Գլխաւոր լուրեր

1805Morningstar

Ըստ Պաքուի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանին. «Եւրոմայտան»-ը Կրնայ Կրկնուիլ Ազրպէյճանի Մէջ

Ռիչըրտ Մոռնինկսթար Ազրպէյճանական «Haqqin.az» կայքը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Մոռնինկսթար «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի ազրպէյճանական ծառայութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսած է, որ «Միացեալ Նահանգներ ուշադիր կը հետեւին Ազրպէյճանի մէջ տեղի ունեցող վերջին իրադարձութիւններուն: Յատկապէս քաղաքական գործիչներու նկատմամբ ճնշումներուն եւ ձերբակալութիւններուն: Այդ նիւթը մեզի համար միշտ առաջնային եղած է: Եթէ կը յիշէք, քանի մը տարի առաջ...

1605Tavit-Khajakian

«Դէմ Եմ»-ը Գոհ Չէ Փոխուած Օրինագիծէն. Բողոքի Ցոյցերը Պիտի Շարունակուին

Դաւիթ Խաժակեան «Դէմ եմ» նախաձեռնութեան անդամները պիտի շարունակեն բողոքի ցոյցերը, որովհետեւ «Կուտակային կենսաթոշակային համակարգի մասին» փոխուած օրինագիծին մէջ իրենց պահանջները չեն բաւարարուած: Այս մասին «Մետիա» կեդրոնին մէջ հրաւիրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարեց նախաձեռնութեան անդամներէն Տիգրան Մարտիրոսեան` նշելով, որ տակաւին որոշուած չէ, թէ ի՛նչ ձեւաչափով պիտի ըլլան ցոյցերը: «Կարծես թէ կառավարութիւնը այս քայլով ցոյց կու տայ, որ նախորդ կառավարութեան ձախողած քաղաքականութիւնը...

4gousagtsoutiounner

Համամասնական Դրութեան Վերաբերեալ ՀՅԴ Ներկայացուցած Օրինագիծին Վերաբերեալ Ձեւաւորուած Է Միասնական Կարծիք

Շաբաթ, 17 մայիսին տեղի ունեցած է Ազգային ժողովի ոչ իշխանական չորս ուժերու` ՀՅԴ-ի, Հայ ազգային քոնկրեսի, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան եւ Ժառանգութիւն կուսակցութեան խմբակցութիւններու հերթական հանդիպումը: Հանդիպումին քննարկուած է ՀՅԴ խմբակցութեան ներկայացուցած համամասնական համակարգին անցնելու օրինագիծը: ՀՅԴ խմբակցութիւնը հրատապ նկատած է համամասնական ընտրական համակարգին անցնելու իրենց օրինագիծը, ինչ որ արժանացած է նաեւ քառեակի միասնական հաւանութեան: Չորս ոչ իշխանական խմբակցութիւնները նկատել տուած...

Nora-Damascus-university-f

Հայ-Արաբական Լեզուական Առնչութիւններու Ներկայացում` Դամասկոսի Համալսարանի Գիտաժողովին Ընթացքին

Դամասկոսի Համալսարանի նախագահը կը պարգեւատրէ դոկտ. Նորա Արիսեանը 12-14 մայիսին Դամասկոսի համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Մշակոյթն ու լեզուն» վերնագիրով գիտաժողով մը, զոր կազմակերպած էր «Լեզուներու բարձրագոյն ուսումնարան»-ը` Դամասկոսի համալսարանի նախագահ Ամեր Մարտինիի հովանաւորութեամբ: Գիտաժողովը կը շօշափէր տարբեր նիւթեր, ինչպէս` սուրիական մշակոյթը, ասորերէն լեզուն եւ Մալուլա քաղաքը, քրտերէնի զարգացումը, հայ-արաբական լեզուական առնչութիւնները եւ այլն: «Լեզուներու բարձրագոյն ուսումնարան»-ի նախագահ դոկտ. Մէյսաա Սիուֆի...

1605Warlick

Ուորլիք. «Սթաթիւս Քոն Անկայուն Է Եւ Հետզհետէ Աւելի Ու Աւելի Վտանգաւոր»

Ճէյմս Ուորլիք ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք Հարաւային Կովկաս նախատեսուող այցելութենէն առաջ ազրպէյճանական 1news.az կայքին հետ հարցազրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ անհրաժեշտ է շարունակել Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի խաղաղ լուծման ուղղութեամբ աշխատանքը: Սթաթիւս քոն անկայուն է եւ հետզհետէ աւելի ու աւելի վտանգաւոր, եւ ամէնէն վատ ելքը վերսկսուած տագնապը պիտի ըլլայ: Ուորլիք Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն կոչ ուղղած է մօտ...

1605Giro-f

«Ոչ Ոք Կը Պատկերացնէ, Որ Լեռնային Ղարաբաղը Տէ Ժիւրէ Մաս Պիտի Կազմէ Մաքսային Կամ Եւրասիական Միութեան» Կ՛ըսէ Կիրօ Մանոյեան

Կիրօ Մանոյեան Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան, երէկ մեկնաբանելով Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովի անդամներէն մէկուն վերջին յայտարարութիւնը, թէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը պիտի չանդամակցի Մաքսային միութեան, նշեց, որ Մաքսային միութեան պաշտօնակատարը այլ բան չէր կրնար ըսել: Ըստ Մանոյեանի, ոչ ոք կը պատկերացնէ, որ Լեռնային Ղարաբաղը տէ ժիւրէ մաս պիտի կազմէ Մաքսային կամ Եւրասիական միութեան:...

1605rayi_seyid

Հըզպալլայի Պատուիրակութիւն Մը Կ՛այցելէ Ռայի Պատրիարքին

Ապու Զէյնապ, Սէյիտ եւ Ռայի պատրիարքը Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Հըզպալլայի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին Հըզպալլայի քաղաքական խորհուրդի նախագահ սէյիտ Իպրահիմ Ամին Սէյիտ, Պքերքէի եւ Հըզպալլայի միջեւ երկխօսութեան խորհուրդի անդամ Ղալեպ Ապու Զէյնապ եւ Հըզպալլայի քաղաքական խորհուրդի անդամ Մուսթաֆա Հաժ Ալի: Հանդիպումէն ետք Սէյիտ յայտնեց, որ Ռայի պատրիարքին այցելած են, որովհետեւ իրենք վարժ են...

1605Kidajoghov

«Լիբանանի Հայերը» Բ. Գիտաժողովի Երկրորդ Օրուան Զեկուցումները

Երէկ Հայկազեան համալսարանին մէջ տեղի ունեցան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնին կազմակերպած «Լիբանանի հայերը» Բ. գիտաժողովի վերջին երկու նիստերը: Առաւօտեան նիստին դոկտ. Քլոտ Մութաֆեան ներկայացուց «Հայ եւ լիբանանեան քանի մը դաշինքներ խաչակիրներու ժամանակ» նիւթով զեկուցումը, դոկտ. Վահրամ Շէմմասեան` «Մուսա լերան հայութեան տեղաւորումը Լիբանան (1939-1940)» նիւթով զեկուցումը, դոկտ. Ճէյմս Սքոթըր` «Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը եւ լիբանանահայ համայնքը (1943-1975)» նիւթով զեկուցումը, իսկ դոկտ....

IMG_3261-f

Վաքըֆ Տարուած 18 Քեսապահայերը Հասան Լիբանան

Թրքական տարածքներէ հայկական Քեսապ գիւղին վրայ կատարուած յարձակումին իբրեւ հետեւանք Թուրքիա տարուած 18 քեսապահայեր, այս առաւօտ կանուխ ժամերուն հասան Լիբանան: Պոլիս-Պէյրութ թռիչքով Լիբանան ժամանած քեսապահայերը Թուրքիա տարուած միջոցին բնականաբար ո՛չ անցագիր, ո՛չ ալ համապատասխան փաստաթուղթ ունէին: Կուսակցութեան պատկան մարմիններու եւ ազգային իշխանութիւններուն  կողմէ հետեւողական աշխատանք տարուեցաւ Պէյրութէն ապահովելու համար անոնց անհրաժեշտ փաստաթուղթերը, որպէսզի անոնք կարենան ժամանել Պէյրութ: Լիբանանի մէջ գործող ...

1505Turkey

Թուրքիոյ Մէջ. Ածխահանքի Փլուզումէն Ետք Բողոքի Ցոյցեր

Էրտողանի խորհրդականը` ցուցարար մը հարուածելու ընթացքին Թուրքիոյ Մանիսա նահանգի Սոմա շրջանին մէջ գտնուող ածխահանքի մը մէջ տեղի ունեցած պայթումին պատճառած զոհերուն թիւը երէկ բարձրացաւ 282-ի: «Ակօս» շաբաթաթերթը կը հաղորդէ, որ դէպքէն ետք Թուրքիոյ տարբեր քաղաքներուն մէջ ցոյցեր տեղի ունեցած են: Պոլսոյ եւ Անգարայի մէջ ոստիկանութիւնը ցուցարարներուն դէմ բիրտ դիմադրութիւն ցոյց տուած է: Պոլսոյ որոշ շրջաններուն մէջ հասարակական տարբեր կազմակերպութիւններու կոչով...

