Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խորհրդարանը Մերժեց Համամասնական Դրութեան Անցնելու Մասին Դաշնակցութեան Ներկայացուցած Օրինագիծը

May 22, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

2105AJԵրէկ Հայաստանի Ազգային ժողովը ձայներու 53 թեր, 66 դէմ եւ 3 ձեռնպահ յարաբերակցութեամբ մերժեց Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւորներ Արմէն Ռուստամեանի, Աղուան Վարդանեանի, Արծուիկ Մինասեանի եւ Արմէն Բաբայեանի ներկայացուցած օրինագիծը Հայաստանի Հանրապետութեան ընտրական օրէնսգիրքին, Ազգային ժողովի կանոնակարգ օրէնքին եւ «Սահմանադրական դատարանի մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու մասին, որոնց հիման վրայ կ՛առաջարկուի անցում կատարել հարիւր տոկոսնոց համամասնական ընտրակարգին:

Ազգային Ժողովի Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան խմբակցութեան ղեկավար Վահրամ Բաղդասարեան ելոյթ ունեցաւ` ըսելով, որ խնդիրը քննարկման կարիք ունի, եւ տրուած ըլլալով, որ յառաջիկային սահմանադրական փոփոխութիւններ պէտք է ըլլան, ուրեմն այս հանգրուանին  Հանրապետական կուսակցութիւնը դէմ պիտի քուէարկէ այդ օրինագիծին, որպէսզի հետագային ատիկա մանրամասն քննարկէ:

Վարդանեան. «Ե՞րբ Իրական Հաշուառում
Պիտի Կատարուի»

Երէկ Ազգային ժողովի նիստին, երբ կառավարութիւնը Ազգային ժողովի հաւանութեան ներկայացուցած էր իր ծրագիրը, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան հարցում ուղղեց վարչապետին: Նախ եւ առաջ ան նշեց, որ եթէ կառավարութիւնը իր հսկայական պատասխանատուութեամբ յաջողի, բոլորը ուրախ կ՛ըլլան, սակայն իրենց գնահատականը արդիւնքներով պայմանաւորուած կ՛ըլլայ: Աղուան Վարդանեան յայտնեց, որ առաջին հարցումը կը վերաբերի արցախեան ազատամարտի մասնակիցներուն, որոնց մասին կէտեր կան ծրագիրին մէջ, բայց պետութեան սուղ միջոցներով մինչեւ այսօր կարելի չէ եղած հարցը լուծել, ե՛ւ ընկերային, ե՛ւ բարոյահոգեբանական տեսանկիւնէն: Վարդանեան հարց տուաւ, որ արդեօք նոր կառավարութիւնը մտադիր չէ՞ իրական հաշուառում կատարել, թէ որո՛նք մասնակցած են ազատամարտին: Ըստ անոր, Շուշիի ազատագրման մասնակցած են մօտ հազար անձեր, բայց չորս հազար անձեր մետալ ստացած են Շուշիի ազատագրման համար: Եթէ իրական հաշուառում կատարուի, անշուշտ եթէ ուշ չէ, ապա այդ սուղ միջոցները կարելի պիտի ըլլայ աւելի արդիւնաւէտ օգտագործել:

Դաշնակցական պատգամաւորը հարցուց նաեւ, թէ նոր կառավարութեան համար կենսաթոշակային բարեփոխման նպատակը ի՞նչ է, ատիկա ընկերայի՞ն ոլորտի բարեփոխում է, թէ՞ տնտեսական: Եւ երրորդ հարցը, ըստ Վարդանեանի, արդէն թեւաւոր խօսքի վերածուած է: Վարչապետին ուղղելով խօսքը` Աղուան Վարդանեան հարց տուաւ, որ այն արտայայտութիւնը` պարտադիր, բայց ոչ պարտադրուած` ինչո՞ւ այդ արտայայտութիւնը չէ դրուած ծրագիրի պարտադիրի կէտին մէջ: Դաշնակցական պատգամաւորը յայտնեց, որ չորրորդ հարցը, որ խնդիրներուն մեծ մասը անկէ կը բխի, որ մենք մէկ բան կ՛ըսենք, մէկ բան կը յայտարարենք, բայց այլ բան կ՛ընենք. պատգամաւորը հետաքրքրուեցաւ վարչապետին անձնական վերաբերմունքով: Ըստ անոր, նախանցեալ օր վարչապետին ներկայութեամբ կատարուեցաւ  քուէարկութիւն` իրաւունք- պարտաւորութիւն բառերու վրայ խաղալով, քուէարկութիւն կատարուեցաւ եւ անցաւ: Վարդանեան  շեշտեց, որ եթէ այսպէս պիտի շարունակուի, վստահութեան խնդիրը պիտի դառնայ մեծագոյն խնդիրը:

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան, պատասխանելով հարցումներուն` նախ նշեց, որ Ազգային ժողովի քուէարկութիւններուն հետ ինք այլեւս կապ չունի եւ պատգամաւորներուն հարցն է իրենց կամքը ազատ արտայայտել: «Ինչ կը վերաբերի Արցախի ազատամարտի մասնակիցներուն, հաշուառման մասով, ձեզի հետ համաձայն եմ, պէտք է ունենանք յստակ հաշուառում: Հաշուի կ՛առնենք ձեր առաջարկը: Կուտակային բարեփոխման վերաբերեալ, ատիկա ընկերային բարեփոխում է, այլ ոչ թէ տնտեսական: Ի՞նչ կը նշանակէ պարտադիր, բայց ոչ պարտադրուած, ատիկա կը նշանակէ, որ մենք պիտի ընենք ամէն ինչ, որ մեր քաղաքացիներուն մօտ ընկերային լուրջ խնդիր չյառաջանայ: Ձեր հարցումին պատասխանը պիտի ըլլայ այն ծրարը, որ պիտի բերուի խորհրդարան, մեր բոլորին նպատակն է ունենալ այնպիսի օրէնք, որ կը բխի բոլորին շահերէն եւ հաշուի կ՛առնէ քաղաքական ուժերուն եւ քաղաքացիական նախաձեռնութիւններուն առաջարկները: Ատիկա շատ կարեւոր բարեփոխում է, թէ ի՛նչ ձեւով կը կատարուի, քիչ մը համբերենք, յունիս ամսուան ընթացքին զայն կը բերենք Ազգային ժողով», յայտնեց Աբրահամեան:

 

 

Նախորդը

Ըստ Թրայան Հրիսթիայի. Ղարաբաղեան Տագնապը Պէտք Է Լուծուի Մինսքի Խմբակի Ծիրին Մէջ

Յաջորդը

Ազրպէյճանական Գերութենէն Ազատած Ծերունի Մամիկոն Խոջոյեան Մահացաւ

RelatedPosts

Ղալիպաֆ. «Մեր Եօթը Պայմաններու  Կատարումէն Առաջ Բանակցութիւններ  Տեղի Պիտի Չունենան»
Գլխաւոր լուրեր

Ղալիպաֆ. «Մեր Եօթը Պայմաններու Կատարումէն Առաջ Բանակցութիւններ Տեղի Պիտի Չունենան»

November 25, 2026
Պաքու Բարձր Կը Գնահատէ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծէն Անկախութեան  Հռչակագիրին Յղման Վերացումը
Գլխաւոր լուրեր

Պաքու Բարձր Կը Գնահատէ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծէն Անկախութեան Հռչակագիրին Յղման Վերացումը

November 25, 2026
Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդները` Ֆրանսայի Նիս Քաղաքի Պատուոյ Քաղաքացիներ
Գլխաւոր լուրեր

Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդները` Ֆրանսայի Նիս Քաղաքի Պատուոյ Քաղաքացիներ

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։