Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հովանաւորութեամբ Էլիաս Աունի Եւ Կազմակերպութեամբ «Նոազ Արք» Ցուցասրահին`. Ցուցահանդէս Եւ Գինեձօն` Դոկտ. Յարութիւն Արմէնեանի «Կեանքը Ջրաներկերու Հետ» Գեղարուեստական Գիրքին

February 20, 2014
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter
Դոկտ. Յարութիւն Արմէնեան ներկաներուն կ՛ուղղէ իր խօսքը
Դոկտ. Յարութիւն Արմէնեան ներկաներուն կ՛ուղղէ իր խօսքը

Երէկ, չորեքշաբթի, 19 փետրուար 2014-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին Զալքայի «Նոազ արք» արուեստի ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի` «Եու.Սի.Էլ.Էյ.»-ի հանրային առողջապահութեան բաժանմունքի փոխտնօրէն, արուեստագէտ, ակադեմական, սփիւռքահայ մտաւորական դոկտ. Յարութիւն Արմէնեանի «Կեանքը  ջրաներկերու հետ» («Լայֆ ուիտ ուոթըրքալըրզ») գեղարուեստական նկարազարդ գիրքին գինեձօնն ու արուեստագէտին գործերուն ցուցահանդէսը:

Խմբագիրներու սենտիքայի նախագահ` Էլիաս Աունի հովանաւորութեամբ կայացած այս ձեռնարկը կազմակերպուած էր Նոազ արք» ցուցասրահի տնօրէն եւ սեփականատէր, արուեստաբան դոկտ. Մովսէս Հերկելեանի կողմէ: Գինեձօնի հանդիսութեան ներկաները ողջունեց Էլօ Հերկէլեան` անհրաժեշտ ցուցմունքներ եւ տեղեկութիւններ փոխանցելով  ներկաներուն ցուցադրուող ջրաներկերու արուեստին մասին:

Ապա դոկտ. Մովսէս Հերկելեան բացումը կատարեց ձեռնարկին` սեղմ գիծերու մէջ ներկայացնելով արուեստագէտ դոկտ. Յարութիւն Արմէնեանը:  «Ջրանկարչութեան  արուեստը Լիբանան մուտք գործած է Եւրոպայէն եւ յատկապէս` Ֆրանսայէն», դիտել տուաւ Հերկելեան` թուելով այս արուեստի «վարպետներ»-ը, ինչպէս` Օմար Օնսի, Մուսթաֆա Ֆարրուխ, Ժորժ Միր, Ժորժ Սիր եւ յաջորդ սերունդէն Փոլ Կիրակոսեան, Ժան Խալիֆէ, Հասան Ժունի, Թորոս Տէր Յակոբեան եւ ուրիշներ, որոնք բոլորն ալ նախընտրած են ստեղծագործել նաեւ իւղաներկով: «Միայն դոկտ. Յարութիւն Արմէնեանն է, որ կը ստեղծագործէ միայն ու միայն ջրանկարչութեամբ», ընդգծեց Հերկելեան` բարձր գնահատելով դոկտ. Արմէնեանի արուեստը: Դոկտ. Հերկելեան այս առիթով շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, հանդիսութեան հովանաւոր` Խմբագիրներու սենտիքայի նախագահ Էլիաս Աունին եւ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիին ու բոլոր անոնց, որոնք նպաստեցին այս ձեռնարկի յաջողութեան:

Էլիաս Աուն
Էլիաս Աուն
Շահէ եպս. Փանոսեան
Շահէ եպս. Փանոսեան

Ապա ան խօսքը փոխանեց Էլիաս Աունին, որ ջերմօրէն ողջունեց արուեստասէրներու այս հանդիպումը` հակառակ երկրին դիմագրաւած ապահովական աննպաստ պայմաններուն: Ան դրուատեց արուեստագէտ Յարութիւն Արմէնեանի ստեղծագործական յատկանիշները` երկար կեցութիւն մաղթելով անոր Լիբանանի մէջ:

Այս առիթով Էլիաս Աուն ներկաներուն ուղղած իր խօսքին ինչպէս նաեւ «Ազդակ»-ին հետ իր ունեցած մտերմիկ զրոյցին ընդմէջէն իր հիացմունքը  յայտնեց հայութեան եւ յատկապէս լիբանանահայութեան նկատմամբ, որ հակառակ կեանքի դառնագոյն պայմաններուն` յատուկ սէր եւ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէ արուեսի գործերուն նկատմամբ: Աուն բարձր գնահատեց լիբանանահայութեան ներդրումը Լիբանանի զարգացման ու վերելքին մէջ` զանազան մարզերու մէջ: «Լիբանանցիք ուր որ ալ գտնուին կը սիրեն ստեղծագործել եւ ասիկա կ՛առնչուի նաեւ հայերուն, եւ մենք հպարտ ենք հայերուն ստեղծագործութիւններով, հայերը Լիբանանի այլազանութեան մէջ ներդաշնակութիւն ստեղծող համերաշխութեան խորհրդանիշ են», ընդգծեց Աուն` շնորհակալութիւն յայտնելով արուեստագէտ դոկտ. Արմէնեանին եւ դոկտ. Հերկելեանին, որ «նման առիթներով արուեստասէրները կը համախմբէ` ստեղծելով գեղեցիկ պահեր»:

harout1Ապա խօսք առաւ դոկտ. Արմէնեան, որ նախ հայերէնով եւ ապա անգլերէնով իր խօսքին մէջ ողջունելէ ետք ներկաները յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանին, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիին ու շատ մը բարեկամներու եւ ի մասնաւորի արուեստագէտ Սամիր Թապեթին: Ակադեմական ու արուեստի իր զոյգ ներաշխարհները ընդելուզած իր ջրանկարչական արուեստի փորձառութեամբ եւ առնչակից արուեստագէտներու կեանքի փիլիսոփայութենէն մէջբերումներ կատարելով դոկտ. Արմէնեան ներկաները պահ մը փոխադրեց արուեստի իր աշխարհը` անոնց փոխանցելով կեանքը ջրանկարչութեան ոսպնեակէն դիտելու եւ վայելելու հմայքը:

Այս առիթով իր սրտի խօսքը փոխանցեց նաեւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան` բարձր գնահատելով դոկտ. Արմէնեանի արուեստը, որ «թէեւ սիրողականօրէն սկսաւ, բայց ինչպէս դոկտ. Հերկելեան  հաստատեց` կատարելագործուած ձեւով ներկայացուց մեզի իր արուեստի ստեղծագործական արժանիքները»: Դրուատելով այս գծով դոկտ. Հերկելեանի` արուեստի կամրջումի դերակատարութիւնը,  Շահէ սրբազան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն: Ապա տեղի ունեցաւ գինեձօնը, որուն աւարտին հիւրասիրութեան առընթեր արուեստագէտ Արմէնեան ներկաներուն մակագրեց իր գիրքը:

Ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ 7 մարտ 2014, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:

Նախորդը

Ֆութպոլ. Լիբանան Յաղթեց Փաքիստանի (3-1)

Յաջորդը

Այսօր Բացումը Կը Կատարուի Վաստակաւոր Արուեստագէտ Քարլոս Սայադեանի Ցուցահանդէսին

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.