Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հայրապետական Գահակալութեան 30-րդ Տարեդարձի Նշում Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Յունիս 16, 2025
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի կաթողիկոսական ընտրութեան եւ օծման 30-ամեակին առիթով կիրակի, 15 յունիս 2025-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, կաթողիկոսանիստ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ մատուցուեցաւ եպիսկոպոսական սուրբ եւ անմահ պատարագ եւ կատարուեցաւ Գոհաբանական աղօթք (Հայրապետական մաղթանք): Պատարագեց ու յաւուր պատշաճի քարոզեց կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» մատենադարանի տեսուչ Շահան արք. Սարգիսեան:

Սուրբ պատարագին ներկայ էին կիլիկեան աշխարհացրիւ թեմերու թեմակալ առաջնորդ սրբազան հայրերը, Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամները, թեմերու ազգային իշխանութիւններու, կուսակցութիւններու, բարեսիրական ու մշակութային միութիւններու եւ քոյր կազմակերպութիւններու վերին մարմիններու ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ ազգային բարերար Ալեքքօ Պէզիքեան, զաւակը ու թոռը` Զարեհ ու Անի Պէզիքեաններ:

Սուրբ պատարագի մատուցման ընթացքին, «Տէրունական աղօթք»-էն անմիջապէս առաջ, սուրբ խորան բարձրացան Կիլիկեան ուխտեալ միաբանութեան եպիսկոպոսաց դասէն խումբ մը միաբան հայրեր` գլխաւորութեամբ Կիպրոսի կաթողիկոսական փոխանորդ Կոմիտաս արք. Օհանեանի: Անոնք աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած Արամ Ա. վեհափառ կաթողիկոսի առողջութեան, արեւշատութեան եւ բեղուն ծառայութեան համար: Յիշեալ արարողութեան յաջորդեց պատարագիչ Շահան արքեպիսկոպոսի յաւուր պատշաճի քարոզը:

«Տիրոջ ապաւինողները իրենց ուժերը պիտի վերանորոգեն: Անոնք արծիւներու պէս թեւ ու թիկունք պիտի ունենան, պիտի վազեն առանց թուլնալու, պիտի քալեն առանց յոգնելու» (40.31) Եսայի մարգարէի խօսքերը սրբազան հօր քարոզախօսութեան առանցքը հանդիսացան: Ան ցնծութեամբ ողջունեց բոլորը` հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան արժանընտիր գահակալի հաւատքի առաքելութեան եւ առաքելական ծառայութեան 30 բեղուն տարիներուն առիթով. ուստի, ան շնորհաւորեց վեհափառ հայրապետը` յանուն Կիլիկեան միաբանութեան եւ թեմերու ժողովրդեան:

Անդրադառնալով օրուան բնաբանին` Շահան սրբազան յայտնեց, որ բոլորս, մանաւանդ պատասխանատուութեան ամէնէն բարձր դիրքերու վրայ գտնուող ծառաները` Տիրոջ խորանին սպասարկողները, հրաւիրուած ենք մեր յոյսն ու վստահութիւնը Տիրոջ վրայ դնելու` առանց յոգնելու, ընկրկելու ու վախնալու, պատրաստուելով այն ճանապարհին, որուն մէջէն մեր ժողովուրդը պիտի քալէ դէպի լոյս: «Արդարեւ, 30 տարի առաջ, Նորին Սուրբ Օծութիւնը, իր հայրապետական ուխտը կատարած ատեն, անդրանիկ պատարագի ընթացքին, յայտարարեց, թէ Տիրոջ կը վստահի եւ Ան է, որ իրեն ճանապարհը ցոյց կու տայ: Եւ 30 տարի ո՛չ միայն խօսքով, այլեւ իրագործումներով պայծառացաւ մեր կեանքի մթագնեալ, երբեմն տխուր վերիվայրումներու մէջ, հորիզոնի վրայ Տիրոջ լոյսին ներքեւ լուսաւոր կերպարը հայոց հայրապետին», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով մարդուս կեանքի տարիներու 30 տարիքին, քարոզիչ սրբազան հայրը դիտել տուաւ, որ նոյնքան երիտասարդ է հայրապետին գնացքը այսօր, որքան երբ առաջին անգամ ընթացք առաւ իբրեւ կաթողիկոս: Այս առումով, ան ընդգծեց հայրապետին Արամեան դպրոց ըլլալը, երեք բառերով ներկայացնելով` տեսիլքի ու ծրագիրներու մարդ, առաջնահերթութիւնները ճանչցող անձնաւորութիւն եւ իր խօսքը գործի վերածող իրագործումներու մարդ: Ան դիտել տուաւ, որ վեհափառ հայրապետին գահակալութեան 30 տարիները ունեցան իրենց մարտահրաւէրները, այսուհանդերձ ան, Տիրոջ օրհնութեամբ մնաց վճռորոշ եւ ունեցաւ իր խօսքը, որ թարգմանեց գործով: Վեհափառ հայրապետը հակառակ մարմնեղէն տարիքի տարբերութեան, 30 տարեկան երիտասարդի խանդով, աւիւնով, ուժականութեամբ կը շարունակէ իր ծառայութիւնը, ընդգծեց սրբազան հայրը: Ապա, ան օրինակներ բերելով Յովսէփ գեղեցիկն ու Դաւիթ մարգարէն, որոնք իրենց 30 տարեկանին ստանձնեցին առաջնորդի ղեկը, ըսաւ. «Այս բաները կը յիշեմ, վեհափա՛ռ տէր,- գիտեմ` լաւապէս կը ճանչնաք Աստուածաշունչը եւ անոր մէջ գտնուող աստուածային խորհուրդները,- Ձեզ խրախուսելու` ինչպէս մեզ կը խրախուսէ, Ձեզ քաջալերելու, մեր միաբանութիւնը Ձեր շուրջը ըլլալու, մեր ազգային կառոյցներու, ազգային ժողովականութեան, բարերարներու, բարեկամներու, ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի, Ձեզի հետ ըլլալու եւ Ձեզի երիտասարդացնելու համար: Դուք մի՛շտ երիտասարդ էք: Նայեցէ՛ք Ձեր չորս կողմը, երիտասարդացուցիք մեր Սուրբ աթոռը: Միշտ երիտասարդ մնաք», մաղթեց Շահան արքեպիկոպոս` շարունակելով. «Հոգեկան գոհունակութիւնը ունինք որդիաբար գալու, Տիրոջ ներկայութեան երկինք նայելու եւ խնդրելու Ամենակալէն, որ Ձեր կեանքի օրերը ո՛չ միայն թուաքանակով, այլ նաեւ Իր առատութեամբ տայ, քանի որ Դուք ստացաք շնորհքները եւ բազմապատկեցիք զանոնք, եւ տէրունական խօսքը կ՛ըսէ` «ունեցողին աւելիով պիտի տրուի» (Ղկ 19.26), եւ Տէրը Ձեզի աւելիով տուաւ, որպէսզի Դուք նշխարի նման բաշխուիք մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ ու չսպառիք»:

