Յայտարարութիւններ (9 Սեպտեմբեր 2019)
ՄԱՀԱԶԴ Տէր եւ տիկին Արա եւ Սիլվա Կոկոնեան Տէր եւ տիկին Արշակ եւ Սրբուկ Կոկոնեան եւ զաւակը` Քրիստափոր Տէր եւ տիկին Մինաս եւ Լիզա Կոկոնեան Տէր եւ տիկին Լեւոն եւ ... Շարն.
Ծանիր Զքեզ, Սփիւռք
Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Ցեղասպանութեան հետեւանքով եւ Հայաստանի խորհրդայնացումէն յետոյ աշխարհացրիւ հայութեան համայնքային կազմակերպումը, որ պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով ինքզինք ճանչցաւ որպէս Սփիւռք, իր գոյապայքարը իմաստաւորեց եռակի յարացոյցով մը՝ վերապրում, ... Շարն.
Եւրօ – 2020. Պոսնիոյ Դէմ Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականին Յաղթանակը` 4 – 2 Արդիւնքով
Եւրօ-2020-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքի 6-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ յետմիջօրէին Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, որ մաս կը կազմէ Ժ. խմբակին, արձանագրեց մրցաշարքի իր երրորդ յաղթանակը (3 պարտութեան կողքին), երբ ... Շարն.
Ներկայութեամբ Մեծաթիւ Հրաւիրեալներու. «Պէյրութ Օփըն-2» Թեքուանտոյի Ախոյեանութիւնը Տեղի Ունեցաւ Մեծ Հետաքրքրութեամբ
Շաբաթ, 7 սեպտեմբերին, «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ) տեղի ունեցաւ Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնին կազմակերպած «Պէյրութ-Օփըն-2» թեքուանտոյի միջազգային բաց ախոյեանութիւնը: Անոր ներկայ գտնուեցան այս ախոյեանութեան հովանաւոր, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել ... Շարն.
Թենիս. «Տէյվիս Քափ». Չորեքշաբթի, 11 Սեպտեմբերին, Լիբանանի Թենիսի Ֆետերասիոնին Մամլոյ Ասուլիսը
Ինչպէս ծանօթ է, 13-14 սեպտեմբերին Լիբանանի թենիսի «Տէյվիս Քափ»-ի ազգային խումբը մրցումներ ունի կատարելիք Ուզպեքիստանի դէմ` Ասիա-Ովկիանիա ցամաքամասին մրցումներուն ծիրին մէջ: Աւարտական այս մրցումին գծով յաւելեալ մանրամասնութիւններ ներկայացնելու նպատակով, Լիբանանի ... Շարն.
«Էմ.Էմ.Էյ.». Միհրան Յարութիւնեանի Երրորդ Յաղթանակը
Յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի ողիմպիական խաղերու փոխախոյեան, խառն մենամարտերու մարզիկ` Միհրան Յարութիւնեան, իր երրորդ մենամարտը կատարեց «Էմ.Էմ.Էյ.»-ի մրցումներուն ծիրին մէջ եւ արձանագրեց իր երրորդ յաղթանակը: Ուզպեք Մուրատխան Սայթխանովի դէմ իր կատարած ... Շարն.
Թենիս. «Եու.Էս.Օփըն». Քանատացի Պիանքա Անտրիեսքու Պատմութիւն Կերտեց
Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցող թենիսի «Եու.Էս.Օփըն»-ի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի աղջկանց աւարտականին իրարու դէմ մրցեցան ամերիկացի Սերենա Ուիլիըմզ եւ քանատացի Պիանքա Անտրիեսքու: Մրցումը վերջ գտաւ այս մրցաշարքին 15-րդ ... Շարն.
Միջազգային Ֆութպոլ. Սամուէլ Էթու Աւարտեց Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը
Քամերունի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին յառաջապահ Սամուէլ Էթու պաշտօնապէս յայտարարեց, որ կը լքէ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը: 38 տարեան Էթու մաս կազմած է բազմաթիւ ակումբներու, որոնց կարգին` Պարսելոնա եւ Ռէալ ... Շարն.
Անգլիական Ֆութպոլ. Քիքէ Սանչես Ֆլորես` Դարձեալ Ուաթֆորտի Մարզիչ
Անգլիական Ուաթֆորտ ֆութպոլի ակումբը նախորդ շաբաթավերջին պաշտօնանկ ըրաւ իր մարզիչը` Խաւի Կրասիան, եւ անգամ մը եւս այդ պաշտօնը վստահեցաւ Քիքէ Սանչես Ֆլորեսին: 54 տարեկան սպանացին 2015-2016 տարեշրջանին եղած է Ուաթֆորտի ... Շարն.
2021-ի Եւրոպայի 21 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութիւն. Իրլանտա – Հայաստան` 1 – 0
Հայաստանի ֆութպոլի 21 տարեկանէն վար ազգային հաւաքականը, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ զտումի մրցաշարքին, իր կատարած առաջին մրցումին, որ տեղի ունեցաւ Տապլինի մէջ, կրեց 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը դաշտին տիրոջմէն: ... Շարն.
