Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական Գիւմրին Երկրաշարժի Կեդրոն. Գիւմրին Աշխարհաքաղաքական Ուշադրութեան Կեդրոն

December 7, 2013
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

4941_bԵրկրաշարժի 25-ամեակին առիթով լոյսին բերուող մտածումներուն ու հրապարակումներուն  քաղաքական հնչեղութիւն տալը, կամ անոր հետ կապուած երեւոյթները քաղաքականացնելը ճիշդ պիտի չըլլար լրագրական բարոյագիտութեան (էթիքայի) դիտանկիւնէն:

Երկրաշարժի զոհերուն յիշատակի յարգումը ինքզինք կը պարտադրէ նման պահերու, եւ այդ յարգումի սկզբունքէն մեկնած կը դիտարկուին շինարարական աշխատանքները, զոհերու հարազատներուն հասած օժանդակութիւնները, բնակարանային շինութիւնները, քաղաքի վերակառուցումը ընդհանրապէս եւ վերականգնողական համապատասխան աշխատանքները:

Աղէտի գօտիի մասին է խօսքը ընդհանրապէս, բայց առաւելաբար Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ քաղաք Գիւմրիին, որ երկրաշարժի կեդրոնն էր: Իսկ Գիւմրի անունը, եթէ նախ եւ առաջ նման պահու երկրաշարժի բոլոր հետեւանքներու վերացման աշխատանքները կը յուշէ, զուգահեռ կ՛ընդգծէ նաեւ աշխարհաքաղաքական բեւեռի վերածուելու յայտարարութեամբ քաղաքական բեմին վրայ ներկա՛յ յայտարարող երկրի ղեկավարին այցելութիւնը:

Գիւմրիի  Թուրքիոյ սահմանամերձ ըլլալը, ռուսական ռազմակայանի ընդարձակումը, նոր զօրքի ժամանումը եւ անշուշտ Մոսկուայի թիւ մէկ ղեկավարին այցելութիւնը ցուցանիշ են քաղաքին տրուած կարեւորութեան, այս պարագային տարածաշրջանային մակարդակով: Պարզ էր ու ակնկալելի, որ Անգարան պիտի անհանգստանար Գիւմրիի վրայ նման կեդրոնացումներու արձանագրումով: Եւ եթէ մէկ կողմէ Հայաստան-Թուրքիա սահմանին թրքական կողմը եւրոպական ֆինանսաւորումով կ՛ականազերծուէր, ընդհանրապէս Անգարայի կողմէ աշխուժացած խաբկանքի քաղաքականութեան շրջագիծին մէջ, միւս կողմէ այլ սահմաններու վրայ ռուսական ռազմակայանը կ՛ընդարձակուէր եւ նոր զօրախումբով կը համալրուէր:

25 տարի առաջ աւերուած Գիւմրին մոխիրներէն յարութիւն կ՛առնէր, կը վերականգնէր եւ քաղաքի տեսք կը ստանար վերջին շրջանին: Գիւմրին այժմ, շրջանային ու նաեւ միջազգային իրադարձութիւններու նորագոյն զարգացումներուն լոյսին տակ ռազմաքաղաքական յատուկ կարեւորութիւն կը ստանար:

Գիւմրի կատարուած այցելութիւնը կը հետեւէր Հայաստանի Հանրապետութեան համար վճռորոշ օրերու: Մաքսային միութեան անդամակցելու որոշումի յայտարարութեամբ եւ Վիլնիւսի մէջ Եւրոպական Միութեան հետ ընկերակցութեան համաձայնագրի  նախաստորագրութեան արարը կորսնցուցած Երեւանը, միջազգային ընտանիքին կը փոխանցէր, որ ինք պատրաստ է շարունակելու բազմաշառաւիղ (բազմավեկտոր) քաղաքականութիւնը: Գիւմրի կատարուած թէ՛ այցելութիւնը ինքնին, թէ անոր հետեւած տարածաշրջանային ընդգրկուածութիւն ունեցող բազմաթիւ համաձայնագրերու կնքումը եւ ռազմակայանի ընդարձակման հետ կապուած նոր որոշումները, յայտնապէս կը դժուարացնեն Երեւանի յայտարարած բազմաշառաւիղ քաղաքականութեան կիրարկումը:

Գիւմրին սակայն, ոչ միայն Մոսկուայի համար, այլ նաեւ Եւրոպական Միութեան համար, այլ ուղղութեամբ անշուշտ,  ռազմավարական յատուկ կարեւորութիւն ներկայացնող աշխարհագրական միջավայր է: Անկախ սահմանադուռերու անցակէտերէն, Գիւմրին Կարսին հետ այն քաղաքն է, որ պիտի կամրջէ երկու երկիրները: Ռուսիոյ համար զսպելու թրքական թափանցումները դէպի Կովկաս, իսկ Եւրոպական Միութեան համար` Կովկասէն դէպի Եւրոպա  կարեւոր մայրուղի հարթելու:

Երկրաշարժի 25-ամեակի զոհերու յիշատակի յարգումը ամէն բանէ առաջ պարտաւորեցնող է. ասկէ զատ Գիւմրին, իր վրայ կեդրոնացուց ռազմաքաղաքական կարեւորութիւն: Երկրաշարժով աւերուած Գիւմրին վերականգնած է այսօր 25 տարի ետք: Ոչ միայն վերականգնած, այլ ստացած աշխարհաքաղաքական նշանակութիւն:

Նախորդը

Հայ Քաղաքական Կուսակցութիւններու Գերագոյն Մարմիններու Ժողով

Յաջորդը

Մահազդ

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.