Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երեւան Վճռական Ուղերձ Պարունակող Յատուկ Յայտարարութիւն Կ՛ակնկալէ Միջնորդներէն

May 12, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

1105NalbandianՀայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան շաբաթ օր արձագանգելով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիքի վերջին յայտարարութիւններուն ըսաւ, որ Հայաստան հետեւողականօրէն պիտի շարունակէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներուն հետ միացեալ ջանքերը` ազրպէյճանական – ղարաբաղեան տագնապի բացառապէս խաղաղ լուծման համար:

«Քառնեկի հաստատութեան մէջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահին ելոյթին մէջ կ՛ընդգծուի, որ «Միացեալ Նահանգներն ու Ռուսիան Ֆրանսայի հետ միասին ընդհանուր յանձնառութիւն ստանձնած են Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղութեան ու անվտանգութեան մասով» եւ պիտի շարունակեն միացեալ ջանքերը Մինսքի խմբակի շրջանակներուն մէջ` համախմբուած ըլլալով խնդիրի խաղաղ լուծման հասնելու նպատակին շուրջ», իր մեկնաբանութեան մէջ նշեց Նալբանդեան:

Ան ընդգծեց, որ Հայաստան, ի տարբերութիւն Ազրպէյճանի, բազմիցս բարձր գնահատած է եւ կարեւոր նկատած ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու ղեկավարներուն հետեւողական ջանքերը` աջակցելու տագնապի կողմերուն հիմնահարցին բացառապէս խաղաղ լուծումին հասնելու նպատակով:

«Ամերիկացի դիւանագէտը իրաւացի է, որ շարք մը առիթներով կողմերը գրեթէ եկած են համաձայնութեան եւ իբրեւ վերջին օրինակ կը բերէ Քազանի մէջ 2011 թուականի վեհաժողովը», նշեց Նալբանդեան` շարունակելով. «Յայտնի է, որ Պաքուի ետդարձներուն, միակողմանի առաւելութիւն կորզելու փորձերուն պատճառով կարելիութիւն չէ ընձեռուած յառաջընթաց արձանագրելու 2011 թուականի յունիսին Քազանի, 2011 թուականի մարտին` Սոչիի, 2010 թուականի հոկտեմբերին` Ասթրախանի, 2010 թուականի յունիսին` Ս. Փեթերսպուրկի վեհաժողովներուն, հակառակ անոր որ կողմերը մօտ եղած են համաձայնութիւններու: Յիշեցնեմ, որ Պաքուն նոյն ետդարձները կատարած է նաեւ նախապէս, օրինակ` Քազանէն տասը տարի առաջ, 2001 թուականին»:

Ամերիկացի դեսպանը, ըստ Նալբանդեանի, իրաւամբ անընդունելի կը նկատէ շփման գիծի երկայնքին շարունակուող արձակազէններու կրակոցները, մարդկային կորուստները` նշելով, որ այդպէս ալ ԵԱՀԿ-ի դէտերը չեն ստացած համապատասխան իրաւասութիւն եւ միջոցներ` բացայայտելու պատասխանատուները, կարելի չէ եղած նուազեցնել զինադադարի խախտման տարեկան հազարաւոր դրսեւորումները:

«Մենք բազմիցս, ինչպէս որ եռանախագահ երկիրները, կոչ ուղղած ենք յարգելու 1994 թուականի մայիսին ձեռք բերուած զինադադարի համաձայնութիւնը: Ազրպէյճան, ի տարբերութիւն Հայաստանի, մերժած է եւ կը շարունակէ մերժել համանախագահ երկիրներուն կողմէ զինադադարի դրութեան ամրապնդման, շփման գիծէն արձակազէններու հեռացման, զինադադարի խախտումներուն, միջադէպերու քննութեան մեքանիզմի ստեղծման վերաբերեալ բազմաթիւ առաջարկները», պնդեց Նալբանդեան` շեշտելով. «Ազրպէյճան ոչ միայն կը մերժէ այդ առաջարկները, այլեւ շարունակաբար կոպտօրէն կը խախտէ զինադադարը եւ սադրանքներ կը կազմակերպէ, չի յարգեր իր իսկ կողմէ ստանձնուած պարտաւորութիւնները` զինադադարի պահպանման եւ ամրապնդման վերաբերեալ` ոչ միայն 12 մայիս 1994-ին Ազրպէյճանի, Ղարաբաղի եւ Հայաստանի միջեւ հաստատուած զինադադարի պայմանները, այլ նաեւ 4 փետրուար 1995-ին զինադադարի ամրապնդման վերաբերեալ նոյն եռակողմ ձեւաչափով համաձայնութիւնը, որով Ազրպէյճան պարտաւորուած էր ձեռնպահ մնալ տագնապի սրումին նպաստող յայտարարութիւններէ, խախտումներու մասին անմիջապէս տեղեակ պահել հայկական կողմերը եւ միջնորդները, եւ ոչ թէ շինծու մեղադրանքներով սաստկացնել հակահայկական քարոզչութիւնը: Պաքուն տասնեակ տարիներէ ի վեր կը խախտէ այդ պարտաւորութիւնը»:

«Երկու օրէն կը լրանայ զինադադարի հաստատման 20-ամեակը, եւ կը կարծեմ, որ եռանախագահները պիտի օգտագործեն այդ կարեւորագոյն առիթը` հանդէս գալու վճռական ուղերձ պարունակող յատուկ յայտարարութեամբ: Կարեւոր է բացառել ուժի կիրարկումը` ատով իսկ առաւել բարենպաստ պայմաններ ստեղծել բանակցային հոլովոյթի յաջողութեան համար», յայտարարեց Է. Նալբանդեան:

 

Նախորդը

50 Տարուան Ընդմիջումէ Ետք. Հին Նիկոսիոյ Հայ Առաքելական Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ Պատարագ Մատուցուեցաւ

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.