Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արուեստագիտուհի Լիւսի Թիւթիւնճեանի Անհատական Ցուցահանդէսին Հասոյթը` Բարեսիրական Նպատակներու

Դեկտեմբեր 7, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին, երէկ` հինգշաբթի, 6 դեկտեմբեր 2018-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ բացումը արուեստագիտուհի Լիւսի Թիւթիւնճեանի անհատական ցուցահանդէսին, որուն հասոյթը պիտի տրամադրուի բարեսիրական նպատակներու: Ցուցադրուած էին տարբեր չափերու եւ թեմաներու 53 իւղաներկ պաստառներ:

Լիբանանահայ տարբեր սերունդներու արուեստագէտներ

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն ըսաւ, թէ ցուցասրահին մէջ արուեստագիտուհի Լիւսի Թիւթիւնճեան մասնակցած է աւելի քան 12 անհատական թէ հաւաքական ցուցահանդէսներու: Այս ցուցահանդէսը սովորական ցուցահանդէս մը չէ, այլ` նման է այն բոլոր ցուցահանդէսներուն, որոնք կը հետապնդեն բարեսիրական նպատակ` կարօտեալին, անկարին, նաեւ ապագայ սերունդի դաստիարակութեան համար օգտակար դառնալու:

Հաւաթեան ներկաներուն ուշադրութեան յանձնեց, որ 2019-ի նոյեմբերին պիտի նշուի ցուցասրահի 10-ամեակը, այս տասը տարուան ընթացքին կազմակերպուեցան 95 անհատական եւ հաւաքական ցուցահանդէսներ, հիւրընկալուեցան  լիբանանահայ, տեղացի, հայաստանցի, նաեւ սփիւռքի զանազան գաղութներէն հայ եւ օտար աւելի քան 120 արուեստագէտ-արուեստագիտուհիներ: Ան ըսաւ, թէ ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցան նաեւ այլ մշակութային հաւաքներ, գիրքերու ներկայացումներ, զրոյցներ` կեդրոնը վերածելով ջերմ հանդիպման հարազատ վայրի մը` առանց որեւէ հատուածական խտրութեան: «Մենք երախտապարտ ենք Կարպիս եւ Լիւսի Թիւթիւնճեան ամոլին, որոնք այս մթնոլորտի զարգացման մէջ մեծապէս դերակատար եւ համախմբող եղան` ամէն բանէ վեր դասելով մշակոյթը, եւ մշակոյթի համար ամէն բան տալու պատրաստակամութեան մէջ ամբողջական զօրակցութիւն ու նեցուկ հանդիսացան», շեշտեց Յակոբ Հաւաթեան եւ եզրափակելով իր խօսքը հաստատեց, որ «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահը իր առաքելութեամբ եւ իր համեստ եկամուտով ծառայեց նաեւ հրատարակչական գործերու, դասագիրքերու եւ մանկական գիրքերու պատրաստութեան` վստահեցնելով, որ այս երթը պիտի շարունակուի:

Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ արուեստագիտուհին, որ իր յուզումը յայտնեց մեծ թիւով ներկաներուն համար, որոնք հետաքրքրուած էին իր պաստառները տեսնելու` մաղթելով, որ կը գոհացնէ անոնց ճաշակը: Թիւթիւնճեան նկատել տուաւ, որ ինք կ՛արտայայտէ այն, ինչ որ կը զգայ օրուան ընթացքին, եւ բոլոր պաստառները աշխատած է զգացումով ու սիրելով: Ան գնահատեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն` նկատել տալով, որ անոնց ներկայութիւնը յաւելեալ աշխատանքի առիթ պիտի ընծայէ իրեն, որպէսզի իր կարելին ի գործ դնէ լաւ պաստառներ ստեղծագործելու համար:

Լիւսի Թիւթիւնճեան

Յայտնենք, որ ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ 22 դեկտեմբեր եւ բաց է ամէն օր,  առաւօտեան ժամը 9:30-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:30:

 

Նախորդը

ՔԱՀԼ-ի «Ուրախացի՛ր, Ուրախացո՛ւր» Տօնավաճառի Բացում

Յաջորդը

Լիւքսամպուրկը Պիտի Դառնայ Անվճար Հանրային Փոխադրամիջոց Ունեցող Առաջին Երկիրը

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հայրապետական Գահակալութեան  30-րդ Տարեդարձի Նշում Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հայրապետական Գահակալութեան 30-րդ Տարեդարձի Նշում Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Յունիս 16, 2025
19 Հոկտեմբեր 2025-ը`  Մալոյեանի Սրբադասման Օր
Գաղութային

19 Հոկտեմբեր 2025-ը` Մալոյեանի Սրբադասման Օր

Յունիս 16, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոսի Նախագահութեամբ  Մայրավանքին Մէջ Հիմնարկէքը Կատարուեցաւ  «Պէզիքեան» Կեդրոնին
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Նախագահութեամբ Մայրավանքին Մէջ Հիմնարկէքը Կատարուեցաւ «Պէզիքեան» Կեդրոնին

Յունիս 14, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?