Շաբաթ, 17 մայիսին տեղի ունեցած է Ազգային ժողովի ոչ իշխանական չորս ուժերու` ՀՅԴ-ի, Հայ ազգային քոնկրեսի, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան եւ Ժառանգութիւն կուսակցութեան խմբակցութիւններու հերթական հանդիպումը: Հանդիպումին քննարկուած է ՀՅԴ խմբակցութեան ներկայացուցած համամասնական համակարգին անցնելու օրինագիծը:
ՀՅԴ խմբակցութիւնը հրատապ նկատած է համամասնական ընտրական համակարգին անցնելու իրենց օրինագիծը, ինչ որ արժանացած է նաեւ քառեակի միասնական հաւանութեան: Չորս ոչ իշխանական խմբակցութիւնները նկատել տուած են, որ այն ընտրական համակարգը, որ գոյութիւն ունի Հայաստանի մէջ, ըստ էութեան կը նպաստէ համակարգի խեղաթիւրման, եւ մեծամասնական ընտրական համակարգով կ՛ընտրուին անոնք, որոնք կը նպաստեն իշխանութեան վերարտադրումին:
Հանդիպումին քննարկուած է նաեւ յառաջիկայ օրերուն կառավարութեան կողմէ Ազգային ժողովին ներկայացուելիք նոր նախագիծերու հարցը: Քառեակի քաղաքական ուժերու տեսակէտները այդ նախագիծերուն շուրջ բաւական մօտ են իրարու: Ուստի, բացառուած չէ, որ անոնք միասնական որոշումով հանդէս գան:
Հետագայ միասնական քաղաքական օրակարգերու եւ հանրային միջոցառումներու մասին քննարկումներ տեղի պիտի ունենան այս շաբթուան ընթացքին: Հաւանականութիւն կայ, որ տեղի ունենան միասնական հանրահաւաքներ, որոնց պահանջը եւ օրակարգը պիտի յստականայ յառաջիկայ օրերուն: Քառեակը անդրադարձած է նաեւ կուտակայինի վերաբերեալ օրինագիծին: Մօտ օրէն անոր մասին որոշում տալէ ետք այդ նախագիծը պիտի դրուի արտակարգ նիստի:


