 18 (ԱՖՓ).- Կիրակի, 18 մայիսէն երկուշաբթի, 26 մայիս անջրպետային սխրագործութիւններու պատմութիւնը պիտի հարստանայ նոր արկածախնդրութեամբ մը: Երեք աներկիւղ ամերիկացիներ, որոնք կարծէք դուրս ելած են սիանս-ֆիքսիոնի վէպէ մը, պիտի զարդարուին իրականութեան գոյներով եւ պիտի ապրին լուսինին մերձակայքը` հազիւ 15 քմ հեռու մեր բնական արբանեակէն:
Գնդապետ Թոմաս Սթաֆորտ եւ հազարապետ Ճոն Եանկ ու Իոճին Սերնան, աստղանաւորդներու յատուկ ծանր զգեստներ հագած, կիրակի, 18 մայիս, կէսօրէ ետք ժամը 6:49-ին (Պէյրութի ժամ), Քենետի Հրուանդանէն սկսան կատարել «ընդհանուր փորձը» այն թռիչքին, որ երկու ամիս ետք պիտի պսակուի առաջին մարդուն լուսին էջքով: Արդարեւ, յուլիսի երկրորդ կիսամսեային Նէյլ Արմսթրոնկ` «Անջրպետին Քրիստափոր Քոլոմպոս»-ը, «Մոտիւլ լիւներ»-ի աստիճաններէն իջնելով` պիտի իջնէ լուսին, որ անյիշատակ ժա մանակներէ ի վեր տկարօրէն կը լուսաւորէ երկրաբնակներու գիշերը: Այսպիսով, առեղծուածային լուսինը ի վերջոյ մատչելի դարձած` պիտի յայտնէ իր գաղտնիքները եւ պիտի բանայ իր անծանօթ երեսը:
Քենետի Հրուանդանին լուսնային կայանին մէջ, որ կը կոչուի «Մունփորթ», «Ափոլլօ 10»-ի արձակումը տեղի ունեցաւ կատարեալ յաջողութեամբ: Հակառակ թեքնիք երկու կամ երեք պատահարներու, որոնք երէկ որոշ մտահոգութիւն ստեղծած էին, «Ափոլլօ 10» ճամբայ ելաւ որոշուած ժամուն:
Խլացուցիչ աղմուկով մը, վարդագոյն եւ սպիտակ բոցերու երկար խուրձ մը ժայթքելով, սրճագոյն ամպի մը մէջ պարուրուած, աշխարհի մեծագոյն եւ զօրաւորագոյն հրթիռը` «Սաթիւռն 5», որ 3.400.000 քիլօ ուժ ունի, իր 3.100 թոն ծանրութիւնը բարձրացուց աղեղէն արձակուող նետի մը նման: Այդ պահուն երկիրը 80 երկվայրկեան տեւողութեամբ ցնցուեցաւ երկար շառաւիղի մը վրայ:
Հի՞նգ հարիւր հազար թէ մէկ միլիոն: Ոչ ոք պիտի կրնայ ըսել ճշգրտօրէն: Եւ սակայն ամէն ոք համաձայն է` յայտնելու համար, թէ այսքան մեծ թիւով բազմութիւն չէր տեսնուած Քենետի Հրուանդանի շրջանին մէջ: Արդարեւ, երբ «Ափոլլօ 10» ճամբայ ելաւ, ամէն կողմէ կեցցէներ օդը թնդացուցին:
Արձակումէն 11 վայրկեան 35 երկվայրկեան ետք «Սաթիւռն 5»-ի վերջին յարկը, որուն կապուած են «մոտիւլ լիւներ»-ը եւ եռաթոռ խուցը, զոր կը վարէ Ճոն Եանկ, մտան երկրային ծիրի մէջ:
«Ափոլլօ 10» երկու շրջան կատարեց երկրին շուրջ ու ապա վառեցաւ հրթիռին վերջին յարկը:
Երրորդ յարկին վառելէն երեսուն վայրկեան ետք, խուցը, զոր կը վարէր Թոմաս Սթաֆորտ, բաժնուեցաւ «Սաթիւռն 5»-էն` իր ծայրամասէն մէկուն կապելով «մոտիւլ լիւներ»-ը: Հրթիռէն 15 մեթր հեռու, մայր-խուցը, 180 աստիճան անկիւն մը դառնալով, իր քիթը ուղղեց «ԼԵՄ»-ի կոմը:
Ամերիկեան պատկերասփիւռը երէկ տուաւ «Սաթիւռն» հրթիռին եւ խուցին բաժանման գործողութիւնը:
Լուսին երթը, որ 380.000 քմ ճամբայ կտրել պիտի տայ աստղանաւորդներուն, պիտի տեւէ 66 ժամ: Ամերիկացի երեք աստղանաւորդները լուսնային ծիրի մէջ պիտի մտնեն հինգշաբթի, 21 մայիս ժամը 22:35-ին (Պէյրութի ժամ):
Մայիս 22-ին Սթաֆորտ եւ Սերնան մայր խուցէն պիտի անցնին «ԼԵՄ»-ի մէջ, որ աւելի քան ութ ժամ, բոլորովին անջատ, պիտի դառնայ լուսնին շուրջ, 15 քմ բարձրութենէ մը:
Այնուհետեւ պիտի սկսի վերադարձը: «Ափոլլօ 10»-ի աստղանաւորդները երկիր պիտի իջնեն երկուշաբթի, մայիս 26-ին: