Նախագահական Ընտրութեան Հինգերորդ Նիստը Եւս Չեղեալ Նկատուեցաւ Երեսփոխաններու Բաւարար Թիւի Չգոյութեան Պատճառով
Խորհրդարանին մէջ նախագահական ընտրութեան նիստը երէկ դարձեալ մատնուեցաւ նոյն ճակատագիրին, երբ նիստին ներկայ գտնուեցան միայն 75 երեսփոխաններ: Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ստիպուեցաւ չեղեալ նկատել նիստը: Պըրրի նիստը փակ յայտարարեց` երեսփոխաններու բաւարար թիւի չգոյութեան պատճառով: Նշենք, որ նախագահական ընտրութեան նիստերը կը մնան բաց, մինչեւ նախագահական նստաշրջանի աւարտը: Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը ամբողջութեամբ բացակայեցաւ նիստէն, մինչ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն...



















