Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Երիտասարդականի Մասնակցութիւնը Գերմանիոյ Ընկերվար-Ժողովրդավարական Կուսակցութեան Երիտասարդականի Համագումարին

December 10, 2013
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ert1Գերմանիոյ Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութեան երիտասարդական կազմակերպութեան հրաւէրով` ՀՅԴ Երիտասարդականը մէկ ներկայացուցիչով մասնակցեցաւ յիշեալ կազմակերպութեան տարեկան համագումարին:

ՀՅԴ Երիտասարդականը կը ներկայացնէր Կարապետ Շադոյեան` Աւստրիայէն:

Համագումարը տեղի ունեցաւ 6-8 դեկտեմբերին` Նիւրենպերկի մէջ: Համագումարին կը մասնակցէին կազմակերպութեան մօտ 400 անդամներ եւ հիւրեր` Հոլանտայէն, Պելճիքայէն, Շուէտէն եւ այլուր: Համագումարին կը մասնակցէին նաեւ Ընկերվարական երիտասարդներու միջազգային միութեան եւ Եւրոպական ընկերվարական երիտասարդներ կազմակերպութիւններու պատասխանատուները:

Համագումարին ելոյթ ունեցաւ ՀՅԴ Երիտասարդականի ներկայացուցիչը, որ անդրադարձաւ Հայաստանի ներկայիս իրավիճակին` նշելով, որ երկիրը կը գտնուի շրջափակման մէջ, Թուրքիա կը շարունակէ ժխտել Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը, Ազրպէյճանի  եւ Թուրքիոյ մէջ սերունդ կը դաստիարակուի հայատեացութեան հենքի վրայ, Արցախի մէջ ո՛չ պատերազմ է, ո՛չ ալ խաղաղութիւն կը տիրէ, Ջաւախքի մէջ կ՛ոտնահարուին հայ փոքրամասնութեան իրաւունքները եւ այս ամբողջի հիմնական զոհերը երիտասարդներն են:

Կարապետ Շադոյեան ընդգծեց, որ այս բոլորին մէջ մեծապէս մեղք ունին եւրոպացիները, որովհետեւ անտարբեր են շրջանի հարցերուն նկատմամբ եւ կը թուի, որ ցանկութիւն չունին հարցերը արդար կերպով լուծելու: Ան նշեց, որ անտեղի է որեւէ քննադատութիւն Մաքսային միութեան Հայաստանի անդամակցութեան որոշման նկատմամբ, որովհետեւ այդպիսով հայերը կը մտածեն, որ գոնէ ապահով կը մնան, իսկ եւրոպացիները Հայաստանին օժանդակելու հարցին մէջ թերացած են:

Համագումարի աւարտին ընդունուած են բանաձեւեր, որոնցմէ մէկուն մէջ շեշտուած է, որ Թուրքիոյ կողմէ մարդկային իրաւունքներու յարգումը նախապայման պէտք է ըլլայ Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան:

Համագումարին մասնակցեցաւ Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ Մարթին Շուլց, որ դասախօսութիւն տուաւ Եւրոպական Միութեան վիճակին եւ յառաջիկայ ընտրութիւններուն մասին: ՀՅԴ Երիտասարդականի ներկայացուցիչը հանդիպում ունեցաւ Մարթին Շուլցի հետ, որուն յանձնեց Արցախի եւ ՀՅԴ Երիտասարդականի մասին գրքոյկներ:

Համագումարին մասնակցեցաւ եւ ելոյթ ունեցաւ Գերմանիոյ Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութեան (SPD) նախագահ Զիկմար Կապրիել:

ՀՅԴ Երիտասարդականի ներկայացուցիչը երկկողմանի հանդիպումներ ունեցաւ Ընկերվար երիտասարդներու միջազգային միութեան, Եւրոպական ընկերվարական երիտասարդներու եւ այլ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ:

 

 

 

Նախորդը

Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցած Թրքական Կուսակցութիւնը Ներկայացուցած Է Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Իր Ծրագիրը

Յաջորդը

Թեհրանի Մէջ Տեղի Ունեցաւ «Հայ Դատը Այսօր» 10-րդ Խորհրդաժողովը

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.