Փիւնիկ Կրեց 3-0 Արդիւնքով Պարտութիւն Մը
Ալաշկերտ` Յաղթական
Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 21-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, երէկ Փիւնիկ իր սեփական դաշտին վրայ 3-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Արարատ – Արմենիայէն, մինչ պարագլուխի դիրքը գրաւող Ալաշկերտ Աւանի ֆութպոլի ակադեմիայէն յաղթական վերադարձաւ` 4-2 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Գանձասար – Կապանը:
Ալաշկերտէն 65-րդ վայրկեանին կարմիր քարտ մը ստացաւ սերպ բերդապահ Օկընիեն Չանչարեւիչ:
Ալաշկերտ այժմ ունեցաւ 36 կէտ, մինչ Արարատ (2-րդ)` 32 կէտ: Փիւնիկ ունի 30 կէտ:
Տեղի ունեցած մնացեալ մրցումներուն, Լոռի յաղթեց իր հիւրին` Արցախին (2-0), իսկ Շիրակ Գիւմրի Երեւանի մէջ նոյն արդիւնքով յաղթեց Արարատին: