Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 16-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ` հինգշաբթի, 14 մարտին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, Լիբանանի գործող ախոյեան ՀՄԸՄ-ի տղոց կազմը հիւրընկալեց Սաժեսը:
Հիւր կազմը, որ կը գրաւէ ընդհանուր դասաւորման 9-րդ դիրքը, արդէն իսկ դուրս մնացած է ֆայնըլ-էյթէն եւ փլէյ-օֆի մրցում պիտի կատարէ Բ. դասակարգի երկրորդ դիրքը գրաւած խումբին դէմ (ըստ օրէնքի):
Այս իրողութենէն մեկնելով, որոշ չափով ճնշումը աւելի ՀՄԸՄ-ի վրայ էր, որովհետեւ մարզիչ Ճօ Մուժահեսի կազմը պէտք ունէր յաղթանակի, որպէսզի ընդհանուր դասաւորման մէջ բարձրանայ երկրորդ դիրք:
ՀՄԸՄ բաւական լաւ ձեւով կատարեց մրցումը եւ լաւ ներկայացում մը ունենալով կանաչներուն վրայ, առաջին քորթըրին ունեցաւ եօթը կէտի առաւելութիւն մը (24-17):
Սակայն երկրորդ քորթըրին, մարզիչ Ղասսան Սարգիսի կազմը բաւական բարելաւելով իր խաղարկութիւնը եւ իրերայաջորդ կէտեր նշանակելով յաջողեցաւ առաջին կիսախաղը աւարտել` 42-42 հաւասարութեամբ մը:
Երրորդ քորթըրին, երկու խումբերուն միջեւ պայքարը շարունակուեցաւ յաւելեալ կէտեր նշանակելու համար: Բայց եւ այնպէս, ՀՄԸՄ չէր յաջողեր կէտերու տարբերութիւնը շատ բարձրացնել, բացի անոր վերջին չորս վայրկեաններէն. ատոր շնորհիւ ՀՄԸՄ յաջողեցաւ երրորդ քորթըրը աւարտել 9 կէտի առաւելութեամբ մը` 72-63 արդիւնքով:
Չորրորդ եւ վերջին քորթըրին, մինչ ՀՄԸՄ կը սաստկացնէր իր յարձակումները եւ կը փորձէր կէտերու տարբերութիւնը աւելի մեծցնել, իր դէմ կը գտնէր բաւական յամառ մրցակից մը, որ մեծապէս կը դժուարացնէր ՀՄԸՄ-ի առաքելութիւնը` յաղթանակ արձանագրելու իմաստով:
Սակայն ՀՄԸՄ շրջանցեց այս արգելքը, արձանագրեց 89-82 արդիւնքով յաղթանակ մը եւ շարունակեց իր դաշտին վրայ մնալ անպարտելի` յաջորդաբար 25-րդ մրցումն ըլլալով:
ՀՄԸՄ-էն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Մայք Էֆիպրա (23), ներառեալ 3 թրի փոյնթ, մինչ անոր խմբակից Ոիոլթըր Հոճ` 17 կէտ, իսկ Էլի Ռըսթոմ` 16:
Իսկ Սաժեսէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ռամել Քարի (24), մինչ անոր խմբակից Քէանու Փոսթ տապըլ-տապըլ մը իրագործեց (14 կէտ, 10 ռիպաունտ):