Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յայտարարութիւն

April 13, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսայի նախագահական թիւ 2019-219 հրամանագիրը, որ կը վերաբերի Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչումներուն, 10 ապրիլին հրապարակուեցաւ պետական պաշտօնաթերթին մէջ: Այս հրամանագիրը գործադրուած խոստումն է հանրապետութեան նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի, զոր տուած էր հայ համայնքին` տարի մը առաջ, Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի տարեկան ընթրիքի ընթացքին: Այս հրամանագիրին հիմամբ, այսուհետեւ 24 ապրիլը ամբողջ Ֆրանսայի տարածքին կը նկատուի պաշտօնական տօն եւ մաս կը կազմէ կառավարութեան պաշտօնական օրացոյցին: Իմա՛, 24 ապրիլը կը նկատուի Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման օր ամբողջ հանրապետութեան տարածքին:

Ֆրանսայի Հայ դատի յանձնախումբը կ՛ողջունէ այս որոշումը, որուն ձեռքբերման համար անդուլ պայքար մղած ենք 1965-էն ի վեր: Իսկ 2012-էն ասդին, երկու նախագահներ, մէկ վարչապետ եւ բազմաթիւ նախարարներ մասնակցած են ապրիլ 24-ի ժողովրդային հաւաքի եւ արտասանած` իրենց խօսքը: Աւելի՛ն, նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով մեկնեցաւ Երեւան եւ Ծիծեռնակաբերդի մէջ մասնակցեցաւ ոգեկոչման ձեռնարկին: Առ այդ, սոյն հրամանագիրը մենք կը նկատենք նաեւ բարոյական արդար վարձատրութիւն` Հայ դատի իւրաքանչիւր զինուորի համար:

Հայ դատի յանձնախումբը պատրաստ է ամէն իմաստով օժանդակելու որեւէ քաղաքի պետական մարմինի, որ իր քաղաքին մէջ պիտի կազմակերպէ 24 ապրիլի ոգեկոչման ձեռնարկ:

Նախագահական հրամանագիրով ուժի մէջ մտած այս պետական հռչակագիրը նաեւ լաւագոյն առիթ է գործնապէս պայքարելու ժխտողականութեան դէմ, ինչպէս յայտարարեց հանրապետութեան նախագահը. «Յանուն արդարութեան պայքարը եւ ճանաչումը մե՛ր պայքարն է` զայն յիշելով ու յիշատակելով եւ զայն տեղադրելով ամբողջ հանրապետութեան յիշատակման օրացոյցին մէջ»:

ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

11 ապրիլ 2019, Փարիզ

 

Նախորդը

«Հայոց Ցեղասպանութեան Հարցը Պէտք Է Քննարկման Առարկայ Դարձնել Թուրքիոյ Խորհրդարանին Մէջ» Կ՛ըսէ Փայլան

Յաջորդը

Ցեղասպանութեան Ոգեկոչում Քոնկրեսին Մէջ

RelatedPosts

Ուաշինկթըն Կը Զգուշացնէ Քիեւը
Գլխաւոր լուրեր

Ուաշինկթըն Կը Զգուշացնէ Քիեւը

October 13, 2026
Պատասխանելով Սալման Թագաւորին`  «Ուաշինկթընի Աջակցութիւնը  Որեւէ Արդիւնք Պիտի Չտայ»  Կ՛ըսէ Թեհրան
Գլխաւոր լուրեր

Թեհրան. «Մեր Առաջարկներուն Ամերիկեան Պատասխանը Կը Սերտենք, Ապա Արդիւնքը Միջնորդներուն Պիտի Յայտնենք»

October 13, 2026
Տնտեսագիտութեան Նոպելեան Մրցանակը  Շնորհուեցաւ Ռապըրթ Հոլին Եւ Մայքըլ Վուտֆորտին
Գլխաւոր լուրեր

Տնտեսագիտութեան Նոպելեան Մրցանակը Շնորհուեցաւ Ռապըրթ Հոլին Եւ Մայքըլ Վուտֆորտին

October 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.