AJ-1505

Ազգային Ժողովը Երկրորդ Ընթերցումով Ընդունեց «Կուտակային Կենսաթոշակներու Մասին» Օրէնքը

Երէկ Հայաստանի Ազգային ժողովի նիստին ընթացքին քուէարկութեան դրուեցաւ կառավարութեան կողմէ ներկայացուած «Կուտակային կենսաթոշակներու մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու նախագիծը երկրորդ ընթերցումով ընդունելու հարցը: Քուէարկութենէն առաջ խօսք առաւ Օրինաց երկիր կուսակցութեան պատգամաւոր Յովհաննէս Մարգարեան` ըսելով, որ Օրինաց երկիր կուսակցութեան ներկայացուցած էր առաջարկ` այդ նախագիծին վերաբերեալ: Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան եւ Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան պատգամաւոր Յակոբ Յակոբեան յայտնեցին, որ...

Giro-1505

«Պէտք Է Ճանաչումէն Անդին Անցնիլ Եւ Հատուցում Պահանջել» Ըսաւ Կիրօ Մանոյեան

Նկատի ունենալով Հարաւային Կովկասի մէջ  տեղի ունեցող զարգացումները, մասնաւորաբար` Ուքրանիոյ դէպքերը, Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի Հարաւային Կովկաս կատարած այցելութիւնը բաւական կարեւոր իրադարձութիւն էր. այս մասին երէկ «Ֆորում» մամլոյ ակումբին մէջ, լրագրողներու հետ հանդիպումին ընթացքին, յայտարարեց ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի գրասենեակի եւ քաղաքական հարցերու պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան: Ըստ Կիրօ Մանոյեանի, նախագահ Հոլլանտ ճիշդ շեշտադրումներ կատարած է Հայաստանի եւ հայութեան վերաբերեալ. «Եթէ...

IMG_3133

«Օսմանեան Կայսրութեան Հայերը» Աշխատութեան Ա. Հատորի Շնորհահանդէսը

Հովանաւորութեամբ Հայկազեան համալսարանին, գործակցութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան, երէկ` հինգշաբթի, 15 մայիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Օսմանեան կայսրութեան հայերը» աշխատութեան Ա. հատորին շնորհահանդէսը: Ձեռնարկը կազմակերպուեցաւ Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնին կազմակերպած «Լիբանանի հայերը» գիտաժողովին ծիրին մէջ, որ սկիզբ առած էր չորեքշաբթի, 14 մայիսին, Հայկազեան համալսարանին մէջ: Ձեռնարկին բացման խօսքը Համազգայինի «Վահէ...

1505kidajoghov

Հայկազեան Համալսարանին Մէջ Տեղի Ունեցան «Լիբանանի Հայերը» Գիտաժողովի Ա. Եւ Բ. Նիստերը

Երէկ` հինգշաբթի, 15 մայիսին Հայկազեան համալսարանին մէջ տեղի ունեցան «Լիբանանի հայերը» գիտաժողովի Ա. եւ Բ. նիստերը: Առաւօտեան Ա. նիստին դոկտ. Հուտա Քասաթլի ներկայացուց «Լուսանկարիչ Յովսէփ Մատէնեանը` լիբանանահայ լուսանկարիչներու ենթախորքին վրայ» նիւթով զեկուցումը, դոկտ. Անահիտ Տօնապետեան` «Արեւմտահայերէնի վիճակը Լիբանանի մէջ այսօր. իրողութիւններ եւ պատկերացումներ» նիւթով զեկուցումը, իսկ դոկտ. Արմէն Իւրնեշլեան` «Լիբանանահայ դպրոցի հայագիտական դասանիւթերու ուսուցիչը» նիւթով զեկուցումը: Յետմիջօրէի Բ. նիստին դոկտ....

1405arthuraghabekyan

Սկիզբ Տրուեցաւ Արցախի Ազգային Վիճակախաղի Երկրորդ Խաղարկութեան

Արթուր Աղաբեկեան 9 մայիսին Ստեփանակերտի մէջ սկիզբ առաւ Արցախի զարգացման եւ վերաբնակեցման ուղղուած ազգային վիճակախաղը: Մինչեւ 28 դեկտեմբեր Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի մէջ ապրող հայութիւնը կրնայ աջակցիլ Արցախի զարգացումին` գնելով ազգային վիճակախաղին տոմսերէն թէկուզ մէկ տոմս, որուն գինը երկու հազար դրամ է: «Արմէնփրես» լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի մը ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեան նշած է, որ այս տարի...

