Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անթիլիասի Մայրավանքը Ծաղկազարդուեցաւ Հայ Ժողովուրդի Զաւակներուն Բազմահազար Ներկայութեամբ

April 14, 2014
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

dzaghgazart1304Կիրակի, 13 ապրիլ 2014-ին, Ծաղկազարդի օրը` Յիսուսի Երուսաղէմ մուտքի յիշատակին, հազարաւոր հայ մանուկներ իրենց ծնողներուն հետ խուռներամ բազմութեամբ լեցուցած էին Անթիլիասի մայրավանքը: Տօնական խանդավառութիւնը իր գագաթնակէտին հասաւ, երբ մանուկներու թափօրը ծայր առաւ Մայր տաճարէն ու կաթողիկոսարանի հիւսիսային դարպասէն դուրս, ամբողջ մայրավանքի շրջանը ըրաւ, ու մայր դարպասէն ներս մտաւ, ցնծագին ուրախութեամբ լեցնելով մանուկներու սրտերը:

Ս. պատարագը մատուցեց Գեղամ արք. Խաչերեան: Ներկայ բազմահազար ժողովուրդը ծափողջոյններով դիմաւորեց Արամ Ա. կաթողիկոսը, որ վեհարանի պատշգամէն երեւելով, իր հայրապետական պատգամը ուղղեց մանուկներուն եւ անոնց ծնողներուն: Վեհափառ հայրապետը քաջալերեց ծնողները, որոնք հայու վայել գիտակցութեամբ, եկեղեցւոյ տօներուն մասնակից կը դարձնեն իրենց զաւակները` Աստուծոյ շունչով ու քրիստոնէական դաստիարակութեամբ մեծցնելով զանոնք: Վեհափառ հայրապետին պատգամը հազիւ աւարտած, հազարաւոր հայ մանուկներ մեծ ցնծութեամբ դիտեցին աղաւնիներն ու գոյնզգոյն փուչիկները, որոնք մայրավանքի շրջափակէն դէպի երկինք բարձրացան:

Պատգամէն ետք, Արամ Ա. կաթողիկոս վեհարանին մէջ ընդունեց հայ մանուկներն ու անոնց ծնողները: Տեղի ունեցաւ աջահամբոյր: Վեհափառ հայրապետը բոլոր մանուկներուն նուէրներ բաշխեց` տօնական ուրախութեամբ լեցնելով անոնց սրտերը:

Յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ դռնբացէքի խորհրդալից արարողութիւնը` հանդիսապետութեամբ վեհափառ հայրապետին: Քարոզեց պատարագիչ սրբազանը` Քրիստոսի Երկրորդ Գալստեան պատգամը փոխանցելով ներկայ հաւատացեալներուն:

Նախորդը

Իրավիճակը Հալէպի Մէջ. Հալէպի Սիւլէյմանիէ Շրջանը Կրկին Թիրախ` Հրասանդի Հրթիռներու Կան Զոհեր Եւ Վիրաւորներ

Յաջորդը

Լիպըրման Յառաջիկայ 5 Տարուան Ընթացքին Արաբական Չափաւորական Պետութեանց Հետ Խաղաղութիւն Կը Նախատեսէ

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.