Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի Երկրորդ Նիստի Գումարում

April 12, 2014
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

yerespokhanԼիբանանի հայոց թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովի 2-րդ նիստը տեղի ունեցաւ երէկ` ուրբաթ, 11 ապրիլ 2014-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, Ազգային երեսփոխաններուն, Ազգային վարչութեան անդամներուն, Կրօնական ժողովի անդամներուն, Ազգային առաջնորդարանի յարկին տակ գործող խորհուրդներու եւ յանձնախումբերու ներկայացուցիչներուն, թաղական խորհուրդներու ներկայացուցիչներուն, նաեւ Ազգային վարժարաններու տնօրէններուն:

Ազգային երեսփոխանական ժողովի նախագահ Յակոբ Լատոյեան բացուած յայտարարեց ժողովը: Սրբազան հօր բացման աղօթքին յաջորդեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի պատգամի ընթերցում` Խաչիկ քհնյ. Միսիրեանի կողմէ:

Ապա ժողովի նախագահ Յակոբ Լատոյեան ըստ օրակարգի կատարեց նախորդ երեսփոխանական ժողովի ատենագրութեան ընթերցում եւ վաւերացում:

Այնուհետեւ «փաուըր փոյնթ»-ով ներկայացուեցան Կրօնական ժողովի եւ Ազգային վարչութեան երկամեայ գործունէութեան տեղեկագիրները եւ կատարուեցաւ անոնց քննարկումը:

Հաշուեքննիչ յանձնախումբի զեկուցումին յաջորդեց 2013 տարեշրջանին իրականացած հաշուեկշիռի ներկայացումը եւ քննարկումը, նաեւ 2014 տարեշրջանի նախահաշիւի պիւտճէի ներկայացումը եւ հաստատումը:

Ապա առիթ տրուեցաւ ժողովականներուն առաջարկներ ներկայացնելու եւ թելադրութիւններ կատարելու նոր ընտրուելիք Ազգային վարչութեան:

Աւարտին ժողովի նախագահ Յակոբ Լատոյեան կարդաց Կրօնական ժողովի, Ազգային վարչութեան եւ հաշուեքննիչ յանձնախումբի առաջարկուած թեկնածուներուն անունները, որոնք վաւերացուեցան ժողովին կողմէ:

ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ
Խաչիկ Ա. քհնյ. Միսիրեան
Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան
Մաշտոց քհնյ. Քէշիշեան
Նարեկ քհնյ. Հէճինեան
Ղեւոնդ քհնյ. Լոշխաճեան

ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ (Քաղաքական ժողով)
Գրիգորիս Պողարեան
Ալեն Պալեան
Ալեքսան Մուրատեան
Յակոբ Թէրզեան
Հիլտա Պայրամեան
Ռոպէր Մինասեան
Թամար Տէր Պետրոսեան
Վերա Պչաքճեան
Ալեքսան Ջուլհաճեան

Եզրափակիչ խօսքը արտասանեց առաջնորդ սրբազան հայրը: Ան յայտնեց, որ կարգ մը մտահոգութիւններ, որոնք ներկայացուեցան, մեր մտքերուն մէջ կը ձեւաւորուին, որ իրար օգնելով կարենանք մեր կեանքին մէջ գտնուող խոչընդոտները յաղթահարել: «Մեր եկեղեցին մեր ժողովուրդի աջակցութեամբ շատ ընելիք ունի ինքն իրեն համար», հաստատեց սրբազանը` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է մեր կեանքին մէջ փոփոխութիւններ կատարել, որպէսզի կարենանք յարատեւել եւ քայլ պահել կեանքին հետ: Ան շեշտեց, որ պէտք է որդեգրել նոր ձեւեր որպէսզի կարենանք գործել ներկայ կեանքի պահանջներուն համաձայն:

«Մենք ուրախ ենք մեր իրագործումներով եւ պատրաստակամութիւն ունինք միասին շարունակելու մեզի վստահուած գործը», շեշտեց սրբազանը եւ գնահատեց Ազգային վարչութեան երկամեայ աշխատանքը, յաջողութիւն մաղթեց նորընտիր վարչութեան եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Ազգային երեսփոխաններուն իրենց տրամադրած ժամանակին համար եւ պահպանիչով փակեց ժողովը:

Նախորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Նշումը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Թեմերուն Մէջ. Համագումար. Անթիլիաս, չորեքշաբթի 9 ապրիլ 2014

Յաջորդը

Լաւրով. «Պատրաստ Ենք Ուքրանիոյ Տագնապին Շուրջ Քառակողմ Հանդիպումին Մասնակցելու»

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.