Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գարմէն Աճէմեանի «Աշուղի Սէրը» Ձայնասկաւառակի Հրապարակման Առիթով Անդրադարձ` Աշուղական Երգերու Կարեւորութեան

Օգոստոս 17, 2015
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

IMG-20150702-WA0005

Հայկական աշուղական երգերը հայկական երաժշտութեան հիմնական սիւներէն մէկը ըլլալով, նաեւ անքակտելի կերպով մաս կը կազմեն հայկական բազմադարեան մշակութային հարստութեան, որոնց պահպանումը եւ փոխանցումը եւս շատ կարեւոր է:

Այս ծիրին մէջ նախորդ ամիս տեղի ունեցաւ Գարմէն Աճէմեանի «Աշուղի սէրը» ձայնասկաւառակի շնորհահանդէսը` մասնակցութեամբ «Սայաթ Նովա» աշուղական համոյթի մենակատարներուն Սարգիս Խաչատրեանի եւ Արթիւր Մնացականեանի:  Այս առիթով «Ազդակ» հարցազրոյց մը կատարեց  Գարմէն Աճէմեանի, Սարգիս Խաչատրեանի եւ Արթիւր Մնացականեանին հետ:

«ԱԶԴԱԿ».- Խօսինք նոր հրապարակուած ձայնասկաւառակին մասին, ինչպէ՞ս ծագեցաւ գաղափարը նման նախաձեռնութիւն մը կատարելու եւ ի՞նչպէս ընթացան աշխատանքները:

ԳԱՐՄԷՆ ԱՃԷՄԵԱՆ.- Նախ եւ առաջ կ՛ուզեմ անդրադառնալ հայ երգին, հայկական ժողովրդական եւ աշուղական երգերուն հանդէպ ունեցած մեծ համակրանքիս, որ միշտ կրցած է զիս առաջնորդել նոր նախաձեռնութիւններու`  հետաքրքրութիւններս մղելով դէպի դասական որոնումներու: Այսօր ես ինծի բախտաւոր կը նկատեմ, որովհետեւ իբրեւ արդիւնք այդ սիրոյս, պրպտումներուս, ջուրը խմեցի ճշգրիտ աղբիւրէն, երբ համացանցին միջոցով ծանօթացայ «Սայաթ Նովա» աշուղական համոյթ էջին, որմէ ետք աշակերտեցի Աշուղ Ջիւանի անուան աշուղական դպրոցին ղեկավարին` Թովմաս Պօղոսեանի, որուն միջոցով նաեւ առիթ ընծայուեցաւ ծանօթանալու սոյն համոյթին մենակատարներուն` Սարգիս Խաչատրեանին  եւ ապա Արթիւր Մնացականեանին:

Մեր աշխատանքները սկիզբ առին 2013-ին` Երեւանի մէջ, եւ իր աւարտին հասան 2015-ին` «Աշուղի սէրս» ձայնասկաւառակով: Սարգիս Խաչատրեանի հետ յատուկ դասընթացքներով սկսանք  Աշոտ Աշոտի երգերէն, որոնցմէ «Այն ճիկար» երգը դարձաւ մեր առաջին  արձանագրած երգը, որ հետզհետէ զարգացուց տրամադրութիւնները այլ երգեր ալ արձանագրելու: Արձանագրած երգերը զետեղուած են այս ձայնասկաւառակին մէջ եւ անոնք ուրախութեամբ  կրնանք հրամցնել թէ՛ լիբանանահայ գաղութիւն, թէ՛ ալ աշխարհով մէկ  սփռուած բոլոր հայութեան: Աւելցնեմ, որ Սարգիս Խաչատրեանի անդրադարձը մեծ էր իմ աշխատանքներուս վրայ, ան է, որ   կարեւոր նկատեց հանրածանօթ մեծ անուններուն կողքին նաեւ այժմէական  նոր աշուղներուն` Երազի եւ Մանուէլի երգերը մեկնաբանելը:

«Ա.».- Ինչո՞ւ «Աշուղի սէրը»:

Գ. Ա.- Յիշեցնեմ, որ Սարգիս Խաչատրեան Երեւանէն կը հետապնդէր սկաւառակին աշխատանքները, իսկ Արթիւր Մնացականեան ալ իր ներդրումը բերաւ սկաւառակին երգերու ցանկին` յարմար երգերու ընտրութեան մէջ: Ինչպէս գիտէք, նախկին ձայնասկաւառակիս վերնագիրը հոն տեղ գտած երգերէն մէկուն վերնագիրն էր` «Ուխտ եմ առել», բայց այս անգամ` խորհրդակցելով երկու մենակատարներուն հետ, միասնաբար համաձայնեցանք «Աշուղի սէրը» խորագիրին ընտրութեան գծով, որպէսզի դրսեւորենք մեր ունեցած անսահման համակրանքն ու սէրը այդ երգերուն նկատմամբ:

«Ա.».- Մաս կը կազմէք «Սայաթ Նովա» աշուղական համոյթին` իբրեւ մենակատարներ, անդրադառնանք խումբին աշխատանքներուն, նաեւ խօսինք ձեր գործունէութեան մասին:

ԱՐԹԻՒՐ ՄՆԱՑԱԿԱՆԵԱՆ եւ ՍԱՐԳԻՍ ԽԱՉԱՏՐԵԱՆ.- Նշենք, որ 2010-էն սկսեալ ամէն տարի «Սայաթ Նովա» աշուղական համոյթը, իր բազմազան ելոյթներուն կողքին, որոնք կը ներկայացուին  Հայաստանի տարբեր շրջաններուն մէջ, առաքելութիւն դարձուցած է նաեւ համերգներով հանդէս գալ Արցախի մէջ: Այս տարի հոն ելոյթ ունեցանք ե՛ւ հանրութեան, ե՛ւ զինուորներուն` այս տարին նուիրելով Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին: Իսկ մեր յաջորդ կայանը պիտի ըլլայ Ջաւախքը, ուր անգամ մը եւս «Սայաթ Նովա» աշուղական համոյթը ելոյթ պիտի տայ երաժշտասէր հանրութեան:

Մենք 12 տարիէ կը դասաւանդենք Թովմաս Պօղոսեանի ղեկավարած Աշուղ Ջիւանիի անուան աշուղական դպրոցին մէջ եւ ունինք դասարաններ, ուր փոքր տարիքէն կու գան եւ կը սորվին նախ կարեւորագոյն սկզբունքը` մարդկային նկարագիրը, որ Գարմէն Աճէմեանի մօտ ամէնէն շօշափելի գիծն է, եւ որ զինք տարաւ յաջողութեան ուղիով:

«Ա.».- Աշուղական երգերը շատ արժէքաւոր գոհարներ են մեր երաժշտական իրականութեան մէջ, անդրադառնանք անոնց պահպանման եւ նոր սերունդներուն փոխանցելու կարեւորութեան:

Ա. Մ. եւ Ս. Խ.- Աշուղ Ջիւանիի անուան աշուղական դպրոցը, որ վերստեղծած է եւ մինչ օրս կը ղեկավարէ Թովմաս Պօղոսեանը, հսկայական աշխատանք կը տանի աշուղական գանձերը փոխանցելու եւ նոր աշուղներ հայթայթելու, անիկա կու տայ տարեկան 70-100 շրջանաւարտներ: Սփիւռքի տարածքին Գարմէնին տարած աշխատանքը` իր երկու ձայնասկաւառակներով, կարեւոր է այս գոհարները պահպանելու եւ փոխանցելու: Գնահատելի է նաեւ Գարմէն Աճէմեանին` Մեսրոպեան վարժարանին մէջ «Հաւասիի» աշուղական համոյթը ստեղծելը, որուն ընդմէջէն կը յուսանք, որ գործակցութիւններ կ՛ըլլան Աշուղ Ջիւանիի անուան աշուղական դպրոցին հետ` ապագային աշուղի դպրոց մըն ալ հիմնելու համար Լիբանանի մէջ:

«Ա.».- Արդեօք նոր սերունդը տակաւին նախորդին պէս հետաքրքրուա՞ծ է եւ կը հետեւի՞ աշուղական երգերուն

Ա. Մ. եւ Ս. Խ.- Այսօրուան սերունդները ազդուելով ռապիզի տարբեր երաժշտութենէն կարիք ունին աշուղական երգին, զոր օտար հողի վրայ հնչեցնելու առաքելութիւնը կարեւոր է եւ Գ. Աճէմեանի նախաձեռնութիւնը այս իմաստով կարեւոր է: Տակաւին պէտք է ըսել, որ մեծ բան կը պարտինք փրոֆ. Թովմաս Պօղոսեանին, որ բարձր մակարդակի հասցուցած է աշուղական երգը:

Գ. Ա.- Նոր սերունդը նախորդին պէս հաւասար չափով չի հետեւիր աշուղական երգերուն, սակայն ես յառաջընթաց կը նկատեմ աշուղական երգերուն նկատմամբ անոնց հետաքրքրութիւններուն մէջ, որոնք հետզհետէ կը վերակենդանանան` լաւ գիտակցելով այդ երգերուն արժէքին: Այս երեւոյթին փաստն ալ «Աշուղի սէրը» ձայնասկաւառակի շնորհահանդէսն էր, որուն համար շնորհակալ եմ  Համազգայինի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութեան եւ Լիբանանի հայոց թեմի  առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանին:

Նախորդը

Միրզոյեան Եւ Իր Երաժշտութիւնը

Յաջորդը

Վերադարձ Դէպի Արցախ

RelatedPosts

«Մեր Ազգին Ու Հայրենիքին Տագնապները Պէտք Է  Միասնաբար Դիմագրաւենք»* Արամ Ա. Կաթողիկոս
Գլխաւոր լուրեր

«Մեր Ազգին Ու Հայրենիքին Տագնապները Պէտք Է Միասնաբար Դիմագրաւենք»* Արամ Ա. Կաթողիկոս

Յունուար 24, 2023
«Մեր Ազգին Ու Հայրենիքին Տագնապները Պէտք Է  Միասնաբար Դիմագրաւենք»* Արամ Ա. Կաթողիկոս
Գլխաւոր լուրեր

«Մեր Ազգին Ու Հայրենիքին Տագնապները Պէտք Է Միասնաբար Դիմագրաւենք»* Արամ Ա. Կաթողիկոս

Յունուար 23, 2023
Թարգմանութեան Մղումը Եղաւ Այն, Որ Պատմութիւնը Փորձեմ Ճիշդ Պարունակի Մէջ Դնել Եւ Թեհլիրեանի Կողմէ Արտասանուած Բանաւոր Խօսքը Անգլերէնով Թուղթին Յանձնել
Հարցազրոյց

Թարգմանութեան Մղումը Եղաւ Այն, Որ Պատմութիւնը Փորձեմ Ճիշդ Պարունակի Մէջ Դնել Եւ Թեհլիրեանի Կողմէ Արտասանուած Բանաւոր Խօսքը Անգլերէնով Թուղթին Յանձնել

Յունուար 16, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In