Ձեռնարկներու Նախօրէին
Հայկական Ժամադրութիւն
Խօսք կու տաս ժամը 9:00-ին գալ, կը հասնիս ժամը 10:00-ին: Երբ մեղադրանքի խօսք լսես, իբրեւ ինքնարդարացում` կը բաւէ, որ ժպտիս եւ ըսես.
– Աղուո՛րս, հայկական ժամադրութիւն է, չէ՞…
Հարցը կը փակուի:
Եւ երբ ուզես, որ ժամադրութիւն մը յարգուի, անպայման պէտք է ընդգծես.
– Նայէ՛, ժամը 9:00-ին, հա՞: Մեր ժամադրութիւնը հայկական չըլլայ…
Հայկական շատ բաներ պատուական են: Բացի` ժամադրութիւններէն:
– Ժամանակը ի՞նչ արժէք ունի, եղբա՛յր: Կէ՛ս ժամ առաջ, կէ՛ս ժամ ետք: Մենք Ֆրենկ չենք: Արեւելքցիներս մեր ուրոյն փիլիսոփայութիւնը ունինք: Մեր պատմութեան ընթացքին նկատուած ենք կամուրջ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ, Արեւելքի վրայ բարձրացող մեր հիմքերը ճզմած են ժամանակի հասկացողութիւնը:
Յետոյ ժամանակի առատութեան վրայ մենք անսահման հաւատք ունինք: Այդ հաւատքով չէ՞ որ դիմացած ենք` համբերելով եւ յուսալով:
– Երբ ժամանակը գա՜յ…
Ընդհանրապէս կա՛մ ժամանակը չէ եկած, կա՛մ եկած է եւ մեզ պատրաստ չէ գտած:
Սակայն մենք չենք յուսահատած: Միշտ սպասած ենք ժամանակին եւ` ապաւինած անոր:
Ուստի, կ՛արժէ՞ սա մէկ ժամուան համար այսքան աղմուկ բարձրացնել: Յետոյ մենք սիրած ենք ամէն ինչի մէջ բացառութիւն կազմել: Շատ անգամ մեր այդ գիծը պահած է մեզ:
Կ՛ըսես` աշխարհ կը յարգէ ժամադրութիւնը: Եթէ մենք ալ յարգենք, կը նմանինք աշխարհին: Կը ձուլուինք: Ուստի լա՛ւ է մեր որդեգրած ձեւը:
Երբ ժամադրութեան մասին խօսք ըլլայ, թող յիշուի ծուռը, բացառիկը, հայկականը:
Այլապէս ալ, երանի միայն հայկական ժամադրութիւնը ժամադրութիւն չըլլար: Մենք ուրիշ ինչե՜ր ունինք, որ չունի՛ն:
– Փաստաբանութիւն կարդացա՞ծ ես:
– Ո՛չ, բայց փաստաբանութեան դաս սիրած եմ տալ:
– Լա՛ւ, ինչպէ՞ս կ՛արդարացնես, երբ հաւաքոյթ մը կայ, դասախօսութիւն մը, ասուլիս մը, երաժշտական ունկնդրութիւն մը, յայտարարուած ժամէն ժամե՛ր ետք դուռը բացող ներս մտնող ազգայինը:
– Պարզ է. յանցաւորը ոչ այնքան ուշացողն է, որքան` ուշացողին աթոռ ցոյց տուողը: «Համազգային»-ի ձեռնարկներուն երկու վայրկեանով ուշացողը չի կրնար դիտել առաջին արարը: Ատոր համար ալ ուշացողներուն թիւը քիչ է:
– Ըսել կ՛ուզես…
– Ըսել կ՛ուզեմ` թող կազմակերպողները յանձն առնեն, յանուն «հայկական ժամադրութեան» արժեւորումին, քանի մը ձեռնարկներու թուական յաջողութիւնը զոհել:
Թող թերթերը գրեն.
