ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ
Իբրեւ իրաւազրկուած ազգ` հայերս վստահաբար առաջնահերթ տեղ կը գրաւենք եւ այդ պատճառով ալ ունեցած ենք բազմահարիւր ազգային ու յեղափոխական երգեր:
Կը կասկածիմ, թէ ոեւէ ազգ մեզի պէս ունեցած է երգեր, որոնք նուիրուած ըլլան նահատակ հերոսներու:
Մեր ազգային-յեղափոխական երգերուն մեծամասնութիւնը յօրինուած է անծանօթ աշուղներու կողմէ եւ իբրեւ երաժշտական կառոյց` ուղղակի հիացում կը պատճառեն, մանաւանդ երբ նկատի առնենք, որ այդ աշուղները երաժշտական ուսում չեն ստացած, երաժշտանոցներ չեն յաճախած եւ արհեստավարժ երաժիշտներ չեն եղած:
Երաժշտական յօրինումի օրէնքները հարիւր տոկոսով կ՛ամբողջացնեն եւ ոեւէ օտար երաժշտական մասնագէտ, կամ քննադատ պիտի չկարենայ սխալ կառոյց մը մատնանշել այդ եղանակներուն մէջ:
Մինչեւ վերջին 4 տասնամեակները` ձայնապնակի կամ ձայներիզի վերածուած յեղափոխական երգեր գրեթէ գոյութիւն չունէին: Անոնք ընդհանրապէս կ’երգուէին պատանեկան միութիւններու ժողովներու բացման, կամ աւարտին, նաեւ` խրախճանքներու ընթացքին, առանց որեւէ երաժշտական գործիքի ընկերակցութեան:
Էսդրատային երգի ծնունդէն եւ անհաւատալիօրէն արագ տարածուելէն կարճ ժամանակ ետք քանի մը երիտասարդներ յանդգնութիւնը ունեցան արձանագրելու եւ ձայնապնակի վերածելու մեր յեղափոխական երգերը, որոնք շատ արագ ժողովրդականութիւն շահեցան եւ, այսպիսով, տարբեր հայ երգիչներ, քաջալերուած` շարունակեցին այդ խիստ կարեւոր գործը, եւ ձայնապնակի կամ ձայներիզի վերածուելով մեր յեղափոխական երգերը կորուստէ կամ մոռացութենէ փրկուեցան:
* * *
Արա Կիրակոսեան եղաւ առաջին անձը, որ արձանագրեց յեղափոխական երգերու ալպոմ մը` արտադրութեամբ Դանիէլ Տէր Սահակեանի, որուն երաժշտական դաշնաւորումը վստահուած էր լիբանանահայ յայտնի երաժիշտ Ժաք Գոճեանի:
Հիանալի ձայնագրութիւն մըն էր, սակայն Արա Կիրակոսեանի օփերա բուրող երգելու ոճը բնաւ չհամապատասխանեց յեղափոխական երգերու եւ, դժբախտաբար, շատ ընդունելութեան չարժանացաւ:
Արա Կիրակոսեանի առաջին եւ վերջին յեղափոխական ձայնապնակը եղաւ այդ մէկը:
Կարճ ժամանակ ետք, Ճորճ Թիւթիւնճեան, բնիկ հալէպահայ, 1976-ին Լիբանանի Ուրֆայի հայրենակցական միութեան հրաւէրով Պուրճ Համուտի «Գերմանիկ» սրահին մէջ ունեցաւ իր առաջին երգահանդէսը զուտ յեղափոխական երգացանկով: 2000 աթոռ հաշուող «Գերմանիկ» սրահը ծայրէ ծայր լեցուն էր, եւ խանդավառութիւնը հասած էր իր գագաթնակէտին: Բեմի վրայ արձանագրուած ձայներիզները շուտով հրապարակի վրայ էին եւ ամէն հայու տուներէն ու ինքնաշարժներէն յեղափոխական երգն էր, որ կը հնչէր: Ճորճ Թիւթիւնճեանի երգելու ոճը կը համապատասխանէր պատանեկան միութիւններու մէջ մեր սորված երգերուն: Այդ երգահանդէսի յաջողութենէն քաջալերուած` Ճորճ «ջուրի ճամբայ» ըրաւ Հալէպ-Պէյրութ գիծը: Քանի մը ամիսը անգամ մը կ՛այցելէր Պէյրութ եւ բեմի վրայ արձանագրուած ձայներիզները կը բազմապատկուէին:
Գառնիկ Սարգիսեան նոյնպէս բնիկ հալէպահայ է:
Կանուխ երիտասարդութեան տարիներուն հաստատուած էր Աւստրալիա:
1977-ին հրաւիրուեցաւ Լիբանան եւ ելոյթ ունեցաւ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ, մէկ հատիկ երգահանդէսի մը, որուն առաջին մասը կը բաղկանար էսդրատային երգերէ, իսկ երկրորդը` բոլորին սրտին խօսող յեղափոխական երգերով է, որ թնդացուց սրահը:
Գառնիկ տակաւին անծանօթ անուն մըն էր, սակայն շուտով, յատկապէս իր յեղափոխական-ազգային երգերով, դարձաւ փնտռուած երգիչ:
Որոշ ժամանակ ետք Գառնիկ, հաստատուեցաւ Լոս Անճելըս, ուր արձանագրեց իր առաջին յեղափոխական ալպոմը` դաշնաւորումով Էտ Հոշարեանի: Կարճ ժամանակի մէջ Գառնիկ դարձաւ բոլորին սիրելին, մանաւանդ` երիտասարդութեան կուռքը: Ձայնապնակները, ապա խտասալիկները իրարու յաջորդեցին:
Գառնիկ հիանալի գործ տեսաւ Ղարաբաղի եւ Լիբանանի մէջ զոհուած նահատակներուն յիշատակին գրուած նոր երգերով` յաւերժացնելով մեր ազատամարտիկները, որոնք միացան մեր անմահ ֆետայիներու փաղանգին: Անդրանիկի, Գէորգ Չաւուշի, եւ Սերոբ Աղբիւրի կողքին, անմահացան Մհեր Ջուլհաճեանն ու Թաթուլ Կրպէյեանը: Անմահ հերոսներու շարքին անցան Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին զոհուած ընկերներ, նաեւ` եղբայրասպան գնդակով սպաննուած կամ առեւանգուած ընկերներէն Սարգիս Ազնաւուրեանն ու Սարգիս Զէյթլեանը:
Փառաբանուեցան Լիզպոնի 5 նահատակ հերոսները` Սեդրակը, Սարգիսը, Վաչէն, Արան եւ Սիմոնը:
Հայրենի հողի վրայ ծնած ու հասակ առած, յեղափոխական երգերու յաջող երգահան-երգիչ է Ներսիկ Իսպիրեանը: Յօրինած է բազմաթիւ ազգային եւ յեղափոխական երգեր` նուիրուած Ղարաբաղի ազատագրման ճամբուն ինկած հերոս նահատակներուն: Յաւերժացուցած է Լիբանանի մէջ նահատակուած Սերժիկ Թովմասեանը, «Հայկական Ցեղասպանութեան Արդարութեան Մարտիկներու»-ու անդամ, Աւստրալիոյ մէջ նահատակուած Յակոբ Լեւոնեանը եւ կուսակցական ղեկավար Հրայր Մարուխեանը:
Ներսիկին տղան` Արաբօ, կը հետեւի իր հօր օրինակին: Հայր ու տղայ ընդհանրապէս կը մեկնաբանեն յեղափոխական երգեր:
Ներսիկ իր զաւկին Արաբօ անուանելը արդէն կը փաստէ, թէ ան որքա՜ն համակրանք, սէր ու յարգանք ունի հանդէպ հայ յեղափոխականներուն:
«Մեզի համար զոհ գնացին, Վիգէնի պէս վեհ քաջեր
Որ ննջում են լերայ լանջին ազատութեան մարտիկներ
