Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պէյրութէն Հալէպ Մեկնած Երկու Հանրակառքեր Թրիփոլիի Շրջանին Մէջ Կողոպուտի Ենթարկուեցան

November 18, 2013
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Perio-News1«Բերիոյ նիուզ» կը հաղորդէ, որ երեքշաբթի, 12 եւ չորեքշաբթի, 13 նոյեմբերին Պէյրութէն Հալէպ մեկնող մեծ չափի հանրակառքեր դժբախտ ճակատագիրի հանդիպեցան: Երկու հանրակառքերն ալ Թրիփոլիէն դէպի Սուրիոյ սահմանը (լիբանանեան հողի վրայ) զինեալ խմբաւորումներու կողմէ պարտադրուեցան կանգ առնել եւ բոլոր ուղեւորները կողոպտուեցան, յատկապէս անոնց ամէն տեսակի վաւերական թուղթերը (ոչ բոլորին), բջիջայինները եւ այլ իրեր:

«Բերիոյ նիուզ» կը նշէ, որ ուղեւորներու մեծամասնութիւնը հայեր էին:

Դամասկոս

Միւֆթի Հասսուն Ցաւակցութիւն Կը Յայտնէ

Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը կը հաղորդէ, որ անցնող երկու օրերուն Դամասկոսի մէջ իրավիճակը մնաց լարուած, բուռն բախումներ տեղի ունեցան սուրիական բանակի եւ զինեալ խմբակներու միջեւ ծայրամասերուն, ինչպէս՝ Ժոպարի շրջանին մէջ, ուր ծանր եւ միջին զէնքերու ձայները կը լսուէին Ապպասիին եւ Քասաա թաղամասերուն մէջ:

Հրթիռարձակումի ենթարկուեցան զանազան թաղամասեր, ինչպէս՝ Ժարամանա, Ապպասիին, Պապ Շարքի, Պապ Թումա, Քասաա, Քուսուր  եւ այլն՝ պատճառելով երկու տասնեակ զոհեր եւ վիրաւորներ, ինչպէս նաեւ վնաս հասցնելով տեղւոյն դպրոցներուն եւ բնակարաններուն:

Միւս կողմէ, Սուրիոյ միւֆթի Պատրէտտին Հասսուն եւ Պաաս կուսակցութեան փոխնախագահ Հիլալ Հիլալ, մայրաքաղաքի տարբեր վնասուած դպրոցներուն եւ թաղամասերուն տուած իրենց այցելութեան շրջագիծին մէջ այցելեցին նաեւ հայ առաքելական Ս. Սարգիս եկեղեցին՝ ցաւակցութիւն յայտնելու Թարգմանչաց ճեմարանի զոհերուն համար:

Պաշտօնական աղբիւրները կը հաղորդեն, որ սուրիական բանակը յառաջխաղացում արձանագրած է եւ իր տիրապետութեան տակ վերադարձուցած մայրաքաղաքի հարաւի եւ արեւելեան կարգ մը արուարձանները:

Նախորդը

Նշմար. Վստահութեան Հաստատման Անօգուտ Ու Վնասակար Դեղատոմս Մը

Յաջորդը

Սուրիոյ Կառավարական Եւ Ընդդիմադիր Ուժերը Խաղաղութեան Բանակցութիւններէն Առաջ Նոր Դիրքորոշումներ Յայտնած Են

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.