«Տակաւին Դրական Մթնոլորտ Կը Տիրէ Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթին Շուրջ» Շեշտեց Յ. Բագրատունի
Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ «Էն. Պի. Էն.» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ լիբանանեան ներկայ իրադարձութիւններուն եւ յատկապէս կառավարութեան կազմութեան բանակցութիւններուն: Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին արգելակումը միայն նշեալ նախարարութեան վերագրելը հարցերը նսեմացնելու փորձ մըն է: «Պէտք չէ մոռնալ, որ երբ Թամմամ Սալամ...



