Վերջապէս, քարոզիչ Շահան արքեպիսկոպոս եզրափակեց իր խօսքը. «Վեհափառ տէր, սուրբ խորանէն այս բառերը թող որ ընդունելի ըլլան իբրեւ երկնային օրհնութիւն: Թող Տէրը զօրացնէ Ձեզի: Տիւ ու գիշեր կ՛աղօթենք Ձեզի եւ Ձեր ճամբով մեր եկեղեցւոյ անսասանութեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան յառաջատեսիլ ընթացքին եւ Ձեր ծրագիրներու իրականացման համար: Թող Տէրը օրհնէ, պահէ ու պահպանէ Ձեզ եւ այս Սուրբ աթոռը, հիմա եւ յաւիտեանս. ամէն»:

Սուրբ պատարագի աւարտին, հայրապետական թափօրը ուղղուեցաւ վեհարանի դահլիճ, ուր դպրեվանքի սաները վեհափառ կաթողիկոսին ձօնուած փունջ մը երգերով շնորհաւորեցին անոր գահակալութեան 30-ամեակը:

Նախորդը

Ֆատլալլա. «Իրան Գիտէ Ինչպէ՛ս Իր Ժողովուրդը Պիտի Պաշտպանէ Եւ Այդ Հարցով Ուրիշին Չի Վստահիր»

Յաջորդը

Հաճիեւ. «Պաքուն Երեւանէն «Զանգեզուրի Միջանցք»-ի Հարցով Առաջին Քայլ Կ՛ակնկալէ»

RelatedPosts

Հեռաձայնային կապ «Ալիք»-ի հետ
Գլխաւոր լուրեր

Հեռաձայնային կապ «Ալիք»-ի հետ

Յունիս 16, 2025
Մինչ Իրան-Իսրայէլ Փոխադարձ Բուռն Յարձակումները 3-րդ Օրն Ըլլալով Շարունակուեցան.  Թրամփ. «Իրանն Ու Իսրայէլը Պէտք Է  Համաձայնութիւն Գոյացնեն»
Գլխաւոր լուրեր

Մինչ Իրան-Իսրայէլ Փոխադարձ Բուռն Յարձակումները 3-րդ Օրն Ըլլալով Շարունակուեցան. Թրամփ. «Իրանն Ու Իսրայէլը Պէտք Է Համաձայնութիւն Գոյացնեն»

Յունիս 16, 2025
Լեւոն ԺԴ. Պապը Իրանին Եւ Իսրայէլին  Պատասխանատուութիւն Եւ Ողջախոհութիւն  Ցուցաբերելու Կոչ Ուղղած Է
Գլխաւոր լուրեր

Լեւոն ԺԴ. Պապը Իրանին Եւ Իսրայէլին Պատասխանատուութիւն Եւ Ողջախոհութիւն Ցուցաբերելու Կոչ Ուղղած Է

Յունիս 16, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?