Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միրզոյեան Եւ Իր Երաժշտութիւնը

Օգոստոս 17, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

pidejian_8-17-15

ԳՐԻԳՈՐ ՓԻՏԷՃԵԱՆ
(Երաժշտագէտ)
Պատուոյ փրոֆեսէօր Երեւանի Կոմիտասի
անուան պետական երաժշտանոցի

Եդուարդ Միրզոյեանի դաշնամուրային գործերը վերջերս հրատարակուեցան Երեւանի Եղիշէ Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին կողմէ: Երաժշտական հատորը կը պարունակէ «Եդուարդ Միրզոյեանի պոէմ եւ ալպոմ թոռնիկիս, դաշնամուրի համար» գործերը ներդրուած Շահան Արծրունիի կողմէ, անոնց կատարումներու խտասալիկով մը:

Այս հատորը իր ձայնապնակով իւրայատուկ արժէք ներկայացնող աշխատանք է ո՛չ անոր համար, որ ան մեծ երգահան Եդուարդ Միրզոյեանի գործն է կամ ոչ անոր համար, որ ան մեծ արուեստագէտ դաշնակահար Շահան Արծրունիի գործն է, այլ այն պատճառով, որ ան այս երկուքին` թէ՛ հեղինակին, եւ թէ՛ կատարողին, միասնական գործակցութեան արգասիքն է:

Միրզոյեանի ստեղծագործութիւններու թիւը սահմանափակ է: Դժբախտաբար, իր ստանձնած ընկերային, վարչական, կազմակերպչական ու այլ աշխատանքները` խլելով իր ստեղծագործական թանկագին ժամանակին մէկ մասը, չկարողացաւ ստեղծագործական մեծ ժառանգութիւն մը թողուլ: Այդուամենայնիւ, այդ քիչովն իսկ կարողացաւ ինքզինք պարտադրել որպէս 20-րդ դարու երեւելի երգահան: Այս պատճառով ալ ներկայացուած դաշնակի երկու գործերը, որպէս իր միակ դաշնակային ստեղծագործութիւնները, յատուկ արժէք կը ներկայացնեն:

Այս երկու գործերուն մասին մեր լաւագոյն ծանօթութիւնը կու գայ Շահան Արծրունիի գրած «Նախաբան»-էն: Ուստի կարդանք արեւելահայերէնի վերածուած այս կէտին մասին անոր խօսքը:

«Պոէմ»-ը Միրզոյեանը գրել է իր դուստր Զարայի համար, որ դաշնակահարուհի է եւ երկար ժամանակ ցանկացել է, որ հայրը մի ստեղծագործութիւն յօրինի իր համար: … գրել է «Պոէմ»-ը` որպէս նուէր դստերը` Երեւանի Չայքովսքու անուան երաժշտական տասնամեայ դպրոցն աւարտելու առթիւ:

Իսկ, «Ալպոմ Թոռնիկիս» երկը ստեղծուել է բոլորովին այլ հանգամանքներում: 1983-ին Ֆրանսայի հրատարակիչ Ալֆոնս Լըտիւքն այցելել է Հայաստան, ծանօթացել երկրի երաժշտական աշխարհի պաշտօնեաների հետ: Հայաստանի կոմպոզիտորների միութեան գլխաւոր քարտուղար (իմա նախագահ) Եդուարդ Միրզոյեանի հետ պաշտօնական հանդիպման ընթացքում Լըդիւկը վերջինիս առաջարկել է մի դաշնամուրային երկ յօրինել:

Միրզոյեանը նոր ստեղծագործութեանը համար մի անզուգական մուսա է գտել` ի դէմս իր երկուքուկէս տարեկան թոռնիկի: «Այդ ի՞նչ ես երգում, Մարիամ», հարցրել է կոմպոզիտորը: «Չգիտեմ», պատասխանել է թոռնիկը` պապիկի շուրջ պարելով եւ «մշակելով» եղանակը, մինչեւ որ ան վերածուել է մի մեղեդու, որը, ինչպէս Միրզոյեանն է գիտակցել, սովորական մի երգի` չորս տակտով կառուցուածքից անցումն է հինգ տակտով մեղեդու: Ներշնչուած` Միրզոյեանն անմիջապէս սկսել է լրջօրէն աշխատել Լըտիւքի պատուէրի վրայ, որը հետագայում վերագրուել է «Ալպոմ թոռնիկիս»: Այս երկը կը բաղկանայ վեց մանրանուագներէ հետեւեալ անուանակոչումներով. 1.- Առաւօտ, 2.- Մարիամ, 3.- Մտորում, 4.- Խաղ, 5.- Տխուր վալս, 6.- Թոքքաթինա:

Այսքանը երաժշտահատորին եւ հեղինակին մասին բաւ համարելով` կ՛անցնիմ ներկայացնելու գիրքին ընկերացող խտասալիկը:

Սփիւռքի մէջ ծնած ու աշխարհի մէջ (հայ եւ օտար) մեծ յարգանքի արժանացած Շահան Արծրունի, իր կատարողական վսեմ արուեստով, հարուստ վաստակովը ու ներդրումովը, յատկապէս հայ դաշնակային երաժշտութեան բնագաւառին մէջ, պատիւներու եւ շքանշաններու արժանացած, դարձած է արուեստագէտ դաշնակահարներու աստղահոյլին մէջ ամենափայլող աստղերէն մին:

Երաժշտահատորին ընկերացող խտասալիկը կը ներկայայցնէ եզակի արժէք: Բացատրեմ, թէ ինչո՛ւ: Այն, ինչ որ ունկնդրողին կը հրամցուի երաժշտական կատարողական գերազանց վարպետութեամբ, ինքնին բաւ է նկատելու խտասալիկին ներկայացուցած բացառիկ արժէքը: Երբ այս գործերուն մեկնաբանութիւնը կը լսենք վարպետ դաշնակահար Շահան Արծրունիի հրաշագործ մատներով կատարուած, յիրաւի հրաշագործութեան մը ունկնդիրը կ՛ըլլանք:

Արուեստագէտ դաշնակահարին այս խտասալիկը երաժշտահատորին մէջ զետեղուած բազմահազար նօթաներուն երեւելի ու արտաքին արժէքներով կատարուած ձայնագրութիւն մը չէ. այլ` տողագրուած նօթաներուն ետին գտնուող անտեսանելի, սակայն ներկայ եղող երաժշտութեան շունչն ու հոգին, որոնք զգալիօրէն կ՛արտայայտուին Արծրունիի խոհուն մեկնաբանութեանց ընդմէջէն:

Շահան Արծրունիի հրամցուցած այս խտասալիկը ո՛չ միայն երաժշտական վայելքի աղբիւր մըն է ունկնդրող հասարակութեան համար, այլ նաեւ` ուղեցոյց է զանոնք կատարել փափաքող դաշնակահարներուն համար, որո՛վ միայն կարելի կ՛ըլլայ նուագել այնպէս, ինչպէս ինքը` հեղինակը ներշնչում ապրած էր յօրինած պահուն:

Յիշատակդ անշէջ վարպետ:

Վարձքդ կատար մայեսթրօ:

Յ. Գ. Խտասալիկով երաժշտահատորը կարելի է ունենալ Երեւանի Եղիշէ Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի հրատարակչութենէն:

Նախորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Օտարութիւն

Յաջորդը

Գարմէն Աճէմեանի «Աշուղի Սէրը» Ձայնասկաւառակի Հրապարակման Առիթով Անդրադարձ` Աշուղական Երգերու Կարեւորութեան

RelatedPosts

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Դպրոցական Օրերէն Լաւ Յիշատակ Մը
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն «Թռչէի Մտքով Տուն»

Մայիս 10, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Գիտակից Մայրը (Մայրերու Օրուան Առթիւ)

Մայիս 10, 2025
Բնակա՞նը,  Թէ՞  Բնութիւնը
Անդրադարձ

Հերոսածին Մայրեր

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?