Թուրքիոյ փոխնախագահ Ֆուատ Օքթայ յայտնեց.«Թուրքիան կը ծրագրէ ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու առաջին խմբաքանակը ստանձնել յառաջիկայ յուլիսին»:
«Թուրքիան «Էս-400» համակարգերու հարցով կը կատարէ այն, ինչ որ իր շահերը կը պահանջէ: Ինքն է, որ կ՛ընտրէ եւ որոշումը կ՛որդեգրէ», ըսաւ ան:
«Թուրքիոյ կողմէ ռուսական «Էս-400» համակարգը գնելը չի նշանակեր, թէ ան «Փաթրիոթ» պիտի չգնէ», նշեց Թուրքիոյ փոխնախագահը` նշելով.«Մենք ատոր կարիքը ունինք, եւ եթէ մեր պայմանները բաւարարուին, կրնանք զայն գնելու շուրջ բանակցիլ»:
«Թուրքիան համաձայնագիր մը ստորագրելուն պարագային պէտք եղածն է, որ կը կատարէ, եւ ոչ թէ յամառ կեցուածքներ կ՛որդեգրէ», ըսաւ ան:
Օքթայ նաեւ յայտնեց. «Մենք պատրաստ ենք որեւէ պահու Սուրիոյ մէջ Եփրատի արեւելեան ափին վրայ գործողութիւն մը գործադրելու»:
«Պիտի չարտօնենք որեւէ արարք, որ կրնայ Թուրքիոյ համար ապահովական վտանգ ներկայացնել», շեշտեց ան:
Թուրքիոյ փոխնախագահը նաեւ յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներ Մընպեժի եւ Եփրատի արեւելեան ափին վրայ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն ձրիաբար զէնքերով բեռնաւորուած 23 հազար բեռնատարներ կ՛ուղարկէ, այդ բեռնակառքերը ո՞ւր կ՛երթան: Ատիկա Թուրքիոյ համար սպառնալիք չէ՞»:
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան մէկ օր առաջ յայտնած էր, թէ իր երկիրը երբեք պիտի չհրաժարի ռուսական «Էս-400»-ները գնելէ: Ան «Քանալ24» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին նշեց, որ Անգարա «թերեւս հետագային սերտէ «Էս-500» հրթիռային համակարգը ձեռք ձգելու հարցը»:
«Միացեալ Նահանգներ պէտք չէ ջանան առեւտրական քայլերու միջոցով Թուրքիան կրթել», ըսաւ Էրտողան` աւելցնելով. «Թուրքիան ունի իր քայլերը, զորս պատրաստած է»:
Յիշեցնենք, որ Ուաշինկթըն զգուշացուցած էր Անգարան, որ եթէ ձեռք բերէ ռուսական «Էս-400»-ները, ապա Միացեալ Նահանգներ հաւանաբար պատժամիջոցներ հաստատեն Թուրքիոյ դէմ:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ռապըրթ Փալատինօ յայտնած էր.«Թուրքիոյ «Էս-400» համակարգերու մատակարարումը պիտի յանգեցնէ «Էֆ-35» 5-րդ սերունդի օդանաւերու ստեղծման ծրագիրին Անգարայի մասնակցութեան վերատեսութեան: Բացի ատկէ, հարցականի տակ պիտի դրուի Թուրքիոյ ապագայ զէնքի մատակարարումը»:
«Թուրքիան դրինք կա՛մ ռուսական «Էս-400»-ները, կա՛մ մեր «Էֆ-35» օդանաւերը երկընտրանքին առջեւ», ըսաւ Փալատինօ: