Հարցազրոյցը վարեց` ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ
Վերջին ամիսներուն հայկական իրականութեան մէջ բաւական աչքառու կերպով լուսարձակները իրենց վրայ հրաւիրեցին Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնութեամբ կատարուած տարբեր տեսակի նախաձեռնութիւնները, որոնք հիմնականին մէջ կը կրէին կրթական բնոյթ եւ հայ նոր սերունդ ու հայկական կառոյցներուն մէջ գործելու կոչուած ատակ մարդուժի պատրաստութեան առաջադրանք:
Այս բոլորին մասին մանրամասն տեղեկութիւններ ունենալու նպատակով «Ազդակ» հարցազրոյց մը կատարեց Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ դոկտ. Մկրտիչ Մկրտիչեանի հետ, որ անդրադարձաւ այն երեւոյթին, թէ Համազգայինի հիմնական բնագաւառներէն մէկը կրթականը ըլլալով, միշտ ալ այդ ուղղութեամբ նոր նախաձեռնութիւններ կատարելու հետեւողական աշխատանք կը տարուի` թիրախ ունենալով տարբեր սերունդներ: Զրոյցի առանցք հանդիսացան նաեւ «Բագին»-ը, «Արդի հայերէնի հիմնախնդիրներ» վերնագիրը կրող գիտաժողովը, «Լալան ու Արան» ծրագիրը, ինչպէս նաեւ` տարբեր աշխատանքներ:
Ստորեւ` հարցազրոյցին ամբողջութիւնը:
«ԱԶԴԱԿ».- Վերջին ժամանակաշրջանին Համազգայինը կարծէք թէ համահայկական բեմին վրայ շարժման մէջ մտած է: Կրնա՞ք մեր ընթերցողներուն ներկայացնել Համազգայինի գլխաւոր ծրագիրները:
ՄԿՐՏԻՉ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ.- Ճիշդ է, որ կան նորութիւններ, որոնցմէ վերջինը Փարիզի Թարգմանչաց վարժարանի Համազգայինի կողմէ որդեգրումն է: Գիտէք, որ Համազգայինի հիմնական բնագաւառներէն մէկը կրթական մարզն է: Շուրջ երկու տարի առաջ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը Փարիզի Իսսի-Լէ-Մուլինօ շրջանը գտնուող Թարգմանչաց վարժարանի ղեկավարութենէն ստացած էր դիմում` դպրոցի ղեկավարման ու զարգացման հարցերուն մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ստանձնելու: Այս ուղղութեամբ տեղի ունեցան սպառիչ խորհրդակցութիւններ, որոնց աւարտին կնքուեցաւ համապատասխան համաձայնագիր 2015-ի դեկտեմբերի սկիզբը:
«Ա».- Անշուշտ առայժմ գոնէ շատ կանուխ է արդիւնքներուն մասին խօսելու: Ի՞նչը կը վստահեցնէ ձեզ, որ յաջողութիւն պիտի արձանագրուի այս գործին մէջ:
Մ.Մ.- Նախատեսութիւններ կատարելու համար դեռ շատ կանուխ է: Սակայն Համազգայինի համար Ֆրանսայի մէջ կրթական գործը արդէն նուաճումներ արձանագրած է: Արդարեւ, 35 տարիներ առաջ հիմնուած Մարսէյի Ճեմարանի գոյութեան եւ անոր յաջողութեան փաստը գրաւական մըն է նաեւ ապագայ յաջողութիւններու: Պէտք է ըսել, որ բաւական երկար թմբիրէ մը ետք Ֆրանսայի մէջ կրթական գործը վերածաղկումի հանգրուան մը թեւակոխած է: Վերջին տասնամեակին մէկէ աւելի շրջաններու մէջ նոր դպրոցներ բացուած