Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Առիթով Ազգային Ժողովը Յայտարարութիւն Պատրաստած Է

April 8, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

4-07-15-AJ«Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով Ազգային ժողովը յայտարարութիւն պատրաստած է», յայտնած է Հայաստանի Ազգային ժողովի Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան խմբակցութեան քարտուղար Վահէ Էնֆիաճեան, երէկուան նիստին ընթացքին:

Ըստ անոր, յայտարարութեան վերամշակուած տարբերակին մէջ, որ արդէն մտած է Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի օրակարգ, յղում կը կատարուի ՄԱԿ-ի եւ միջազգային շարք մը  հեղինակաւոր կառոյցներու ընդունած այն հռչակագիրներուն եւ օրէնքներուն, որոնցմով կը դատապարտուին 1915 թուականին Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ իրականացուած ցեղասպանութիւնը:

Յայտարարութեան մշակուած նախագիծին միացած են Ազգային ժողովի բոլոր յանձնախումբերու ներկայացուցիչ պատգամաւորները:

Ստորեւ` յայտարարութեան նախագիծը.

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի
Յայտարարութիւնը` Հայոց Ցեղասպանութեան
100-
Ամեակին Առիթով

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովը`

– Հիմք ընդունելով ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին  կողմէ 1948 թուականի 9 դեկտեմբերին ընդունուած «Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխարգիլելու եւ պատժելու մասին» հռչակագիրը, Խորհրդային Հայաստանի Գերագոյն խորհուրդին կողմէ 1988 թուականի 22 նոյեմբերին ընդունուած «Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ հայերու  1915 թուականի ցեղասպանութեան դատապարտման մասին» օրէնքը,

– Արժեւորելով «Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Համահայկական հռչակագիր»-ին մէջ ամրագրուած դրոյթները,

– Կարեւոր նկատելով միջազգային հանրութեան հետ միացեալ ուժերով մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու, ցեղասպանութիւններու դատապարտման եւ կանխարգիլման ուղղուած ջանքերուն մէջ հայ ժողովուրդին ունեցած ներդրումը,

– Երախտագիտութիւն յայտնելով բոլոր պետութիւններու խորհրդարաններուն եւ պետական կառոյցներուն, որոնք պաշտօնապէս ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը, ընդունած են Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքներ.

Կոչ կ՛ուղղէ բոլոր երկիրներու խորհրդարաններուն եւ միջխորհրդարանական կազմակերպութիւններուն, պաշտօնապէս ճանչնալու եւ դատապարտելու Օսմանեան կայսրութեան կողմէ իրականացուած Հայոց ցեղասպանութիւնը` իբրեւ մարդկութեան դէմ ուղղուած ծանրագոյն յանցագործութիւն:

 

 

Նախորդը

Ս. Սարգսեան Վստահ Է` Հայաստան Լաւ Հեռանկարներ Ունի Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Մէջ

Յաջորդը

Թէոդորոս Բ. Պապը Պիտի Մասնակցի Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Նախաձեռնութիւններուն

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.