Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էմիրաթական Շրջանային Ջուրերուն Մօտ 4 Քարիւղատար Նաւերու Դէմ Խափանարարական Յարձակումը Կ՛արժանանայ Դատապարտումի

Մայիս 14, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարարութիւնը կիրակի կէս գիշերին յայտարարեց, թէ առեւտրական 4 նաւեր միջազգային ջուրերուն մօտ ենթարկուած են խափանարարական յարձակումներու, սակայն մարդկային վնասներ չեն արձանագրուած:

Նախարարութիւնը նշեց, որ միջազգային ընտանիքը պէտք է իր պատասխանատուութեան տէր կանգնի` արգիլելու համար, որ որեւէ կողմ ոտնահարէ նաւարկումի անվտանգութիւնն ու ապահովութիւնը` ընդգծելով, որ նաւերուն դէմ յարձակումը միջազգային անվտանգութեան ու ապահովութեան սպառնալիք կը նկատուի:

Ծոցի շրջանէն աղբիւրներ նախապէս «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնած էին, թէ կիրակի արշալոյսին ուժգին պայթումներ ցնցած են Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Ֆուժէյրայի էմիրութեան նաւահանգիստը` աւելցնելով, որ ականատեսներու վկայութեամբ նաւահանգիստին եւ ամբողջ շրջանին վերեւ թռիչք կատարած են ամերիկեան եւ ֆրանսական պատերազմական օդանաւեր:

Ֆուժէյրայի կառավարութեան մամլոյ քարտուղարը նախապէս հերքած էր այդ առնչութեամբ մամլոյ տեղեկութիւնները:

Սէուտական Արաբիոյ ուժանիւթի նախարար Խալետ Ֆալեհ երէկ յայտարարեց, թէ սէուտական 2 քարիւղատար նաւեր կիրակի առաւօտեան Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մօտ «խափանարարական յարձակումի» ենթարկուած են` աւելցնելով, որ երկու նաւերը մեծ վնասներ կրած են:

Ան յայտնեց, որ նաւերէն մէկը կ՛ուղղուէր Ռաս Թաննուրայի նաւահանգիստ` քարիւղով բեռնաւորուելու եւ սէուտական «Արամքօ» ընկերութեան գործակատարներուն մատակարարելու համար Միացեալ Նահանգներ ուղղուելու համար:

Նախարարը յայտնեց, որ միջազգային ընտանիքը նաւարկումի եւ քարիւղատար նաւերու անվտանգութիւնը ապահովելու հասարակաց պատասխանատուութիւն ունի:

Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդը դատապարտեց «խափանարարական արարքները»: Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով դատապարտեց առեւտրական չորս նաւերուն դէմ կատարուած խափանարարական արարքները:

Պահրէյնի արտաքին գործոց նախարարութիւնը բուռն կերպով դատապարտեց առեւտրական նաւերուն դէմ կատարուած «խափանարարական արարքները»` զանոնք նկատելով «ոճրային վտանգաւոր արարք մը, որ կը սպառնայ նաւարկումի անվտանգութեան»: Նախարարութիւնը միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց` տէր կանգնելու նաւարկումի անվտանգութիւնը երաշխաւորելու եւ միջազգային անվտանգութեան ու խաղաղութեան որեւէ սպառնալիք դիմակայելու իր պատասխանատուութիւններուն:

Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթ դատապարտեց «խափանարարական գործողութիւնները»` զանոնք նկատելով «ոճրային արարքներ»: «Լիկայի անդամ որեւէ պետութեան ենթարկուած սպառնալիքը անվտանգութեան անընդունելի ոտնահարում մըն է», նշեց ան:

Յորդանանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սուֆիան Քուտաթ բուռն կերպով դատապարտեց «չորս նաւերու` Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու շրջանային ջուրերուն մօտ խափանարարական արարքներու ենթարկուելու դէպքը»` նշելով, որ իր երկիրը կը մերժէ Արաբական ծոցին մէջ նաւարկումն ու անոր անվտանգութիւնը ոտնահարող «որեւէ ոճրային արարք, ինչ ալ ըլլայ ատոր աղբիւրը»:

Իրանի ծովուժի հրամանատար ծովակալ Հիւսէյն Խանզատի իր խօսքը Ծոցի երկիրներուն ուղղելով ըսաւ. «Ծոցին մէջ ամերիկեան ներկայութեան ժամանակաշրջանը աւարտեցաւ: Ամերիկացիները պէտք է մեկնին շրջանէն»:

Իրանի խորհրդարանին մէջ ազգային անվտանգութեան յանձնախումբի նախագահ Հիմշեթալլա Ֆլահաթպիշէ իր կարգին յայտնեց, որ Ֆուժէյրայի մէջ տեղի ունեցած պայթումները ի յայտ բերին, թէ «Ծոցի հարաւի անվտանգութիւնը փխրուն է»:

Ան դատապարտեց «Ֆուժէյրայի պայթումները»` պահանջելով բացայայտել այդ «խափանարարական արարքին ետին կանգնողները»: «Միացեալ Նահանգներ եւ Իրան կարողութիւնը ունին տագնապը վերահսկողութեան տակ պահելու, սակայն երրորդ կողմ մը կրնայ անվտանգութեան գետնի վրայ թուղթերը խառնել», ըսաւ ան:

«Եթէ Ծոցի հարաւային շրջանի ջուրերը զինուորական շրջանի վերածուին, առաջին վնասուողները շրջանի երկիրները պիտի ըլլան», ընդգծեց Ֆլահաթպիշէ:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մօտ նաւերուն ենթարկուած արկածները նկատեց «նեղացուցիչ» եւ կոչ ուղղեց հետաքննութեան ձեռնարկելու:

Նախորդը

Ըստ Իսրայէլեան Պատկերասփիւռի 12-րդ Կայանին. Նեթանիահու, Թրամփի Աջակցութեամբ, Այսյորդանանը Պիտի Առնէ Իսրայէլի Գերիշխանութեան Տակ

Յաջորդը

Գերմանական Ֆութպոլ. Սարգիս Ադամեան Տուպլէ Մը Իրագործեց

RelatedPosts

Լաւրով Եւ Ռուպիօ Կրկին Զրուցած Են`  Այս Անգամ «Ոտքի Վրայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Եւ Ռուպիօ Կրկին Զրուցած Են` Այս Անգամ «Ոտքի Վրայ»

Յուլիս 12, 2025
Քաց. «Իսրայէլ Կրկին Պիտի Հարուածէ Իրանը,  Եթէ Թեհրանի Կողմէ Սպառնալիքի Ենթարկուի»
Միջազգային

Քաց. «Իսրայէլ Կրկին Պիտի Հարուածէ Իրանը, Եթէ Թեհրանի Կողմէ Սպառնալիքի Ենթարկուի»

Յուլիս 12, 2025
ՔԱԿ-ի Զինեալները Հիւսիսային Իրաքի Մէջ  Խորհրդանշական Արարողութեամբ  Սկսած Են Զէնքերը Վար Դնել
Միջազգային

ՔԱԿ-ի Զինեալները Հիւսիսային Իրաքի Մէջ Խորհրդանշական Արարողութեամբ Սկսած Են Զէնքերը Վար Դնել

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?