են, հիներէն ալ ոմանք կը փորձեն ինքզինքնին նոր շունչով վերանորոգել: Թարգմանչաց վարժարանը հիմնուած է իր ատենին հայկական կրթութեամբ մտահոգ յարգելի հայորդիներու կողմէ, որոնք,երբ ժամանակն ու կացութիւնը հասունցան, անդրադարձան, թէ իրենց յանդուգն նախաձեռնութիւնը պէտք է վստահիլ կազմակերպութեան մը, որպէսզի հաստատութեան շարունակականութիւնն ու յարատեւութիւնը աւելի ապահով դառնայ: Այս գործին համար յարմար նկատած են Համազգայինը: Աւելորդ է ըսել, որ ասիկա մեզի համար հաճելի բեռ է: Նոյնքան աւելորդ է շեշտել, որ Ֆրանսան հայկական շօշափելի ներկայութեամբ գաղութ ըլլալով` կարեւոր դեր ունի կատարելիք. հայկական երկլեզու (հայերէն եւ ֆրանսերէն) դպրոցներու զարգացումը երկրէն ներս կը նպաստէ այդ դերը ճիշդ հունի մէջ պահելու գործին:
«Ա».- Արժէ նաեւ անդրադառնալ Երեւանի պետական համալսարանի եւ Համազգայինի գործակցութեամբ կազմակերպուած «Արդի հայերէնի հիմնախնդիրներ» վերնագիրը կրող գիտաժողովին. անոր արդիւնքներուն նկատմամբ ի՞նչ են ձեր գնահատականները:
Մ. Մ.- Գիտաժողով մը, բնականաբար, վերջնական արդիւնք չի տար: Բայց անշուշտ գիտաժողովին ընթացքին արտայայտուած գաղափարները կ՛ազդեն որոշում կայացնող վարչական կեդրոններու դիրքորոշումներուն վրայ: Այդ իմաստով, ուրիշներու կարգին, ԵՊՀ-Համազգային գիտաժողովի ընթացքին արտայայտուած գաղափարներն ալ իրենց ազդեցութիւնը պիտի ունենան հայերէնի մասին քաղաքականութիւնը ճշդելու հարցին մէջ: Մեր շուրջը դիտելով` կը զգանք, որ այս նիւթին շուրջ հետաքրքրութեան աստիճանը զգալիօրէն բարձրացած է: Վկայ է այս նիւթով կազմակերպուած ու դեռ նախատեսուած գիտաժողովներու եւ խորհրդաժողովներու թիւը: Ինչ որ աւելի կարեւոր է, այս նիւթին շուրջ կատարուող արտայայտութիւններու ոճին մէջ զգացուող փոփոխութիւնն է: Միտքերն ու անոնց արտայայտութեան ձեւը համեմատելով դեռ մօտաւոր անցեալին կատարուածին հետ` անոնք բաւական հասունցած ու հանդարտած են, ինչ որ կարելի կը դարձնէ նիւթին առարկայական, հետեւաբար` գիտական քննարկումը: Գալով տուեալ գիտաժողովին, անոր աւարտին տեղի ունեցած պատասխանատու արտայայտութիւնները վկան էին անոր յաջողութեան: Ինչպէս միշտ` այս գիտաժողովի զեկուցումներն ալ մօտաւոր ապագային լոյս պիտի տեսնեն յատուկ հատորով. այն ատեն աւելի ցայտուն կերպով պիտի երեւի այդ գիտաժողովին կարեւորութիւնն ու անոր յաջողութիւնը:
«Ա».- Իսկ ի՞նչ պատկեր կը ներկայացնեն Համազգայինի միւս նախաձեռնութիւնները. օրինակ` հայերէնի ուսուցիչներու պատրաստութիւնը, որ յատուկ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ մանաւանդ սփիւռքի դպրոցներուն համար:
