ՅԱԿՈԲ ԱՅՆԹԱՊԼԵԱՆ
Ոչ եւս է Մուսա Լեռ ծնած, Այնճարի հիմնադիր սերունդէն ամէնէն ականաւոր դէմքերէն մին, որուն յետմահու գնահատականը տալու ընթացքին մենք կը տեսնենք բազմաչարչար մանկութենէ ու տառապալից պատանեկութենէ ետք կեանք մը ամբողջ` համակ նուիրումի ու ծառայութեան: Որբութիւն ու գաղթականութիւն ճաշակած մանկութիւն, ապա` չքաւորութիւն:
Կարօտ ապրած պատանեկութիւն, ուսումը կիսատ թողած ու ընտանիքի հոգերը ուսերուն շալկած երիտասարդութիւն, բայց բառին բուն իմաստով` կայացած իբրեւ ուրոյն մարդ, մեր երէց ընկերը` Գաբրիէլ Հաւաթեան, կրցած է ճիշդ արժեւորել մեր հայկական ընտանեկան սրբութիւնները ու յոյժ գնահատել ազգային ու քրիստոնէական մեր իրականութիւնը:
Պատանի տարիքին զայն կը տեսնէք ՀՄԸՄ-ի Այնճարի մասնաճիւղին մէջ` իբրեւ ազգին ու հայրենիքին ծառայելու միշտ պատրաստ սկաուտ, ինչպէս նաեւ` ժիր ու առոյգ մարզիկ (մասնակից Հալէպի մէջ կազմակերպուած Նաւասարդեան խաղերու):
ՀՅԴ «Յառաջ» պատանեկան միութեան մէջ թրծուելէ ետք պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութեամբ մուտք կը գործէ Դաշնակցութեան շարքերը, ուր անսակարկ նուիրուածութեամբ ու աշխատասիրութեամբ կ՛անդամակցի ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի գրեթէ բոլոր յանձնախումբերուն, բայց յատկապէս երկար տարիներ կը ծառայէ դատական յանձնախումբին մէջ` իբրեւ արդարամիտ ու պարկեշտ կուսակցական:
Բազմաթիւ տարիներ Գաբրիէլ Հաւաթեան եղած է Այնճարի Քաղաքապետական խորհուրդի անդամ եւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ամէնէն թէժ տարիներուն ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի թելադրութեամբ ստանձնած է քաղաքապետի պաշտօնը, զոր վարած է ամենայն բծախնդրութեամբ, ինքնազարգացումով ու ընթերցանութեամբ հաւաքած իր գիտելիքներով ան նաեւ օգտակար եղած է Ազգային «Գալուստ Կիւլպէնկեան» վարժարանին` իբրեւ բազմաթիւ տարիներու խնամակալութեան անդամ:
Իբրեւ քրիստոնէական սկզբունքներու թունդ հաւատացող` 18 տարիներ անընդմէջ անդամակցած է Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ Թաղական խորհուրդին եւ երկար տարիներ ստանձնած` ատենապետի պաշտօնը. ծառայութեան աւարտին Լիբանանի հայոց թեմի օրուան առաջնորդ, Արամ Ա. վեհափառին կողմէ արժանացած է յատուկ գնահատագիրի:
Այդ տարիներուն եղած է ազգային կալուածներու հիմնադիր անդամներէն մին:
Գաբրէիլ Հաւաթեան կը նկատուի նաեւ Այնճարի մէջ գիւղատնտեսական համագործակցութեան հիմնադիրներէն մէկը եւ մինչեւ վերջերս գլխաւոր կապը` արտաքին աշխարհին հետ:
Այլապէս ալ ըլլալով բծախնդիր ու որակեալ գիւղատնտես` Կեպի անունը լիբանանեան առումով հանրածանօթ անուն մըն է` իբրեւ մասնագէտ գիւղատնտես ու յառաջատար` որակաւոր պտուղներու արտադրիչ:
Իբրեւ ընտանիքի բարեգործ ու պատուախնդիր հայր` եւս փաստ է, որ ան ունի իր ժառանգորդները, որոնք իրենց հօր նման կոչուած են ծառայելու Այնճարի զարգացման ու բարգաւաճման:
Արդարեւ, մենք առյաւէտ կը բաժնուինք մեր երէց ընկերոջմէն` հաւատաւոր դաշնակցականէն, քրիստոնէութեան նուիրեալ ծառայէն, Այնճարի բարգաւաճման ծրագիրներու մէջ իր վաստակը թողած օրինակելի եւ անշահախնդիր առաջնորդներէն մէկէն, բայց մանաւանդ` նկարագրի տէր, աշխատասէր, բծախնդիր, ծառայասէր, արդարամիտ եւ թունդ հայրենասէր ընկերոջմէ, հօրմէ եւ հարազատէ:
Միշտ կոկիկ հագուած` ընկ. Գաբրիէլը տակաւին երկար տարիներ պիտի տողանցէ ու իր աւանդը փոխանցէ մեր յիշողութեան մէջ:
«Յառաջ», ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէին, Այնճարի Քաղաքապետական խորհուրդին ու գիւղին մէջ գործող միութիւններուն կողմէ կ՛ըսենք` վա՛րձքդ կատար եւ հողը թեթեւ գայ վրադ:
* Դամբանական` արտասանուած ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէին եւ Այնճարի քաղաքապետութեան անունով, Գաբրիէլ Հաւաթեանի մահուան առիթով:


