Այո’, Հիանալ Ու Հպարտանալ, Բայց…
ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ Երէկ առտու արթննալուս, բջիջայինիս մէջ կարդացի ստացուած գրութիւն մը , Լիբանանի մտաւորական ընկերներէս՝ Համազգայինի վարիչ-տնօրէն Յակոբ Հաւաթեանէ, որ ինձմէ կ'ուզէր նկարահանուած կենդանի խօսքով վկայութիւն մը՝ Լիբանանի հայօճախին մէջ ... Շարն.
Ծննդեան 125-ամեակին Առիթով. Գրագէտ Բենիամին Նուրիկեանէն Յամեցող Տաքուկ Շունչ Մը… (Ե.)
ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ Գրեթէ հասած եմ իմ յօդուածին աւարտին, երբ յանկարծ կը յիշեմ որ գրադարանիս մէջ ունիմ երկու գիրքեր, ուր արխիւային նամակներ կան տպուած՝ Բենիամին Նուրիկեանի առնչուող։ Պէտք է կարդալ զանո՛նք ... Շարն.
«Հայերի Փրկութիւն Թուրքերի Կողմից Չի Եղել»
Հարցազրոյց Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան-Ինստիտոիտի Տնօրէն Յարութիւն Մարութեանի Հետ Վարեց՝ ՆԱՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆ Ստորեւ ներկայացնում ենք «Ասպարէզ»ի հարցազրոյցը Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-ինստիտուտի (հիմնարկի) տնօրէն Յարութիւն Մարութեանի հետ. ՆԱՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆ.- Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-ինստիտուտը (ՀՑԹԻ) դիմատետրի ... Շարն.
2020, Քանզի Ապրիլ Է Դարձեալ
ՅԱԿՈԲ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ Հայ ազգը իր դարաւոր պատմութեան ընթացքին յաճախ ենթարկուած է հալածանքներու եւ վայրագութիւններու, սակայն 1915 թուականի Հայոց Ցեղասպանութիւնը տարբեր էր իր բնոյթով եւ աննախադէպ՝ իր տարողութեամբ։ 2020, Ապրիլ է ... Շարն.
«Ազդակ»-ի Ֆոնտին
Փէյփալ ծրագիրին միջոցով Ազդակի ֆոնտին կատարուած են հետեւեալ նուիրատուութիւնները -Սարգիս Ազնաւուրեանի նահատակութեան 35-ամեակին առիթով՝ Ռաֆֆի Կէօքճեան (Քանատա) 100$ - Ազդակի հրատարակութեան առ ի ... Շարն.
Յայտարարութիւններ (1 Մայիս 2020)
«ՎԱՆԱՅ ՁԱՅՆ»-ԻՆ ԿԸ ՆՈՒԻՐԵՆ Ժաք Ղազարեան 200.000 լ.ո. Խումբ մը բարեկամներ 1.000.000 լ.ո. Շարն.
Մամլոյ Արձակուրդ
Աշխատաւորներու միջազգային օրուան առիթով եւ համաձայն Մամլոյ սենտիքայի որոշումին, «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ շաբաթ, 2 մայիս 2020-ին: Մեր յաջորդ թիւը` երկուշաբթի, 4 մայիս 2020-ին: Շարն.
«Քորոնա» ժահրին նոր ալիքին պատճառով՝ Պունտըսլիկայի վերսկսումը հարցականի տակ է
Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան՝ Պունտըսլիկայի վերսկսումը հարցականի տակ է, «Քորոնա» ժահրի նոր ալիքին պատճառով, այս գծով յայտնեց «Bild»-ը: Անոր վերսկսումը նախատեսուած էր յառաջիկայ 9 մայիսին: Անցնող քանի մը օրերուն ընթացքին վերոնշեալ ... Շարն.
Ֆրանսական Ֆութպոլ. Փարիզ Սեն Ժերմէն Հռչակուեցաւ Երկրին Ախոյեան
Ֆրանսայի ֆութպոլի արհեստավարժ լիկան պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Փարիզ Սեն Ժերմէն հռչակուեցաւ 2019-2020 տարեշրջանի ախոյեան: Անիկա 9-րդ անգամ ըլլալով կը տիրանայ ախոյեանութեան տիտղոսին: Այսպիսով անիկա վաղաժամ աւարտեց տարեշրջանը, ... Շարն.
Ճատրակ. Արոնեան կը մնայ 7-րդ՝ «ՖԻՏԷ»-ի միջազգային նոր դասաւորման մէջ
Հայկական ճատրակի առաջատար՝Լեւոն Արոնեան «ՖԻՏԷ»-ի միջազգային նոր դասաւորման մէջ, կը շարունակէ մնալ 7-րդ դիրքին վրայ: Հայաստանի ներկայացուցիչներէն առաջին հարիւրին մէջ են՝ Գաբրիէլ Սարգսեան (53-րդ), Կարէն Գրիգորեան (71-րդ), Հրանդ Մելքումեան (77-րդ) ... Շարն.
Թրամփ Կը Սպառնայ Քարիւղի Արդիւնաբերութիւնը Չնուազեցնելու Պարագային Ամերիկեան Ուժերը Հեռացնել Սէուտական Արաբիայէն
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ այն պահուն, երբ Միացեալ Նահանգներ Սէուտական Արաբիոյ վրայ ճնշում կը բանեցնէին Ռուսիոյ հետ քարիւղի գիներու պատերազմին վերջ տալու, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ սէուտցի ղեկավարներուն ... Շարն.
«Չինաստան Կարելի Ամէն Բան Պիտի Ընէ, Որպէսզի Նախագահական Ընտրութեան Մէջ Պարտուիմ» Կ՛ըսէ Թրամփ
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, թէ իր կարծիքով, «Քորոնա» ժահրին նկատմամբ Չինաստանի վերաբերմունքը ապացոյցն է այն բանին, որ Փեքին ամէն ինչ պիտի ընէ նոյեմբերին նախատեսուած նախագահական ընտրութեան մէջ ... Շարն.
«Հիւլէական Զէնքով Պիտի Հակադարձենք Սուզանաւերէ Արձակուած Թեւաւոր Հրթիռներով Ամերիկեան Որեւէ Յարձակումի» Կը Զգուշացնէ Զախարովա
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա զգուշացուց, որ Ռուսիան հիւլէական զէնքով պիտի հակադարձէ սուզանաւերէ արձակուած թեւաւոր հրթիռներով ամերիկեան որեւէ յարձակումի: Զախարովա, մեկնաբանելով ամերիկեան սուզանաւեր հիւլէական մարտագլխիկներով օժտուած թեւաւոր հրթիռներով ... Շարն.
«Աշխատանք Կը Տանինք Սուրիան Ձերբազատելու Բռնագրաւումի Ամէն Տեսակներէն» Կ՛ըսէ Ժաաֆարի
ՄԱԿ-ի մէջ Սուրիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Պաշշար Ժաաֆարի դատապարտեց սուրիական հողերուն դէմ արեւմտեան, իսրայէլեան եւ թրքական յարձակումները` շեշտելով «Սուրիան բռնագրաւումի ամէն տեսակներէն ձերբազատելու» վճռակամութիւնը: «Սուրիոյ Իտլիպի նահանգին մէջ թրքական օդային պաշտպանութեան ... Շարն.
Նիւ Եորքի Ոստիկանութիւնը Տասնեակներով Փտող Դիակներով Լեցուն Բեռնատարներ Յայտնաբերած Է
Նիւ Եորքի Պրուքլին շրջանին մէջ ոստիկանութիւնը թաղման գրասենեակէ մը ոչ շատ հեռու կանգնեցուած բեռնատարներուն մէջ տասնեակներով փտող դիակներ յայտնաբերած է: Այս մասին կը հաղորդէ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը: Օրաթերթին համաձայն` ... Շարն.
Պայտըն. «Նախագահ Ընտրուելու Պարագային Ամերիկեան Դեսպանատունը Երուսաղէմէն Թել Աւիւ Պիտի Չտեղափոխեմ»
Միացեալ Նահանգներու նախագահի թեկնածու, դեմոկրատական Ճօ Պայտըն յայտնած է, որ նախագահական ընտրութեան յաղթանակ արձանագրելու պարագային պիտի չջնջէ գործող նախագահ Տանըլտ Թրամփի` Իսրայէլի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը Թել Աւիւէն Երուսաղէմ տեղափոխելու ... Շարն.
«Թուրքիա Յաղթահարած Է «Քորոնա» Ժահրի Համաճարակի Գագաթնակէտը» Կ’ըսէ Թուրքիոյ Առողջապահութեան Նախարարը
Թուրքիոյ առողջապահութեան նախարար Ֆահրեթին Քոճա յայտնեց, թէ երկիրը յաղթահարած է նոր տեսակի «Քորոնա» ժահրի համաճարակի գագաթնակէտը: Քոճայի համաձայն` Թուրքիոյ մէջ ժահրէն բուժուած անձերուն թիւը արդէն կրկնակի գերազանցած է վարակուածներուն թիւը: ... Շարն.
Սարայեւոն Ապրիլ 24-ին Իր Աջակցութիւնը Յայտնած Է Թուրքիոյ
Պոսնիոյ մայրաքաղաք Սարայեւոյի քաղաքապետարանի շէնքը, որ կառուցուած է 1896-ին, Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակման օրը ներկուած է թրքական դրօշին գոյներով: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռիճընմոնիթըր» կայքը: Ըստ թրքական լրատուամիջոցներու, այս քայլը ... Շարն.
Խմբագրական. Ճգնաժամի Շահագործման Միտումները (Մայիս Մէկեան Ժամանակակից Խորհուրդը)
Մայիսմէկեան խորհուրդը բնականաբար կը ներառէ համաշխարհային ներկայ ճգնաժամի պայմաններուն մէջ աշխատաւորականութեան դիմագրաւած բազմազան դժուարութիւնները եւ մանաւանդ այդ խաւի առաւել խոցելիութիւնն ու անորոշութիւնը: Ըստ էութեան, տակաւին դժուար է հետագայ ճգնաժամի տարողութեան ... Շարն.
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Ուղերձը` Թաթուլ Կրպէեանի Եւ 4 Զինակիցներու Նահատակութեան Տարելիցին Առիթով
30 ապրիլը Հայաստանի ազգային հերոս Թաթուլ Կրպէեանի եւ անոր զինակից ընկերներուն` Սիմոն Աչիկգէօզեանի (Դեդ), Արթուր Կարապետեանի, Վալերի Նազարեանի եւ Զարզանդ Դանիէլեանի նահատակութեան օրն է: Այս առիթով ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը ... Շարն.