Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Լիբանան Ի Վիճակի Չէ Մարտ 14-ի Քաղաքական Ուժերէն Կազմուած Կառավարութիւն Մը Հանդուրժելու» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

January 30, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

enger_hagopՀայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Վանայ ձայն»-ի հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ լիբանանեան ներկայ իրավիճակին եւ յատկապէս կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին:

Երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ համախոհական կառավարութիւն մը կազմելու ջանքերը տակաւին ի զօրու են` աւելցնելով, որ կարելի չէ կանխաւ թուականներ ճշդել` նոր կառավարութեան ծնունդին մասին, «ընդհակառակն` պէտք է ըլլալ իրապաշտ եւ բաւարար ժամանակ տալ կառավարութիւնը կազմելու նպատակով ընթացող խորհրդակցութիւններուն», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի նշեց, որ Թամմամ Սալամ խորհրդարանական մեծամասնութեան համաձայնութեամբ նշանակուեցաւ վարչապետ, իսկ չէզոք կառավարութիւն մը կազմելու առաջարկը Մուսթաքպալ հոսանքի եւ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն առաջարկն է, բայց եւ այնպէս ներկայիս Լիբանան ի վիճակի չէ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերէն կազմուած կառավարութիւն մը հանդուրժելու: «Իսկ Լիբանան կրցաւ հանդուրժել Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերու կառավարութիւն մը, որովհետեւ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը մերժեցին մաս կազմել կառավարութեան», նշեց ան:

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի նկատմամբ Ամալ շարժումի եւ Հըզպալլայի զօրակցութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ անոնք զիրար չեն լքեր, որովհետեւ իսկապէս դաշնակից են եւ կը զօրակցին իրարու, յատկապէս երբ հարցը կը վերաբերի ազգային համերաշխութեան, սահմանադրութեան եւ քրիստոնեայ համայնքին իրաւունքին:

Քրիստոնեայ համայնքին իրաւունքներուն եւ արդար ներկայացուցչութեան մասին Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ պէտք է բոլորը հասկնան, որ սիւննի-շիի լարուածութիւնը մեղմացնելու համար քրիստոնեաները միշտ չէ, որ իրենց իրաւունքներէն պիտի հրաժարին: «Պէտք է լաւ ըմբռնել, որ Լիբանանի մէջ կարելի չէ իրարու լուսանցքայնացնել կամ ջնջել: Բոլորը պէտք է լաւ իմանան, որ երկրին դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն դէմ դնելու համար պէտք է միասնական ըլլան, այլապէս անոնք չեն կրնար Լիբանանի մէջ գոյատեւել», յայտնեց ան:

Յ. Բագրատունի հարց տուաւ, թէ ինչո՞ւ Լիբանանի մէջ փոքրամասնութիւնները ուժային նախարարութիւններ պիտի չկարենան ստանձնել: «Կարծէք շրջանային եւ տեղական բոլոր հարցերը լուծուած են, եւ հարցը միայն զօր. Աունի կողմէ ուժանիւթի նախարարութեան պահանջն է: Իսկ նպատակը զօր. Աունը կառավարութենէն դուրս ձգելն է», աւելցուց Յ. Բագրատունի:

Ան ընդգծեց, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը համաձայն է հերթագայութեան սկզբունքին, պայմանաւ որ անիկա վերաբերի բոլոր համայնքներուն: Այսինքն` մասնակի հերթագայութիւնը կտրականապէս մերժելի է:

Յ. Բագրատունի յայտնեց նաեւ, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին պարագային հարց մը կը նկատուի նաեւ այն, որ վարչապետին կողմէ նախարարութիւններու բաժանումը տակաւին յստակ չէ եւ տուեալներ չկան, հետեւաբար իրարու աջակցելու կամ թեկնածուները որոշելու կարելիութիւն չկայ: Ան շեշտեց, որ կատարուած իրողութեան կառավարութիւնը մերժելի է, որովհետեւ հակասահմանադրական է:

«Լիբանանի մէջ վատագոյն կացութիւնը անորոշութիւնն է, իսկ Սուրիոյ մէջ պատերազմ բռնկեցնողները իրենք պատասխանատու են շրջանին մէջ հաւատադրժողական շարժումներուն ստեղծումին», ըսաւ ան:

Շրջանին մէջ տիրող կացութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի մատնանշեց արաբական միասնականութեան չգոյութիւնը եւ ընդգծեց, որ «Արաբական գարուն»-ը սկսած է 2000-ին, հարաւային Լիբանանի ազատագրումով եւ շարունակուած 2005-ին եւ 2006-ին:

«Նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրի իր կեանքը վճարեց 2000-ին Դիմադրութեան նկատմամբ իր յայտարարած զօրակցական կեցուածքներուն համար: 2006-ի յուլիսեան պատերազմը եւ Իսրայէլի դէմ արձանագրուած յաղթանակը արաբական գարնան շարունակութիւնը կարելի է նկատել: Սակայն վերջին հանգրուանին արձանագրուած այսպէս կոչուած  գարնան ոչ մէկ ծաղիկ տեսանք», ըսաւ Յ. Բագրատունի:

Ան հաստատեց, որ եթէ լիբանանցին օտարէն կախեալ ըլլալու եւ իր ներկայացուցիչներն ու պատասխանատուները հաշուետուութեան չկանչելու մտայնութիւնը փոփոխութեան չենթարկէ, ապա կարելի պիտի չըլլայ երկրին տագնապները լուծել:

Յ. Բագրատունի հարցազրոյցը եզրափակեց Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն բարեմաղթութիւններ փոխանցելով եւ շեշտելով լաւատեսութեան անհրաժեշտութիւնը:

 

 

Նախորդը

Պըրրի. «Եթէ Նոր Տուեալներ Պարզուին, Պատրաստ Եմ Միջամտելու»

Յաջորդը

Ուորլիք Կոչ Կ՛ուղղէ Խաղաղութեան Եզրեր Գտնելու

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.