Պասքեթպոլ. Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Արժանթինի Եւ Սպանիոյ Յաջորդական Հինգերորդ Յաղթանակը
Չինաստանի մէջ տեղի ունեցող աշխարհի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Թ. խմբակին մաս կազմող Արժանթին, շարունակելով իր յաղթանակներու շարքը, արձանագրեց իր հինգերորդ յաղթանակը` 91-65 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Լեհաստանը, որ ... Շարն.
Էրտողան. «Ուաշինկթընի Հետ Անվտանգութեան Գօտիի Հաստատման Իւրաքանչիւր Քայլի Շուրջ Տարակարծութիւն Գոյութիւն Ունի»
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց, թէ Անգարա կը մերժէ ամերիկեան ջանքերը, որոնք կը թուին Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքին մէջ ահաբեկչական կազմակերպութեան մը համար անվտանգութեան գօտիի ստեղծման ուղղուած ըլլալ: Էրտողան յայտնեց, որ ... Շարն.
Ուաշինկթըն Կը Սպառնայ Պատժամիջոցներ Հաստատել. «Ատրիան Տարիա 1» Հասած Է Իր Ուղղուած Վայրը Եւ Ծախած Իր Փոխադրած Քարիւղը
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ապպաս Մուսաւի երէկ յայտարարեց. «Ատրիան Տարիա 1» քարիւղատար նաւը հասաւ իր ուղղուած վայրը, իսկ անոր փոխադրած քարիւղը ծախուեցաւ»: Նշենք, որ նախապէս «Կրէյս 1» կոչուած քարիւղատար ... Շարն.
Թուրքիա Ամերիկեան Բանակին Հետ Եփրատի Արեւելեան Ափին Վրայ Միացեալ Պարեկային Ծառայութեան Սկիզբը Յայտարարեց
Թուրքիա յայտարարեց, թէ թրքական բանակը ամերիկեան բանակին հետ սկսած է Ռաքքայի հիւսիսային գիւղական շրջանին մէջ գտնուող Թել Ապիատ քաղաքէն սկիզբ առնող միացեալ պարեկային ծառայութիւնը: Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու բանբեր Մուսթաֆա Պալի ... Շարն.
Թրամփ Ջնջեց Թալեպաններու Հետ Բանակցութիւնները
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ չեղեալ յայտարարեց Թալեպան շարժումի ղեկավարներուն եւ Աֆղանիստանի նախագահ Աշրաֆ Ղանիի հետ երէկ նախատեսուած հանդիպումները, ինչպէս նաեւ մերժեց մասնակցիլ Աֆղանիստանի տագնապի խաղաղ լուծման բանակցութիւններուն` Քապուլի մէջ ... Շարն.
Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ «35` 35-ի Դիմաց» Ձեւաչափով Գերիներու Փոխանակում
Ռուսիան եւ Ուքրանիան իրենց մօտ գտնուող գերիներու փոխանակում կատարած են «35` 35-ի դիմաց» ձեւաչափով: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքովի յայտարարութեան: «Փոխանակումը ... Շարն.
Ճոնսըն Հարուած Մը Եւս Կը Ստանայ. Բրիտանիոյ Աշխատանքի Նախարարը Հրաժարեցաւ` Վարչապետին Հետ Ունեցած Տարակարծութեան Պատճառով
Բրիտանիոյ աշխատանքի եւ թոշակներու հարցերով նախարար Էմպըր Ռատ լքած է իր պաշտօնն ու Պահպանողական կուսակցութիւնը` վարչապետ Պորիս Ճոնսընի հետ ունեցած տարակարծութեան պատճառով: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: ... Շարն.
«Աւելի Լաւ Է Ջրափոսին Մէջ Մեռած Ու Ինկած Մնամ, Քան Պրիւքսելէն Խնդրեմ Դարձեալ Յետաձգել «Պրեքզիթ»-ը» Կ՛ըսէ Ճոնսըն
Բրիտանիոյ վարչապետ Պորիս Ճոնսըն յայտարարած է, որ ոչ մէկ պարագայի պիտի դիմէ Եւրոպական Միութեան` «Պրեքզիթ»-ի հոլովոյթի յետաձգման հարցով: Բրիտանական «Սքայ Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ ան այս մասին յայտնած ... Շարն.
«Պարոն Էրտողանը Պէտք Է Հեռացնել Արդարութիւն Եւ Բարգաւաճումէն` Կուսակցութեան Ծրագիրէն Շեղելուն Համար» Կ՛ըսէ Թուրք Երեսփոխան Մը
Թուրքիոյ նախկին արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուն եւ իր երեք համակիրները իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութենէն հեռացնելու ընթացակարգ սկսելէ ետք, Թուրքիոյ ներքաղաքական դաշտին մէջ աշխուժացած է այն խօսակցութիւնը, որ իշխող ... Շարն.
Միացեալ Նահանգներ Եւ Չինաստան Համաձայնած Են Հոկտեմբերին Վերսկսիլ Առեւտրական Տարակարծութիւններու Շուրջ Բանակցութիւններուն
Չինաստան եւ Միացեալ Նահանգներ հոկտեմբերին Ուաշինկթընի մէջ առեւտրական խնդիրներու վերաբերեալ բարձր մակարդակի բանակցութիւններու վերսկսման շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցած են: Այս մասին կը հաղորդէ «Պլումպըրկ» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով Չինաստանի առեւտուրի նախարարութեան յայտարարութիւնը: ... Շարն.