Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Սարդարապատի Մէջ Հայերը Վաստկեցան Ապրելու Եւ Միջազգային Քաղաքական Ասպարէզ Վերադառնալու Իրաւունքը» Կ՛ըսէ Նախագահ Սարգսեան

May 30, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

6518_bՀայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան 28 մայիսին Սարդարապատի հերոսամարտի յուշահամալիրին մէջ Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան բարձրագոյն ղեկավարութեան հետ մասնակցեցաւ Հանրապետութեան տօնին նուիրուած տօնակատարութեան: Հանրապետութեան նախագահը ծաղկեպսակ զետեղեց Սարդարապատի ճակատամարտի հերոսներու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին եւ յարգանքի տուրք մատուցեց: Տօնակատարութեան ծիրին մէջ նախագահ Սարգսեան ընդունեց պատուոյ նուագախումբի հանդիսաւոր քայլերթը, հանդիսութեան մասնակիցներուն հետ դիտեց տօնին առիթով կազմակերպուած մշակութային կատարումը:

Տօնակատարութենէն ետք նախագահ Սերժ Սարգսեան այցելեց Սարդարապատի յուշահամալիրի Հայոց ազգագրութեան եւ ազատագրական պայքարի պատմութեան ազգային թանգարան, ուր տեղի ունեցաւ Հանրապետութեան տօնին առիթով կազմակերպուած պարգեւատրման արարողութիւնը:

Հանրապետութեան տօնին առիթով պետական պարգեւներ եւ կոչումներ շնորհուեցան գիտութեան, կրթութեան, տնտեսութեան, առողջապահութեան, մշակութային, արուեստի եւ մարմնակրթական մարզերու մէջ սփիւռքի շարք մը ներկայացուցիչներու, ինչպէս նաեւ հայոց բանակի խումբ մը զինուորներու: Նախագահ Սերժ Սարգսեան շնորհաւորեց պարգեւատրեալները Հանրապետութեան տօնին ու պետական բարձր պարգեւներու եւ կոչումներու արժանանալու առիթով եւ պարգեւատրման մասնակիցներուն յանձնեց պարգեւներ:

Նախագահ Սարգսեան նշեց, որ Սարդարապատի մէջ տեղի ունեցող արարողութիւնը առանձնայատուկ խորհուրդ ունի` տրուած ըլլալով, որ կ՛ընդգծուի հայ ժողովուրդի տարբեր սերունդներու կապը եւ ժառանգութիւնը: Նախագահը նշեց, որ ասով կը շեշտուի, որ բոլորին կատարած գործը նոյն ուղեծիրին մէջ է եւ ատիկա հայոց պետականութիւնն է, անոր պատմութիւնը եւ ներկան: «Զինուորականը, ուսուցիչը, գիտնականը, արուեստագէտը, բժիշկը մենք բոլորս մէկ ուղեծիրով ենք, որ կը կոչուի Հայաստանի Հանրապետութիւն», ընդգծեց նախագահ Սարգսեան:

Նախագահ Սարգսեան այս առիթով նաեւ հայ ժողովուրդին ուղղեց շնորհաւորական ուղերձ մը, որուն մէջ մասնաւորաբար կ՛ըսուի. «Եթէ մայիսեան հերոսամարտերում եւ մանաւանդ Սարդարապատում հայերը պարտուէին, ապա թուրքական զօրքերն անարգել մտնում էին Էջմիածին եւ Երեւան: Եթէ այդքանից յետոյ աշխարհի երեսին մնար հայ պատմաբան, ապա նա առանց մեծ դժուարութեան կարող էր հիմնաւորել, որ հայերի յաղթանակը առարկայականօրէն անհնար էր: Բոլոր փաստերը եւ ողջ իրականութիւնը կարծես մեր դէմ էին, բայց մենք փրկուեցինք այստեղ: Ինքներս վաստակեցինք ապրելու եւ միջազգային քաղաքական ասպարէզ վերադառնալու իրաւունքը»:

 

Նախորդը

Երեւանի Մէջ Պաշտօնական Բացումը Կատարուեցաւ Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութեան 7-րդ Պատգամաւորական Ժողովին

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Ղալիպաֆ. «Մեր Եօթը Պայմաններու  Կատարումէն Առաջ Բանակցութիւններ  Տեղի Պիտի Չունենան»
Գլխաւոր լուրեր

Ղալիպաֆ. «Մեր Եօթը Պայմաններու Կատարումէն Առաջ Բանակցութիւններ Տեղի Պիտի Չունենան»

November 25, 2026
Պաքու Բարձր Կը Գնահատէ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծէն Անկախութեան  Հռչակագիրին Յղման Վերացումը
Գլխաւոր լուրեր

Պաքու Բարձր Կը Գնահատէ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծէն Անկախութեան Հռչակագիրին Յղման Վերացումը

November 25, 2026
Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդները` Ֆրանսայի Նիս Քաղաքի Պատուոյ Քաղաքացիներ
Գլխաւոր լուրեր

Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդները` Ֆրանսայի Նիս Քաղաքի Պատուոյ Քաղաքացիներ

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։