«Այսինչ հաւաքոյթը, որ տեղի պիտի ունենար այնինչ տեղը, այնինչ ժամուն, ձախողեցաւ` յայտարարուած ժամանակէն ետք հասնող բազմութիւնները պատժելու համար: Պատի՛ւ այս պատուաբեր ձախողութեան»:
Ձախողութիւն մը, որ մեծագոյն յաջողութիւնը կրնայ նկատուիլ ազգային պատմութեան «հայկական ժամադրութիւն» հոլովոյթին մէջ: Ձախողութի՜ւն մը, որ ոսկի տառերով կրնայ գրուիլ…
ԱՍԻԱՑԻ
Վաղուան Կեանքը
Նոր քաղաքակրթութիւն մը կը ծնի մեր աչքերուն առջեւ, Նոր քարի դարէն մինչեւ 1945 մարդկային ցեղը շատ աւելի քիչ գիւտեր ճանչցաւ, քան` 1945-էն մինչեւ այսօր:
Եւ հիւլէական ռումբի հայրը` Ռոպըրթ Օփընհայմըր վերջերս յայտարարեց. «Մարդկութեան տուած գիտնականներուն ինը տասներորդը կ՛ապրի այսօր: 40 տարուան մէջ աւելի մեծ յառաջդիմութիւն արձանագրեցինք, քան` 40 դարերու ընթացքին:
«Մեր ծանօթութեանց հարիւրին 90-ը կը պարտինք մարդոց, որոնք դեռ կ՛ապրին»:
***
Թիւերը պերճախօս են:
Վերջին քսան տարիներուն մարդուն ձեռք բերած արագութիւնը ժամական 700-էն հասաւ 40 հազար քիլոմեթրի: 1945-ին Գերմանիոյ արձակած մեծագոյն ռումբը տասը թոն թրինիթրոթուելին էր:
Քսան տարի ետք Խորհրդային Միութիւնը փորձեց հիւլէական ռումբ մը, որ 97 միլիոն թոն թրինիթրոթուելին էր:
1770-ին յիսուն հազար աստղեր համրուած էին: Հիմա երեք միլիոնի կը հասնին: Եւ ոչ ոք կրնայ նախատեսել, թէ ո՛ւր կանգ պիտի առնէ գիտական այս արշաւը:
***
Փոխադրական միջոցներու յառաջդիմութեան յատկանիշը ա՛յն է, որ շատ օդակայաններ նոյնիսկ գործածուելէ առաջ անպէտ դարձան, որովհետեւ ի վիճակի չէին վերջին տիպի օդանաւեր ընդունելու:
Բոլոր մարզերուն մէջ արձանագրուող վիթխարի յառաջդիմութեան յատկանիշը նաեւ այն իրողոթիւնն է, որ մեծ ընկերութիւնները կը պատրաստեն ծրագիրներ, որոնք տասնեակ տարիներու համար են:
Եւ մասնագէտները կը ջանան վաղուան աշխարհին պատկերը տալ:
Կասկած չկայ, որ վաղուան քաղաքակրթութիւնը քաղքենի քաղաքակրթութիւն մը պիտի ըլլայ:
Յանդուգն ճարտարապետ Եոնա Ֆրետմանի համաձայն, «չափազանցութիւն չէ ըսել, որ Ֆրանսա պիտի պարփակուի տասնէն տասներկու մեծ քաղաքներու մէջ: Եւրոպա` հարիւր քսան, Չինաստան` երկու հարիւր, ամբողջ աշխարհը` հազար մեծ քաղաքներու մէջ»:
Իսկ ռուս փրոֆեսէօր Վալերի Պրիւսով կը նախատեսէ մեր մոլորակին վերածումը «միակ քաղաքի» մը, դատապարտուած` դանդաղօրէն մեռնելու:
***
Իրողութիւն է, որ գիւղացիները գիւղերը կը լքեն: Եւ կը նախատեսուի, որ 1990-ին երկրագունդի հողագործ բնակչութիւնը հարիւրին տասը պիտի չանցնի:
1865-ին կենտինար մը (56 քիլօ) արմտիքի արտադրութիւնը 15 օրուան աշխատանք կը պահանջէր: Այսօր 15 վայրկեան կը պահանջէ: Բայց գիւղը պիտի չամայանայ:
Կը պատրաստուի մարդու նոր տիպար մը` արձակուրդի մարդը: Շատ հեռու չենք այն ժամանակաշրջանէն, երբ շաբաթը երեսուն ժամ եւ տարին 40 շաբաթ պիտի աշխատինք: Մնացեալ ժամանակը պիտի անցընենք գիւղերու մէջ:
Սակայն պէտք չէ ծածկենք, որ ապագան շատ մը վտանգներ ալ կը պարունակէ:
Մեծագոյն վտանգները երեք են. հիւլէական պատերազմը, գերբնակչութիւնը եւ անգործօն վիճակի վարժուիլը:
Ո՛րքան ալ տարօրինակ թուի, հիւլէական պատերազմի վտանգը ամէնէն փոքրն է:
Որովհետեւ ի՞նչ պիտի արժէր յաղթանակ մը, երբ երկու հակառակորդներն ալ մեռած պիտի մնային պատերազմի դաշտին մէջ:
Ամէնէն լուրջ վտանգը գերբնակչութեան վտանգն էր:
Որովհետեւ 1990-ին մեր մոլորակը պիտի պատրաստուի սնունդ հայթայթելու այսօրուընէ մէկուկէս միլիառ աւելի մարդոց:
Ինչպէ՞ս պիտի լուծուի այս խնդիրը, երբ դեռ այսօր աշխարհի բնակչութեան երկու երրորդը թերի սնունդ կը ստանայ: Ամէն պարագայի մէջ, ապագան շատ ալ մռայլ չէ:
***
Աշխարհ կրնայ սնուցանել 12 միլիառ մարդ, եթէ մշակուի այնպէս, ինչպէս, օրինակի համար, այսօր կը մշակուի Հոլանտան:
Միւս կողմէ, երկրագունդի բնակիչներուն թիւը կրնայ կայունանալ ծնունդներու սահմանափակումով: Եւ շատեր կ՛ըմբռնեն այսօր, թէ անհրաժեշտ է այս միջոցին դիմել:
Վերջապէս, հիւլէական ուժը պիտի արժեւորէ Սիպերիոյ, Ալասքայի եւ Քանատայի սառուցեալ շրջանները եւ բոլոր երկրամասերուն անապատները, առանց խօսելու այն սնունդի մասին, որ վաղուան մարդը կրնայ ստանալ ովկիանոսներէն:
***
Կը մնայ երրորդ սպառնալիքը, որ նաեւ ամէնէն լուրջն է:
Վաղուան մարդը հոգեբանօրէն անպատրաստ պիտի ըլլայ ընդունելու յառաջդիմութեան արդիւնք այս բոլոր փոփոխութիւնները եւ մանաւանդ` լեցնելու իր պարապ ժամերը:
Պիտի ապրի առատութեան մէջ: Պիտի վճարուի նոյնիսկ եթէ չաշխատի: Ծանօթութեան անբաղդատելի պաշար մը պիտի ունենայ:
Եւ սակայն ամէն տեղ եւ ամէն ատեն դարանակալ իրեն պիտի սպասէ ձանձրոյթն ու ջլախտը, քանի որ պիտի չկարենայ ելք տալ իր կենսունակութեան, սպառել իր ուժը:
***
Թեքնիքի քաղաքակրթութեան մը մէջ, ուր մարդ ամէն ինչ պիտի վստահի մեքենաներուն, կեանքը պիտի կորսնցնէ իր բնականոն գեղեցկութիւնը:
Այսուհանդերձ, պէտք չէ յոռետես ըլլալ: Մարդկային խօսքը շատ հնարամիտ է:
Թարգմ. ՎԷՆ