Մեզի համար զոհ գնացին, Սիմոնի պէս վեհ քաջեր
Որ ննջում են լերայ լանջին ազատութեան մարտիկներ»:
(Ներսիկ Իսպիրեան)
Յովիկ Գրիգորեան իր էսդրատային եւ եւրոպական երգերով երկար տարիներ հմայած է ոչ միայն լոսանճելըսահայութիւնը, նաեւ` Ամերիկայի գրեթէ բոլոր նահագներու հայկական գաղութները, ինչպէս նաեւ հրաւէրներ ստացած է Հարաւային Ամերիկայի տարբեր գաղութներէ:
Յովիկ եղած է առաջին յեղափոխական երգիչը, որ Ղարաբաղի ազատագրման սկիզբի տարիներուն այցելած է Ղարաբաղ ու իր երգերով խրախուսած է հայ ազատամարտիկները:
Իր յեղափոխական ալպոմներուն մէջ կը գտնուին Արցախի ազատագրական պայքարին նուիրուած մեծ թիւով երգեր:
Էսդրատային երգերու կողքին, ամէն ձեռնարկի վերջաւորութեան, ներկաները կը խանդավառէ յեղափոխական երգերու իր իւրայատուկ երգելու ոճով:
Արձանագրած է տասնեակ մը էսդրատային ձայնասկաւառակներ, նաեւ յեղափոխական-ազգային երգերու երկու ալպոմներ` դաշնաւորումով Ժաք Գոճեանի եւ Արմէն Ահարոնեանի:
Շահէ Սքայեան` լոսանճելըսաբնակ երգիչը, ծնած է Դամասկոս:
Մուսալեռցի ընտանիքի զաւակ է եւ այնքա՜ն ապրումով կ’երգէ`
«Մուսայ Լերան գիւղերէն Այնճար եկած ենք,
Անտանելի նեղութիւններ կրած ենք»:
Երգացանկը հարուստ է այլազան երգերով: Քանի մը տարի առաջ արձանագրեց միայն յեղափոխական երգերով ալպոմ մը` «Քեզ Դաշնակցութիւն»:
Լեւոն Գաթրճեան աշուղական երգերու լաւագոյն մեկնաբաններէն է, սակայն իր ցանկին մէջ նոյնպէս կը գտնենք որոշ թիւով յեղափոխական երգեր:
Լիբանանի պատերազմի երկար տարիներուն հայութեան արթուն պահակ Խաչիկ Արապեանի յիշատակին յօրինած ու մեկնաբանած է հիանալի երգ մը:
«Թող ծնին մայրեր, հայազգի քաջեր
Ձեզ պէս հերոսներ, Խաչիկ Արապեան»:
Յարութ Փամպուքեանի առաջին յայտնութիւնը եղաւ Պէյրութ, երբ հայրենիքէն արտագաղթած` ժամանակաւորապէս կը մնար Պէյրութ, նախքան վերջնականապէս Լոս Անճելըս հաստատուիլը:
Այդ միջոցին անվճար երգահանդէսով մը ելոյթ ունեցաւ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ` նուիրուած Պուրճ Համուտի հայ զինեալներուն: Երգահանդէսի երկրորդ բաժինը կ՛ընդգկէր յեղափոխական երգեր եւ ան շուտով դարձաւ հայութեան սիրելի երգիչը: Իր մասնագիտութիւնն է խանդավառ շուրջպարերը, սակայն երբ հրաւիրուած է ճոխացնելու կուսակցական ձեռնարկ մը, իր խանդավառ շուրջպարերը կը փոխարինէ յեղափոխական երգերով:
Էլի Պէրպէրեան` Քանատաբնակ երգիչը, նաեւ իր երգացանկին մէջ ունի բաւական մեծ թիւով յեղափոխական երգեր:
Էլի, նախքան յեղափոխական երգի մը սկսիլը, յեղափոխական կեանքէ առնուած դրուագներ կը պատմէ երիտասարդութեան:
