Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հալէպ. Վիլլաներ Թաղամասին Վրայ Կատարուած Հրթիռարձակումին Պատճառով Վիրաւորուեցան 5 Հայեր

November 14, 2013
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Perio-News«Բերիոյ նիուզ» կը հաղորդէ, որ երէկ կէսօրէ ետք մօտ ժամը 4:00-ին, Հալէպի հայահոծ Վիլլաներու թաղամասը ենթարկուեցաւ ծանր հրթիռարձակումի: Հրթիռարձակման իբրեւ հետեւանք ի միջի այլոց վիրաւորուեցան նաեւ 5 հայեր՝ Յակոբ Դաւոյեան, Յարութ Պազարպաշեան, Րաֆֆի Պէրպէրեան, Ճորճ Գէորգ եւ Տիգրան Մանուկեան:

Վիրաւորները անմիջապէս փոխադրուեցան Հալէպի համալսարանի հիւանդանոց, որպէսզի համապատասխան դարմանումի ենթարկուին:

Նշենք, որ Յակոբ Դաւոյեան, որուն վնասուածքը աւելի ծանր էր, արդէն դարմանումի ենթարկուեցաւ, այժմ կը հանգստանայ։

 

Դամասկոս

Հայ Կաթողիկէ Ճեմարանը Թիրախ՝ Հրթիռի Մը

Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը կը հաղորդէ, որ անցնող երկու օրերուն հրասանդի հրթիռները շարունակաբար հարուածեցին Դամասկոսի մէկ գիծի վրայ գտնուող բնակելի թաղամասերը՝ Քասսա, Պապ Թումա, Պապ Շարքի, Զապլաթանի, Տուելաա, ուր կը գտնուին նաեւ վաճառատուներ, բազմաթիւ դպրոցներ եւ եկեղեցիներ: Պէտք է նշել, որ հրթիռարձակման ելակէտները արեւելեան արուարձաններն են:

Ի տես վտանգաւոր վիճակին, նշեալ թաղամասերու վարժարանները որոշեցին չորս օր փակել իրենց դռները, իսկ ընկերային ցանցին վրայ ծնողներու կողմէ բողոքի կոչեր կ՛արձակուին՝ պահանջելով, որ դպրոցները փակ մնան, մինչեւ որ նշեալ թաղամասերու մօտակայ արուարձանները ապահով յայտարարուին:

Չորեքշաբթի օր նշեալ շրջանները հարուածած հրթիռները պատճառեցին քանի մը զոհ, երկու տասնեակ վիրաւորներ եւ նիւթական վնասներ:

Իսկ Պապ Թումա թաղամասին մէջ հրթիռ մը ինկաւ հրապարակին վրայ գտնուող Հայ կաթողիկէ ճեմարանին վրայ՝ միայն նիւթական թեթեւ վնասներ պատճառելով. բարեբախտաբար ճեմարանը փակ էր՝ ի յարգանս նախանցեալ օրուան Թարգմանչաց Ճեմարանի տխուր դէպքին:

Նոյն թաղամասին մէջ այլ հրթիռի բեկորէ մը վիրաւորուեցաւ դամասկահայ երիտասարդ մը, որ անմիջապէս հիւանդանոց փոխադրուեցաւ եւ ստացաւ համապատասխան բուժում:

Նախորդը

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Քարոզչական Մարմինին. Մհեր Յովհաննիսեան Զեկուցեց «Համացանցի Վրայ Հակահայ Քարոզչութեան Խնդիրները» Նիւթին Շուրջ

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.