Շիֆ. «Միացեալ Նահանգներ Պէտք Է Շարունակեն  Ճնշում Գործադրել Ալիեւի Եւ Էրտողանի Վրայ,  Որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Վերջ Տան Պատերազմին»

Շիֆ Ցեղասպանութեան Եւ Քեսապի Հարցերը Քննարկած Է Էրտողանի Եւ Կիւլի Հետ

Էտըմ Շիֆ Միջին Արեւելքին վերաբերող շարք մը հարցեր քննելու նպատակով Թուրքիա այցելած Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսական պատուիրակութեան մաս կազմած է քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ, որ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի, նախագահ Ապտիւլլա Կիւլի ու այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ իր ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին քննարկումի նիւթ դարձուցած է Հայոց ցեղասպանութեան, Քեսապի հայութեան տեղահանութեան ու հայութիւնը յուզող հարցերը: Շիֆ Էրտողանի հետ ունեցած իր անջատ հանդիպումին ընթացքին...

1405haygaz-f

«Լիբանանի Հայ Գաղութը Ինծի Տուաւ Ինքնագիտակցութիւն Ու Ձեւաւորեց Զայն» Ըսաւ Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան

Կազմակերպութեամբ Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնին, երէկ` չորեքշաբթի, 14 մայիս 2014-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ «Լիբանանի հայերը» (Բ.) նիւթով գիտաժողովին: Ներկայութեամբ պետական, քաղաքական, ակադեմական, միութենական անձնաւորութիւններու եւ երիտասարդ համալսարանականներու կայացած այս ձեռնարկին բացումը կատարեց Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան, որ անդրադարձաւ գիտաժողովի ընդհանուր նիւթին` Լիբանանի հայերը` նշելով, որ ասիկա այս ծիրին մէջ կազմակերպուած գիտաժողովներու...

IMG-20140513-WA0001

«Հայ Դատը Այսօր» Հաղորդաշար. «Այլախոհ Թուրքերը Եւ Հայ Դատը»

Հարցազրոյցը վարեց` ԱՔԱՍԻԱ ՓՈԼԱՏԵԱՆ Լիբանանի Հայ դատի մարմինին նախաձեռնութեամբ, «Վանայ Ձայն» ձայնասփիւռի կայանէն սփռուող «Հայ դատը այսօր» հաղորդաշարին հիւրն էր «Արմինիըն Ուիքլի»-ի խմբագիր, դասախօս, լրագրող Խաչիկ Մուրատեան: ՀԱՐՑՈՒՄ.- Վերջին տասնամեակին զգալի է որոշ փոփոխութիւն մը թուրք ընկերութեան եւ մասնաւորապէս մտաւորական խաւին մէջ, որ վերջին տարիներու ընթացքին սկսած է յատուկ հետաքրքրութիւն ցուցաբերել Հայ դատին նկատմամբ, ոգեկոչել ապրիլ 24-ը եւ ընդհանրապէս դրական...

6347_b

Խմբագրական. Արեւմտեան Եւրոպայէն Հնչած Ձայնը. «Թէ՛ – Թէ՛»-ն Պէտք Է Աշխատի

Պետական այցով Երեւան ժամանած Ֆրանսայի նախագահին հանդիպումներն ու յայտարարութիւնները ընդհանուր մէկ խորապատկերի վրայ դիտարկելով կարելի է որոշ հետեւութիւններ ընել արցախեան հարցին, Հայոց ցեղասպանութեան ժխտողականութեան քրէականացման ուղղութեամբ Փարիզի դիրքորոշումին, ընդհանրապէս երկու երկիրներու միջպետական յարաբերութիւններու ներկայ իրավիճակին եւ յայտարարուած առաջադրանքին մասին: Այս բոլորին մէջ պէտք է առանձնացնել նախագահ Հոլլանտի յայտարարութիւնը Եւրոպական Միութեան հետ Հայաստանի Հանրապետութեան ընկերակցութեան անհրաժեշտութիւնը ընդգծող: Մանաւանդ ըմբռնելի նկատելով Հայաստանի...

6396_b

Հոլլանտ Անգամ Մը Եւս Շեշտեց Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Անհրաժեշտութիւնը

Երէկ Հայաստանի նախագահի նստավայրին մէջ տեղի ունեցաւ նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի միացեալ մամլոյ ասուլիսը: Հոլլանտ, անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին, յայտարարեց, որ կայ մէկ լուծում` Թուրքիոյ կողմէ ցեղասպանութեան ճանաչումը: Պատասխանելով լրագրողի մը հարցումին, թէ չի՞ կարծեր, որ եթէ Թուրքիա իսկապէս կը ցանկայ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորել, պէտք է պարզապէս քաղաքական կամք դրսեւորէ եւ վաւերացնէ Հայաստան -...

Page 851 of 885 1 … 850 851 852 … 885