Կը խօսի Պանք Օթոմանի գրաւման մասին, ապա կ’երգէ
«Պանք Օթոման գրաւած է Դաշնակցութեան կոմիտէն,
Նրա մէջը լեցուցած է, պայթիչ խորտակիչ ռումբով»:
Երիտասարդ, նոր ծաղկող, ապագայ խոստացող երգիչ է Քրիս Արապեան:
Տակաւին շատ երիտասարդ է, սակայն արդէն ընտրած է երգելու իր ոճը:
Յեղափոխական եւ ազգային երգեր, որոնք կ’երգէ ապրումով:
Պէյրութաբնակ երգիչ է Վիգէն Տիշչէքէնեան, որուն հանդիպելու ու ծանօթանալու առիթը չեմ ունեցած: Իր երգերը ունկնդրած եմ «Վանայ ձայն»-էն: Վիգէն իր երգացանկին մէջ նոյնպէս ունի ազգային-յեղափոխական երգեր:
* * *
Յեղափոխական երգը մեր ազատագրական պայքարի պատմութիւնն է, որուն միջոցով կարելի է յիշել դէպքեր ու թուականներ:
«Պանք Օթոման գրաւած է Դաշնակցութեան կոմիտէն,
Հոն զոհուեցաւ Բաբգէն Սիւնի, դաշնակցական վեհ հսկան»:
«Կարկուտ տեղաց» երգելով` մտքերնուս մէջ դրոշմուած է Խանասորի արշաւանքի թուականը:
«Հայե՛ր, յիշենք նուիրական այդ օրը,
Յուլիս ամսուն 25-ին կատարեցէք մեր տօնը»:
Հաւանաբար մոռցուի մօտիկ բարեկամի մը մահուան թուականը, սակայն յաւերժ կը յիշուի Քեռիի նահատակութեան օրը.
«1916 մայիս 15-ին հայոց առիւծն ինկաւ վրէժը կրծքին»:
Քիչեր տեղեակ են թէ, ո՛ւր եւ ինչպէ՞ս մահացաւ Սուլթան Համիտ,
սակայն իւրաքանչիւր հայ գիտէ, թէ ինչպէ՛ս Սողոմոն Թեհլիրեան գետին փռեց արիւնարբու Թալէաթ փաշան:
«Թալէաթ փաշան փախաւ Պերլին,
Թեհլիրեանը հասաւ ետին,
Զարկա՛ւ ճակտէն, փռե՛ց գետին, գինի լից»:
* * *
Ամէն հինգշաբթի օր Լիբանանի ՀՅԴ պատանեկան միութիւններու հրատարակած յեղափոխական երգարանը դպրոցական դասագրքի մը պէս ձեռքերնիս բռնած` կ’երթայինք «Ազիրեան» ակումբ, պատանեկան մեր հերթական ժողովին:
Ամէն շաբաթ,յեղափոխական նոր երգ մը կը սորվէինք եւ, այդպիսով, երգարանի մէջի բոլոր երգերուն ծանօթ էինք:
Այսօր յեղափոխական երգերը միայն կուսակցական ձեռնարկներու կամ ժողովներու չեն երգուիր:
«Ամէն օր, ամէն ժամ քու կողքիդ կռուելու,
Քեզի հետ մեռնելու պատրաստ է Սօսէն»:
Ներկայիս, համացանցի միջոցով, «Ամէն օր, ամէն ժամ» մենք պատեհութիւնը ունինք ունկնդրելու մեզի համար սրբութիւն դարձած յեղափոխական երգերը:
Արցախի ազատագրական պայքարը իր աւարտին չէ հասած: Տակաւին պահանջելիք հողեր ունինք:
Նոր հերոսներ, նոր նահատակներ:
Նոր յօրինուած կամ յօրինուելիք երգեր:
«Ամէն մի կին մի ֆիտայի տնաշէն,
Քեզ յաղթել չի լինի, իմ քա՛ջ Գետաշէն»:
«Երբ ալեկոծ ծովու վրայ իմ մակոյկը խորտակուի,
Ես փրփրադէզ ալեաց մէջը դեռ իմ յոյսը չեմ կտրի»:
«Յոյսով լեցուեցաւ սիրտը հայութեան
Երկիւղը պատեց կայսեր օսմանեան»:
Լոս Անճելըս 2016
(Շար. 3)
Bravo enger boghos vartsget gadar chad hianali nrwt