Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այնթապի Մէջ Հայերու Տուները Կ՛ոչնչացուին

April 30, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

2904Aintab«Հայ Թերթ» կը հաղորդէ, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտող եւ հայու տան մէջ բնակող գրող Իպրահիմ Հալիլ Այճան ժողովուրդներու մշակութային ժառանգութեան տէր կանգնելու կոչ հնչեցուցած է:

«Պատմութեան էջերէն աշխարհի մեծագոյն ցեղասպանութիւններէն մէկուն ենթարկուած հայ ժողովուրդը, Ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընդառաջ մշակութային ցեղասպանութեան կ՛ենթարկուի: Անոնցմէ ետք մնացած շինութիւնները կը շարունակուին աւերուիլ», կը նախազգուշացնէ գրողը:

Ըստ Այճանի, Այնթապի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին լքուած թաղամասին մէջ մնացած տուներուն տեղ պանդոկներ կը կառուցուին: Այնթապի ամէնէն հին թաղամասը` ժամանակին հայերուն պատկանած շրջանը, որ գրեթէ շուկայի վերածուած է: Հայերու տուներուն մէջ սրճարաններ, գինետուներ, պանդոկներ կը կառուցուին:

Արդէն 26 տարիէ ի վեր այդ թաղամասին մէջ հայերուն պատկանած տան մը մէջ բնակող գրողը կը նշէ, որ այդ ճարտարապետական կառոյցները կը գնեն առեւտրական նպատակներով:

Հարիւրամեակներ շարունակ համատեղ ապրած ազգի ժառանգութեան ոչնչացումն ու հողին հաւասարեցնելը շատ կ՛անհանգստացնէ Այճանը, որ կ՛ըսէ. «Քարշակներու ամէն հարուած սրտիս մխրճուող դանակի նման է»:

«Ես հայու տան մէջ կ՛ապրիմ արդէն 26 տարիէ ի վեր: Ես ալ իմ հայրենիքէս առանց փափաքելու հեռացած, կտրուած եմ: Թերեւս այդ պատճառով կը զգամ այդ ցաւը: Երբ ես առաջին անգամ այս թաղամասը եկայ, այստեղի մարդիկ այս շրջանը պահպանելով կ՛ապրէին: Ատկէ ետք քաղաքապետարանը որոշեց զբաղիլ այս հարցով: Միլիոններով գումար ծախսեցին: Բոլոր քարերը, փողոցները նորոգեցին: Բոլոր տուները լուսաւորեցին: Թաղամասին մէջ տեսահսկումի համակարգեր տեղադրեցին: Ատկէ ետք այս շրջանը ամայացաւ: Մարդիկ հեռացան: Կ՛ըսեն` զբօսաշրջական նպատակներով պիտի օգտագործուին: Ասիկա Այնթապի ամէնէն հին թաղամասն է: Այստեղ եկողը զայն «Այնթապ թաղամաս» կը կոչէ, սակայն իրականութեան մէջ ասիկա հայկական թաղամաս է», ըսած է ան:

Գրողը կը յիշեցնէ, որ 1900-ականներու սկիզբը Այնթապի բնակչութեան կէսը հայեր էին: Ան կոչ կ՛ուղղէ այս հողերուն վրայ ապրած մարդոց մշակութային ժառանգութեան առնուազն յարգանքով վերաբերիլ: Ըստ անոր, շրջանը անմարդաբնակ դարձնելէ ետք հայերուն պատկանող տուները ժամանցի վայրերու վերածուած են եւ մինչեւ իսկ յարմար հասցէներ դարձած այնտեղ թմրանիւթեր օգտագործելու համար:

«Հայերու 100 տարի առաջ լքած բնակավայրերուն մէջ կ՛ապրինք, գոնէ տէր կանգնինք անոնց: Այնթապի մէջ առաջին թատրոնը ստեղծողը, առաջին թերթը հրապարակողը հայերը եղած են: Ընկերամշակութային կեանքն ու առեւտուրը անոնց ձեռքն էր: Այժմ անոնց մշակոյթին ոչնչացման դէմ դուրս գալ պէտք է», ըսած է ան:

 

 

Նախորդը

Քալիֆորնիոյ Օրէնսդիր Ժողովը Բանաձեւ Ընդունեց` Ի Պատիւ Հայերուն Օգնութիւն Ցուցաբերած Ամերիկացիներուն

Յաջորդը

Ուրուկուէյի Խորհրդարանը Յարգանքի Տուրք Մատուցեց Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակին

RelatedPosts

Լիբանանահայութիւնը Արժանի Տօնակատարութեամբ Նշեց ՀՅԴ-ի 136-Ամեակը
Գաղութային

Լիբանանահայութիւնը Արժանի Տօնակատարութեամբ Նշեց ՀՅԴ-ի 136-Ամեակը

November 28, 2026
9 Նորագիրներ Միացան ՀՅ Դաշնակցութեան Շարքերուն
Գաղութային

47 Նորագիրներ Միացան Դաշնակցութեան Շարքերուն` Կոչուելով «Արարատ»-ի Սերունդ

November 28, 2026
Սիպիհա. «Ուքրանիան Չի Պատրաստուիր  Ռուսիոյ Սկսած Պատերազմը  Լիպիա Տեղափոխելու»
Գլխաւոր լուրեր

Սիպիհա. «Ուքրանիան Չի Պատրաստուիր Ռուսիոյ Սկսած Պատերազմը Լիպիա Տեղափոխելու»

November 28, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։