Մ. Մ.- Հայերէնի ուսուցման համար ատակ ուսուցիչներու պատրաստութիւնը Համազգայինի համար միշտ առաջնահերթութիւն ունեցած է: Պէտք չէ մոռնալ, որ Համազգայինի կողմէ եւ Լեւոն Շանթի ու Նիկոլ Աղբալեանի յատուկ ճիգերով հիմնուած Պէյրութի Հայ Ճեմարանը երկար ատեն ամբողջ սփիւռքին ուսուցիչներ եւ այլ մարզերու համար պաշտօնեաներ պատրաստող սփիւռքեան կարեւոր հիմնարկներէն մէկը հանդիսացած է. այդ աշխատանքը Ճեմարանը արդիւնաւէտ կերպով կատարած է եւ Համազգայինը հպարտ է այդ արդիւնքով: Մէկ աստիճան վեր բարձրանալով նոյն նպատակին ծառայելու համար Համազգայինը աւելի քան քառասուն տարիներ առաջ հիմը դրաւ Ճեմարանի հիմնադրման օրերուն արդէն նախատեսուած Համազգայինի Հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկին, որ անխափան գործեց շուրջ երեսուն տարիներ: Ներկայիս նոյն նպատակով կը գործեն «Դպրոցական վարչագիտութեան կրթանպաստ»-ը եւ «Հայերէնագիտութեան նիւթերու ուսուցիչներու պատրաստութեան ծրագիր»-ը: Առաջինը վարժարաններու ընդհանրապէս վարչական անձնակազմ պատրաստելու միտող նախաձեռնութիւն մըն է, իսկ երկրորդին նպատակը արդէն անունէն կարելի է հետեւցնել: Պէտք է ըսել, որ Համազգայինը ԵՊՀ-ի հետ իր գործակցութեան ծիրէն ներս միշտ հետապնդած է ազգային համալսարանին մէջ արեւմտահայերէնի ուսուցման եւ ուսումնասիրութեան յատուկ բաժանմունքի մը ստեղծումը: Այդ ծրագիրը ներկայիս յանգած է ուսուցիչներու պատրաստութեան մեր ներկայ ծրագրին, որ չորս տարիներէ ի վեր արդէն կը գործէ: Ներկայ ակադեմական տարեշրջանի աւարտին ծրագիրը կ՛ունենայ իր առաջին շրջանաւարտը: Թեկնածուներու ընդհանուր թիւը առայժմ եօթն է. անոնցմէ երկուքը արդէն հասած են ԵՊՀ-ի մէջ աշխատանքը շարունակելու հանգրուանին: Մնացեալները դեռ պէտք է ամբողջացնեն իրենց համապատասխան երկիրներէն ներս ուսումնառութեան ժամանակաշրջանը: Պէտք է ըսել, որ մենք գոհ չենք այս թիւէն. այդ ուղղութեամբ քարոզչական աշխատանք կը տարուի, որպէսզի շահագրգռուողերու թիւը բարձրանայ, քանի ամէն տեղ իսկապէս հայերէնի ուսուցիչներու կարիքը կայ: Մենք վստահ ենք, որ ազգային իմաստով կարեւոր այս գործը յաջողութեամբ պիտի պսակուի` միաժամանակ նպաստելով հայկական տարբեր շրջաններէ եկող անհատներու համարկման. իրարու եւ հայրենաբնակ հասարակութեան հետ:
«Ա».- Կրնա՞ք լուսաբանութիւններ տալ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան «Լալան ու Արան» ծրագրին մասին. պէտք է ըսել, որ ան մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուցած է մանաւանդ երիտասարդ հայ ծնողներու խաւին մէջ:
Մ. Մ.- Այդ հետաքրքրութիւնը նախատեսելի էր: «Լալան ու Արան» ծրագիրը երեխաներու համար հայ փորձառու մանկավարժներէ կազմուած խումբի մը կողմէ պատրաստուող ելեկտրոնային խաղերու շարք մը պիտի ըլլայ, որուն առաջին խաղը արդէն հրապարակի վրայ է` «Գոյներու աշխարհ» անունով: Մեր ժրաջան խումբը արդէն ձեռնարկած է երկրորդ խաղի պատրաստութեան: Ի դէպ, այս եւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան բոլոր նախաձեռնութիւններու մասին մանրամասն տեղեկութիւններ կրնաք քաղել մեր կայքէն` www.hamazkayin.com:
«Ա».- Այլ նախաձեռնութիւննե՞ր:
Մ. Մ.- Այսքանը բաւարար չէ՞ միթէ.մանաւանդ եթէ նկատի ունենանք, որ այս բոլորը կը բարդուին արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող ընթացիկ աշխատանքներուն վրայ: Պէտք չկայ ըսելու, որ Համազգայինի դպրոցներու յանձանցումը մեզմէ բաւական ժամանակ կը խլէ, հակառակ այն իրողութեան որ դաշտի վրայ զբաղողները իրենց աշխատանքը աւելի քան գոհացուցիչ կերպով կը կատարեն: Կազմակերպչական ընթացիկ աշխատանքները կը տարուին հարկ եղած բծախնդրութեամբ: Գրեթէ բոլոր շրջանները իրենց աշխատանքը խանդավառութեամբ կը տանին: Շուտով կ՛ունենանք նաեւ նոր մասնաճիւղեր: Ամերիկեան ցամաքամասի Համազգայինի հիմնադրամներու նորաստեղծ յատուկ գրասենեակը իր հետագայ աշխատանքներու ծրագիրը ամբողջացնելու վրայ է: Հրատարակչական, գրախանութ եւ պատկերասրահ պատուաւոր տեղ ունին համահայկական հրապարակի վրայ:
«Ա».- Վերջին հարցում մը: Բոլորին զարմանք կը պատճառէ «Բագին»-ի, հակառակ ներկայի բոլոր դժուարութիւններուն, հրապարակման կանոնաւորութիւնը: Այս մասին ըսելիք ունի՞ք:
Մ. Մ.- Այդ զարմանքը տեղին է, քանի անոր հրատարակութիւնը կը յաջողի նիւթական մեծ զոհողութիւններու գնով: Հայոց լեզուի պահպանման համար կարեւոր է հայերէնով գրականութեան ստեղծագործութիւնը, իսկ այդ գործին աւելի քան յիսուն տարիներէ ի վեր կը նպաստէ արդէն «Բագին»-ը իր նշանաւոր խմբագիրներու` ատենին Կարօ Սասունիի, Պօղոս Սնապեանի, Եդուարդ Պոյաճեանի ճիգերով, իսկ վերջին տասնմէկ տարիներուն` մեր անխոնջ ընկեր Յակոբ Պալեանի ներդրումով: Ի դէպ, Յ. Պալեան տարիքի յառաջացման պատճառով Կեդրոնական վարչութեան արդէն ներկայացուցած է իր հրաժարականը, եւ այս օրերուն նոր խմբագրական կազմ յառաջացնելու փնտռտուքի մէջ ենք: Շուտով կ՛եզրակացուի, եւ «Բագին»-ը յաջորդ տարեշրջանին լոյս կը տեսնէ նոր խմբագրական կազմով:
Ի դէպ, քիչ առաջ մոռցայ նշելու կարեւոր երկու այլ նախաձեռնութիւններ: Մէկը` մշակութային հարթակի (փլաթֆորմ) մը պատրաստութիւնն է, որ մեզմէ բաւական ժամանակ կը խլէ: Իրականացման ճամբուն վրայ են նաեւ երկու խորհրդաժողովներ 2016-ի ընթացքին. մէկը` Պոլսոյ մէջ հայկական ինքնութեան առնչուող թեմայով մը` գործակցաբար «Հրանդ Տինք հիմնարկ»-ին հետ, երկրորդը`հայկական եւ քրտական մշակոյթներու հասարակաց գիծերուն մասին նիւթերով` գործակցաբար Տիգրանակերտի քաղաքապետութեան մշակութային բաժանմունքին: Ի հարկ է, երկուքին ալ իրականացումը այլեւս կախեալ է Թուրքիոյ ներքին կացութեան զարգացումէն: