Տեսա՞ծ Էք
Արարատը
Դուք տեսա՞ծ էք Արարատը:
Գիտեմ, հայե՛ր, դուք ապրա՛ծ էք Արարատը: Բայց տեսա՞ծ էք զայն:
Լսեցէ՛ք, աշխարհի ոչ հայ պարոններ եւ օրիորդներ:
Հայ մըն է, որ հայոց հարց կու տայ. տեսա՞ծ էք Արարատը:
Այսինքն հնդիկի մըն է, որ կը հարցնենք. լսա՞ծ էք Հիմալայայի մասին: Կամ` յոյնի մըն է, որ հարց կու տանք. ծանօթութիւն ունի՞ք Ողիմպոսի մասին:
Աշխարհագրութեան դաս չէ այս, անշուշտ, ընդհանուր զարգացման մրցումի մը չէ, որ կը մասնակցիք:
Ձեզի համար կատակերգութիւն մը կրնայ թուիլ հարցումներու այս շղթան: Մեզի` հայերո՛ւս համար ողբերգութիւն մըն է միայն:
Ողբերգութիւն մը, որ լուտանք մըն է ձեզի, ոչ հայ պարոններ եւ օրիորդներ: Արդարութեան, հայրենասիրութեան եւ ազատութեան մասին ճառող դիւանագէտներ:
Հայ մըն եմ եւ հայո՛ց հարց կու տամ. դուք տեսա՞ծ էք Արարատը:
Ու պատասխանը գիտե՛մ:
Առաջին քրիստոնեայ իմ ժողովուրդիս նուազագոյն կէսը, կէսէն աւելի՛ն, պիտի պատասխանէ` «ո՛չ»:
Մեզի համար հարցը պիտի փակուի` առանց հարց մը նոյնիսկ ըլլալու: Բայց իմ լալս պիտի գայ:
Ու ես պիտի լամ` իբրեւ հայ ու իբրեւ մարդ միաժամանակ:
Ո՞ւր է տեսնուեր, ո՞ւր է արձանագրուեր եւ պէ՞տք է արձանագրուած մնայ, որ ժողովուրդի մը կէսէն աւելին իր հայրենիքի խորհրդանշանը կազմող սրբազան լեռը տեսած չըլլայ:
Մենք չենք տեսած մեր Արարատը:
Դո՛ւք, ոչ հայ պարոններ եւ օրիորդներ, սարսուռի զգայնութի՞ւն մըն ալ չէք ապրիր:
Եւ տակաւի՛ն:
Հարցումը այնքան մեղմ է, այնքա՛ն բարի, այնքա՛ն սակաւապէտ:
Եթէ քիչ մը աւելի` ուզէինք քաջ ըլլալ, քաջ` մարդկութեան արդարադատութեան նկատմամբ լաւատես ըլլալու, կրնայինք հարց տալ.
Դո՛ւն, առաջին ազատատենչ ժողովուրդ, քանի՞ տոկոսով կրցած ես քալել Արարատն ի վեր, Արարատի շուրջ-բոլորը, Արարատի դաշտերով…
Ժամանակամիջոց` քսաներորդ դար:
Դարերու ամէնէ՛ն խելացին, ամէնէն ընտրեալը, ամէնէ՛ն ողջախոհը, ընկերային անարդար կարգ ու սարքերուն դէմ հիւլէականով պատերազմող քսաներորդ դա՜ր…
Ու պատասխանը կրկի՛ն գիտեմ:
Թիւերու լեզուէն այնքան դիւրին հասկցող դուք` ո՛չ հայ պարոններ եւ օրիորդներ, իմացէ՛ք. Ոչ իսկ հարիւրին մէկը, հազարին մէկը, տասը հազարին մէկը ու այսպէս բարձրացէք մինչեւ 4-5 միլիոն եւ առանց այլեւայլի շարունակեցէք. ոչ իսկ մէկը…
Ու մի՛ տխրիք, աշխարհի ոչ հայ պարոններ եւ օրիորդներ: Թէեւ տխրիլ ալ չէք կրնար արդէն: Պողպատ այս դարը պողպա՛տ է դարձուցեր մարդու ձեր իւրաքանչիւր ջիղը:
Դուք կրնաք նաւթահորեր հաշուել, հաշուել պղինձի, ոսկիի հանքեր եւ հետաքրքրութիւն ցոյց տալ:
Սակայն դուք չէք կրնար հասկնալ, թէ ի՛նչ ըսել է հայ ըլլալ, բայց չկարենալ քալել Արարատն ի վար կամ, դիւայի՜ն ճակատագիր, տեսնե՛լ անգամ մարդկութեան ծնուցիչ աստուածահաճոյ լեռը գերեվար, լեռը ազգային…
Ուստի, չեմ երկարեր, ոչ հայ պարոններ եւ օրիորդներ:
Հարցումը հայէ մը հայերո՛ւ ուղղուած է ու այդ հարցումը մա՛ղձ ունի:
Եթէ կրնաք, տեսէ՛ք կամ մի՛ տեսնէք Արարատը:
Դէպի երկինք բռունցքուած անէծքի եւ պաղատանքի խառնուրդ ապառաժեայ հանդարտութեան միաձոյլ այդ կանչը` Արարա՛տը, որ կա՛յ եւ պիտի մնա՛յ:
Հրացայտ լաւանե՛ր ունի իր տարերքներուն մէջ, զորս կրնայ դաշտը ձգուած ձիու մը կատաղութեամբ արձակել զինք եզերող դաշտերուն վրայ, քարուքանդ ընել իր ստեղծածը, բայց որ կը հեւայ` հանգստանալու նստած ծեր լեռնականի մը պէս միայն:
Քնացող առիւծն է, որ տակաւին չէ լսած վտանգի ձայն ու մօտէն կամ հեռուէն անցնող խլուրդները չեն, որ զինք ոտքի պիտի կարենան կեցնել ընդոստ` արքայի իր տիտղոսը պաշտպանելու:
Իր արժանաւորութեան մասին խոր ինքնավստահութիւն արտաշնչող վեհութիւնն է Արարատը, ձիւնը գլուխին, ոտքերուն` դարերու պատմութիւն ու պատգամ:
Արարատը չտեսած` հեքիաթ կը թուի:
Արարատը տեսնելէ ետք հեքիաթը կը բազմապատկուի, կը դառնայ հազարումէկ գիշեր, հուրի փերի եւ եօթը երկինք բարձրացող արծի՛ւ սիգապանծ:
Արարատը, եթէ կրնաք, տեսէ՛ք կամ մի՛ տեսնէք:
Բայց Արարատը անպայմա՛ն կը տեսնէ՛ ձեզ, հայե՛ր:
Երբ այցելէք իրեն, դուք չէ, որ կը քննէք զայն, այլ ինքն է որ ձեզի կը խօսի:
Արարա՛տը:
Սամսոնն է` մազերը նենգօրէն խուզուած: Մազերը` տակաւին երկարող, աճող:
Ու այդ երթին մէջ, մի՛ զարմանաք, հայե՛ր, եթէ գերագոյն ընդվզումի մը ատեն իր խօսքը ըսէ նոյն Սամսոնի՛ն պէս:
Կը փշրուի մարմարէ ամէն սիւն ու փուլ կու գայ ամուր ամէն պալատ:
Հայե՛ր:
Երբ Արարատը օր մը փճացնէ ինքզինք` փճացնելու համար անհոգի ոսոխը, գիտցէք, այն ատե՛ն միայն վերջ կայ Թորգոմի տան:
Այլապէս,
Հարց թող տան սերունդներ սերունդներու:
– Տեսա՞ծ էք Արարատը:
Ե. ԵՐԿԱԹ
Ս. Թեհլիրեանի Յիշատակին
Հերոս Սողոմոն Թեհլիրեանի գերեզմանին ուխտագնացութեան օրը` մայիս 30, իր այրին` Անահիտ Թեհլիրեան եւ Թեհլիրեանի անգլերէն կենսագիր-բանախօսը` Լինտի Աւագեան, նկարուած Սողոմոնի շիրիմին մօտ, ամերիկեան աստղազարդ եւ հայկական եռագոյնով երիզուած` հերոսին նկարին քով, Ֆրեզնոյի «Արարատ» գերեզմանատան մէջ:
Նկարիչ-քանդակագործ, արուեստագէտ Սթիվըն Կոլ վրձինի շարժումներ կ՛ընէ հերոս Սողոմոն Թեհլիրեանի նկարին վրայ: Այս նկարը զետեղուեցաւ հերոսի շիրիմին քով, ճերմակ քողի մը տակ, մայիս 30-ի ուխտագնացութեան եւ նկարը քողազերծ ըրաւ Լինտի Աւագեան, իր դամբանական ճառի ընթացքին:
Ամերիկացի Սթիվըն Կոլ քանդակած է ամերիկեան նախագահներու կիսանդրիներ եւ հանրածանօթ է Միացեալ Նահանգներու մէջ` իբրեւ տաղանդաւոր նկարիչ-քանդակագործ: